Բժշկագիտական. Մարմնի Բնական Պաշտպանութեան Համակարգը Քաղցկեղի Դէմ Պայքարելու Նոր Միջոց Մը Զինող Դեղահատը` Ազդեցիկ…
Քաղցկեղը դարմանող միջոցներ գտնելու կապակցաբար ուսումնասիրութիւններ կատարող մասնագէտներուն գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը յաճախ եղած է մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին քաղցկեղին դէմ լաւապէս չպայքարելու երեւոյթը: Մասնագէտները բացատրած են, թէ քաղցկեղի վերածուած ուռերը իրենց շուրջ կազմած են մասնիկային «վահան», մը, որ դիմադրած է մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին բջիջներուն յարձակումներուն:
Այսուհանդերձ, նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտներ յաջողած են պատրաստել այնպիսի՛ դեղահատ մը, որ կրցած է ուշագրաւ կերպով տկարացնել այդ վահանը` առիթ տալով նշեալ բջիջներուն սանձարձակօրէն շարժելու` այդպիսով կծկելով թոքերուն ու մորթին, ինչպէս նաեւ երիկամներուն մէջ յայտնուած ուռերը, որոնք ընդհանրապէս չեն ազդուած գոյութիւն ունեցող տարբեր դեղամիջոցներէն:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկահայ մասնագէտ տոքթ. Սիւզան Լ. Թոփալեան ըսած է, թէ սկզբնական փորձարկումներուն մէջ նկատի առնուած քաղցկեղէ տառապող հիւանդներուն առողջական վիճակին մէջ որոշ բարելաւումներ նկատուած են, երբ այս վերջիններուն տրուած է այդ նոր դեղահատը:
Տոքթ. Թոփալեան բացատրած է, թէ նշեալ հիւանդները երկար ատեն առաւելագոյն տարողութիւններով քիմիաբուժութիւն ստացած են, սակայն որեւէ բարելաւում չէ նկատուած անոնց մօտ, եւ ատեն մը ետք անոնց վիճակը այնքա՛ն ծնար եղած է, որ անոնց հետեւող մասնագէտները նախատեսած են, թէ անոնց կեանքին տեւողութիւնը հազիւ թէ քանի մը ամիս կրնայ ըլլալ:
Տոքթ. Թոփալեան խոստմնալից գտած է սկզբնական փորձարկումներէն ձեռք ձգուած արդիւնքները եւ ըսած է, թէ երբ քաղցկեղի վերածուած ուռերը կծկուած են, ապա անոնք վերստին աճած աւելի քան մէկ տարի, ինչ որ յաւելեալ առիթ ընձեռած է, որպէսզի չտարածուի քաղցկեղը, եւ աւելի արդիւնաւէտ դառնայ քիմիաբուժութիւնը:
Սանձարձակ Աշխուժութիւն`
Միայն Ուռերուն Շուրջ
Քաղցկեղի նորագոյն դեղահատը, որ պատրաստուած է Պրիսթոլ-Մայըրզ կոչուած ընկերութեան կողմէ, կարողութիւնը ունի կասեցնելու ծրագրուած մահ-1 կոչուած բնասպիտին քաղցկեղի բջիջներուն արտադրած մէկ բնասպիտին միանալու գործընթացը:
Ծրագրուած մահ-1 բնասպիտը կը գտնուի մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին թի. կոչուած բջիջներուն մակերեսին` այս վերջիններուն աշխուժ եղած ատեն: Երբ մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգը օտար բջիջներ եւ կամ մասնիկներ նկատէ մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ, ապա յատուկ ազդանշաններով աշխուժացնել կու տայ, թի.բջիջները, որոնք կ՛ուղղուին այդ օտար մարմիններուն վայրը եւ կ՛ոչնչացնեն զանոնք:
Մասնագէտները գտած են, թէ քաղցկեղի վերածուած բջիջներուն մեծ մասը կը կազմէ Փի.Տի.Էլ. 1 կոչուած բնասպիտը, որ միանալով ծրագրուած մահ-1 կոչուած բնասպիտին` անվնաս կը դարձնէ թի. բջիջները:
Այսուհանդերձ, նորագոյն դեղահատը կը պարունակէ յատուկ հակամարմին մը, որ թոյլ չի տար աշխուժացած թի. բջիջներուն մակերեսին եղող այդ բնասպիտին միանալու Փի. Տի. Էլ. 1 բնասպիտին: Այսուհանդերձ, թի. բջիջները կը պահեն իրենց աշխուժութիւնը եւ անարգել հասնելով քաղցկեղի բջիջներուն` կ՛ոչնչացնեն զանոնք:
