50 Տարի Առաջ ( 24 Յուլիս 1962 )

Հայ Կեանք

ՀՅԴ Ամերիկայի Հանգանակութիւնը

Ինչպէս գրած էինք, ՀՅ Դաշնակցութեան Ամերիկայի մէջ կազմակերպած հանգանակութիւնը մեծ յաջողութեամբ պսակուած էր` արձանագրելով մօտ 180,000 տոլար:

Շատ մը կոմիտէութիւններու մէջ, սակայն, հանգանակութիւնը կը շարունակուի եւ նորեր կը մասնակցին նուիրատուութեան: Այսպէս, Ուստրի մէջ, ուր 5700 տոլար գոյացած էր կատարուած հանգանակութենէն, ընկերներն ու բարեկամները, սակայն, շարունակած են հանգանակութիւնը մինչեւ 15 յուլիս եւ գումարը բարձրացուցած են 1200 տոլարի:

Ուրիշ շրջաններու մէջ եւս կանգ չեն առած հանգանակութիւնները, եւ օրէ օր նոր նուիրատուութիւններ կ՛արձանագրուին:

Քաջագործ Հայուհի Մը Ֆրանսայի Մէջ

Անիէրաբնակ (Ֆրանսա) Ժաքլին Թիւթիւնճեան, 17-ամեայ հայուհի մը, անօրինակ քաջագործութեամբ մը արժանացած է իր թաղեցիներուն եւ պաշտօնական մարմիններու հիացումին: Արդարեւ, 4 յուլիս, չորեքշաբթի, Ժաքլին, իրենց դրացի նպարավաճառատան մէջ կը գտնուէր կարգ մը գնումներ ընելու համար, երբ դիմակաւոր կանկսթեր մը, զէն ի ձեռին, ներս կը խուժէ եւ կը սպառնայ սպաննել բոլորը, եթէ որեւէ շարժում ընեն: Նպարավաճառն ու այլ յաճախորդներ ահաբեկած` իրենց ձեռքերը վեր կը բարձրացնեն եւ աւազակը կը սկսի պարպել դրամարկղը, երբ… յանկարծ Ժաքլին շիշ մը վերցնելով` կ՛իջեցնէ գողին գլուխին: Արիւնլուայ եւ զգայազիրկ վիճակի մը մէջ գետին փռուող իրենց ընկերը տեսնելով` դուրսը պահակ սպասող չորս կանկսթերները աճապարանքով կը նետուին իրենց ինքնաշարժին մէջ ու խոյս կու տան: Քիչ յետոյ կը հասնին ոստիկանները եւ կը ձերբակալեն ոչ միայն ուշակորոյս պառկող աւազակը, այլեւ` անոր ընկերները: Ժաքլինի այս քաջագործութեան լուրը անմիջապէս կը տարածուի թաղեցիներուն մէջ:

Թուրք Թերթերու Զրպարտութիւնը

Անցած շաբաթ Պոլսոյ Ճիհանկիր թաղի մէկ յարկաբաժինին մէջ խժդժօրէն սպաննուած էր ֆրանսացի մանկամարդուհի մը: Թրքական թերթերը, առանց փաստ ունենալու, ենթադրաբար գրած էին, թէ ոճրագործը հայ մըն է: Պոլսոյ մեր հայրենակիցները ծանր մտահոգութեան եւ իրարանցումի մատնուած էին այդ զրպարտութեան պատճառով:

Այժմ ոճիրին մանրամասնութիւնները երեւան ելած ըլլալով` հասկցուած է, որ ոճրագործը 22-ամեայ ասորի երիտասարդ մըն է` Նոէլ Շորես, որ զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէ Երզնկայի մէջ:

Ժան–Ժագ Ռուսօ Հայկական Տարազով 

«Մանկավարժութեան հայրը» կոչուած Ժան-Ժաք Ռուսոյի ծննդեան 250-ամեակը կը տօնուի այս տարի եւրոպական երկիրներու, մանաւանդ Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ, որոնք չեն կրնար բաժնել իրենց միջեւ անուանի փիլիսոփան: Ծնած է 1712-ին Ժընեւ, եւ ապրած` արկածալից, աստանդական եւ անձկագին կեանք մը` յաճախ հալածուելով իր քաղաքական ու ընկերային գաղափարներուն պատճառով, որոնք մեկնակէտեր եղած են ֆրանսական յեղափոխութեան եւ վիպապաշտ գրականութեան համար: Իր անձնական կենցաղին մէջ ալ ինքնատիպ եղած է Ռուսօ` կրելով արեւելեան տարազ մը, որ «հայկական» կոչուած է, թերեւս` հայ դերձակի մը կողմէ պատրաստուած ըլլալուն պատճառով: Այսպէս, ակամայ, կամ գուցէ` գիտակցաբար «երազկոտ մենաւորը» իրեն հետ ամէն տեղ պտտցուցած է «հայ» մակդիրը եւ ծանօթացուցած` հայուն անունը: Այս նիւթին մասին Սարգիս Պօղոսեանի ֆրանսերէն յօդուածը լոյս տեսած է «Թրիպիւն տը Ժընեւ» թերթին Ռուսոյին նուիրուած բացառիկ թիւին մէջ:

Այնքան յատկանշական եղած է այս պարագան Ռուսիոյի համար, որ զուիցերիական կառավարութիւնը «հայկական» տարազով ներկայացուցած է զայն` 250ամեայ տարեդարձին առթիւ հրապարակուած դրոշմաթուղթին վրայ:

Թուրքիոյ Ծերակոյտին Նախագահը
Պատրիարքարանի
Մէջ

Թուրքիոյ ծերակոյտի նախագահ Իւրկիւպլիւ ամսոյս 18-ին փոխադարձ այցելութիւն մը տուած է Պոլսոյ հայ պատրիարքին: Մեծ պատիւներով ընդունուած է ան:

Իւրկիւպլիւ յայտնած է, որ երբ տարիներ առաջ Հալք կուսակցութեան ներկայացուցիչն էր, բազմաթիւ անգամներ այցելած է Գումգաբու, հետեւաբար թաղը անծանօթ չէր իրեն:

Պ. Մարթայեան պատմականը ըրած է Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանին եւ ըսած է, թէ անցած տարի պատրիարքութեան հաստատման 500-ամեակն էր: Պատմած է նաեւ Ֆաթիհի հրամանով 1461-ին հաստատուած էր հայոց պատրիարքական աթոռը:

Իւրկիւպլիւ հետաքրքրութեամբ հետեւած է տրուած բացատրութիւններուն: Հետաքրքրուած է նաեւ համայնքային հարցերով: Խոստացած է իր աջակցութիւնը բերել իր կալուածներու եւ վագըֆներու վարձքերու վերաբերեալ պատրիարքարանի ձեռնարկներուն:

Ծերակոյտի նախագահը մօտ մէկ ժամ սիրալիր տեսակցութիւն ունենալէ ետք պատրիարքին հետ, մեկնած է:

Share this Article
CATEGORIES