Բժշկագիտական. Գարիին Մէկ Բաղկացուցիչին Քիմիաբուժութեան Առընթեր Գործածութիւնը Աւելի Արդիւնաւէտ` Աղիքներու Քաղցկեղէ Տառապողներուն Տրուած Քիմիաբուժութեան

Վերջերս բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ նախաձեռնած են այնպիսի՛ ուսումնասիրութեան մը, որուն մէջ անոնք պիտի փորձարկեն աղիքներու քաղցկեղէ տառապող քիմիաբուժութիւն ստացող հիւանդներուն վրայ գարիին (հնդկահամեմ) քրքիումին կոչուած բաղկացուցիչին ունեցած ազդեցութիւնը:

Ծանօթ է արդէն, որ գարիին համեմներէն թուրմըրիքին քրքիումին կոչուած բաղկացուցիչը ունի առողջապահական շարք մը օգտակարութիւններ:

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ քրքիումինը կրնայ կասեցնել տարրալուծարանին մէջ աճող քաղցկեղի վերածուած բջիջներուն աճը: Քրքիումինին գործածութիւնը որոշ բարելաւում յառաջացուցած է նաեւ ուղեղի կաթուածէ ու մթագնումէ տառապող հիւանդներուն առողջական վիճակին մէջ:

Քաղցկեղներու ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներ բացատրած են, թէ երբ աղիքի քաղցկեղէ տառապող հիւանդներուն մարմնին մէջ տարածուի քաղցկեղը, ապա անոնց ընդհանրապէս կը տրուի քիմիաբուժութեան մէջ գործածուող երեք բաղկացուցիչներէ կազմուած խառնուրդ մը: Սակայն, ժամանակի ընթացքին, մասնագէտները նկատած են, թէ նման խառնուրդներ գրեթէ ո՛չ մէկ բարելաւում յառաջացուցած են անոնց կէսին մօտ, նոյնիսկ երբ մեծ տարողութիւններով ներարկուած են անոնց մարմնին մէջ:

Այսուհանդերձ, նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները ծրագրած են քրքիումինով պատրաստուած դեղահատեր տալ աղիքի քաղցկեղէ տառապող քառասուն հիւանդներու` անոնց քիմիաբուժութիւն ստանալէն եօթը օր առաջ, ինչպէս նաեւ` քիմիաբուժութեան ընթացքին:

Հարիւր Անգամ Աւելի Ազդեցիկ

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող բրիտանացի մասնագէտ փրոֆ. Ուիլիըմ Սթիուըրտ ըսած է, թէ նախապէս անասուններու վրայ կատարուած փորձարկումները ցոյց տուած են, թէ քիմիաբուժութեան առընթեր տրուած քրքիումինը հարիւր անգամ աւելի ազդեցիկ դարձուցած է դարմանումը, քան` երբ միայն քիմիաբուժութիւն տրուած է անասուններուն: Հետեւաբար, նման արդիւնքներ մղած են մասնագէտները իրենց փորձարկումներուն մէջ ներառելու նաեւ մարդիկը:

Փրոֆ. Սթիուըրտ բացատրած է, թէ քրքիումինը շատ աւելի դիւրազգաց դարձուցած է քաղցկեղի վերածուած բջիջները, ինչ որ շատ աւելի ազդեցիկ դարձուցած է համեմատաբար նուազ տարողութեամբ տրուած քիմիաբուժութիւնը եւ, հետեւաբար, նուազ եղած են այս վերջինին ժխտական ազդեցութիւնները` այդպիսով առիթ ստեղծելով դարմանումին երկարաձգման:

Փրոֆ. Սթիուըրտ նշած է նաեւ, թէ երբ որեւէ տեսակի քաղցկեղ տարածուի մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ, ապա անոր դարմանումը շատ աւելի կը բարդանայ, քանի որ նման հանգրուաններու մէջ մասնագէտներ կը ստիպուին բարձրացնել քիմիաբուժութեան տարողութիւնը, ինչ որ յաճախ ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ հիւանդներուն առողջական վիճակին վրայ, եւ կը մղէ մասնագէտները սահմանափակելու քիմիաբուժութեան տարողութիւնն ու տեւողութիւնը. սակայն նման սահմանափակումներ ապարդիւն կը դարձնեն քիմիաբուժութիւնը:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտները ըսած են, որ թէեւ քիմիաբուժութեան արդիւնաւէտութեան մէջ քրքիումինին ունեցած դերակատարութեան մասին ցարդ ձեռք ձգուած տուեալները տակաւին իրենց սկզբնական հանգրուաններուն մէջ են, սակայն քաղցկեղի դարմանումին արդիւնաւէտութեան վրայ կարգ մը բոյսերու պարունակած քիմիական բաղկացուցիչներուն ունեցած ազդեցութիւնը բաւական հետաքրքրական եղած է: Այսուհանդերձ, նշեալ բաղկացուցիչներուն միջոցով շատ հաւանաբար կարելի ըլլայ խոստմնալից զարգացումներ ապահովել հետագային քաղցկեղի դարմանումին հետ առնչուած դեղամիջոցներու պատրաստութեան մէջ:

Պատրաստեց՝ ՍՒԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւր՝
«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES