Բժշկագիտական. Ուղեղին Առնչուած Շարք Մը Հիւանդութիւններ Կարելի Է Դարմանել Միեւնոյն Դեղահատով…
Մայիսի սկիզբը բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ կարելի է ուղեղի շարք մը հիւանդութիւններ դարմանել` միեւնոյն տեսակի դեղահատը գործածելով:
Մասնագէտները գտած են, թէ ուղեղին ջիղերու բջիջներուն վնասող հիւանդութիւններուն մէջ բջիջներուն արտադրած բնասպիտները ճիշդ շարուածք չեն ունենար եւ հետեւաբար, թերի ծալուածք ունեցող բնասպիտներ կը կուտակուին ուղեղին մէջ: Երբ նշեալ բնասպիտներուն տարողութիւնը կը բարձրանայ ուղեղին մէջ, ապա բջիջները այդ երեւոյթին կը հակազդեն` կասեցնելով բոլոր նոր բնասպիտներուն արտադրութիւնը:
Սակայն, երբ բջիջները երկար ատեն նոր բնասպիտներ չեն արտադրեր, ապա անիկա պատճառ կը դառնայ անոնց փճանալուն` նկատի ունենալով, որ բնասպիտները անհրաժեշտ են բջիջներուն մէջ տեղի ունեցող տարբեր տեսակի փոխարկական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնք բջիջներուն տարբեր կերտուածքներուն կարեւոր բաղկացուցիչները կը կազմեն:
Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են ուղեղին մէջ մեծ տարողութեամբ կուտակուած թերի ծալուածք ունեցող բնասպիտները կասեցնել տուած են նոր բնասպիտներու արտադրութիւնը: Այսուհանդերձ, երբ մասնագէտները վերսկսեցնել տուած են բջիջներուն բնասպիտներու արտադրութիւնը, ապա անիկա կասեցուցած է բջիջներուն փճանալու գործընթացը եւ նպաստած է մուկերուն համեմատաբար աւելի երկար ապրելուն:
Յաւելեալ Ուսումնասիրութիւններ`
Անհրաժեշտ
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն փրոֆ. Ճիովաննա Մալուչի ըսած է, թէ մասնագէտները նպատակ ունեցած են ուղեղի բջիջներուն բնասպիտ վերարտադրել տալու ձեւը գտնելը եւ անտեսած են սխալ ծալուածք ունեցող բնասպիտները, քանի որ անոնք պիտի շարունակուին արտադրուիլ, այնքան ատեն որ ցարդ անյայտ մնացած պատճառներով ուղեղին մէջ յայտնուած կարգ մը հիւանդութիւններ պատճառ կը դառնան նման բնասպիտներու կազմութեան:
Թերի ծալուած բնասպիտներ կը կուտակուին Ալցայմըրի, Փարքինսընի եւ Հանթինկթընի նման ուղեղի մթագնում յառաջացնող հիւանդութիւններէն տառապող մարդոց ուղեղին մէջ:
Իւրաքանչիւր հիւանդութեան մէջ կը կուտակուի թերի ծալուածք ունեցող բնասպիտներու իւրայատուկ շարք մը, սակայն անոնք բոլորն ալ պատճառ կը դառնան ուղեղի բջիջներուն բնասպիտի արտադրութեան կասեցման եւ, հետեւաբար, այդ բջիջներուն փճացման:
Այսուհանդերձ, նման երեւոյթ մը հետեւցնել տուած է, որ եթէ կարելի ըլլայ այդ հիւանդութիւններէն մէկուն պատճառով բնասպիտ չարտադրող բջիջներուն մէջ վերսկսեցնել բնասպիտներուն արտադրութիւնը, ապա անիկա կարելի կ՛ըլլայ յաջողցնել նաեւ ուղեղի մնացեալ հիւանդութիւններուն պարագային, որոնք նոյնպէս պատճառ կը դառնան թերի ծալուածք ունեցող բնասպիտներու արտադրութեան:
Փրոֆ. Մալուչի ըսած է, թէ մասնագէտները ա՛յն պատկերացումը ունեցած են, թէ վերոնշեալ հիւանդութիւնները կարելի կ՛ըլլայ դարմանել միեւնոյն տեսակի դեղահատով, սակայն նման պատկերացում մը տակաւին իր սկզբնական հանգրուաններուն մէջ է եւ կը կարօտի որոշ ուսումնասիրութիւններու:
Բրիտանացի մասնիկային ջղակենսաբան Ռոճըր Մորիս մեծ նուաճում նկատած է ուղեղին ջիղերու բջիջներուն փճացման պատճառը հասկնալը: Ան աւելցուցած է, որ թէեւ ցարդ կարելի չէ եղած կասեցնել Ալցայմըրի, Փարքինսընի եւ Հանթինկթընի նման հիւանդութիւններու յառաջացումը, սակայն եթէ կարելի ըլլայ կասեցնել եւ կամ տեղքայլի մէջ պահել նշեալ հիւանդութիւններուն պատճառով ուղեղի ջիղերու բջիջներուն փճանալու գործընթացը, ապա անիկա եւս կրնայ իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ այդ հիւանդութիւններէն տառապող հիւանդներուն վիճակին վրայ:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւր՝
«Պի. Պի. Սի.»