Մասնագէտները վերոնշեալ դեղահատին արդիւնաւէտութիւնը հաստատելու նպատակով իրենց փորձարկումներուն մէջ ներառած են յառաջացած հանգրուաններու մէջ եղող տարբեր տեսակի քաղցկեղներէ տառապող երկու տարիւր իննսունվեց հոգի: Այսուհանդերձ, դեղահատը յաջորդաբար կծկած է թոքերու, մորթի ու երիկամներու քաղցկեղներէ տառապող հիւանդներուն տասնութ, քսանութ ու քսանեօթը առ հարիւրին ուռերը:
Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտները ուռերու կծկում չեն նկատած շագանակագեղձի ու աղիքի քաղցկեղներէ տառապող հիւանդներուն մօտ, որոնց թիւը փոքր եղած է վերոնշեալ փորձարկումներուն մէջ:
Մասնագէտները յայտնած եւ նաեւ, թէ փորձարկուող դեղահատը ժխտական ծանր ազդեցութիւն ունեցած է հիւանդներուն տասնչորս առ հարիւրին մօտ, ինչպէս նաեւ երեք հիւանդներ մահացած են թոքերու բորբոքումէ, որ, ըստ երեւոյթին, յառաջացած է դեղահատին պատճառով:
Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտները նկատած են, թէ թի. բջիջներուն մակերեսին յայտնուած բնասպիտին վրայ ազդող դեղահատին պարունակած հակամարմինը նշեալ բջիջներուն սանձարձակ աշխուժութիւն տուած է միայն ուռերուն շուրջ եղած ատեն եւ ո՛չ թէ` մարմնին առողջ բաժիններուն մէջ գտնուած հանգրուանին:
Դեղահատին նշեալ յատկութիւնը բաւական ուշագրաւ երեւոյթ մը նկատուած է մասնագէտներուն կողմէ, քանի որ անիկա նուազ ժխտական ազդեցութիւններ յառաջացուցած է մարդոց մարմնին առողջ բաժիններուն մէջ, իսկ քաղցկեղի վերածուած ուռերուն ոչնչացման գործընթացին մէջ անիկա ունեցած է շատ աւելի մեծ աշխուժութիւն:
Ինքնուրոյն Յատկութիւն
Նախորդ տարուան մէջ նշեալ դեղահատը արտադրող միեւնոյն ընկերութիւնը փորձարկած է քաղցկեղի դէմ պայքարող այլ տեսակի դեղահատը մը, որ թէեւ խոստմնալից արդիւնքներ ցոյց տուած է, սակայն, միւս կողմէ, անիկա չէ յաջողած մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին բջիջներուն աշխատանքը կեդրոնացնել միայն քաղցկեղի վերածուած ուռերուն շուրջ, եւ ատիկա ծանր ժխտական ազդեցութիւններ ունեցած է հիւանդներուն առողջական վիճակին վրայ. այդ պատճառով ալ կարելի չէ եղած վաւերացնել անոր գործածութիւնը:
Հետեւաբար մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին թի. բջիջներուն սանձարձակ գործունէութիւնը միայն ուռերուն վրայ կեդրոնացնելու նորագոյն դեղահատին յատկութիւնը մեծ նուաճում նկատուած է մասնագէտներուն համար:
Նորագոյն Դեղահատին Առընթեր,
Պատուաստներու Գործածութիւնը`
Արդիւնաւէտ
Թի. բջիջներուն մակերեսին եղող ծրագրուած մահ-1 բնասպիտը առաջին անգամ յայտնաբերուած է 1992-ին ճափոնցի մասնագէտ տոքթ. Թասուքու Հոնճոյի ու անոր պաշտօնակիցներուն կողմէ: Իսկ քաղցկեղի դէմ պայքարելու անոր ունեցած դերակատարութեան յստակացումը կատարուած է մօտաւորապէս տասը տարի առաջ տոքթ. Լայփինկ Չենի կողմէ, որ այն ատեն «Մայօ Քլինիք»ին մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարող մասնագէտ էր:
Տոքթ. Չեն ըսած է, թէ օրին մասնագէտներ փորձարկած են քաղցկեղի դէմ պայքարող պատուաստներ, որոնցմէ բաւական խոստմնալից արդիւնքներ ձեռք ձգուած են: Սակայն ծրագրուած մահ-1 կոչուած բնասպիտին Փի.Տի.Էլ.1 բնասպիտին միանալը պատճառ դարձած է ուռերուն շուրջ պատուաստներուն միջոցով աշխուժացած բնական պաշտպանութեան համակարգին ունեցած հակազդեցութեան կասեցման: Այսուհանդերձ, տոքթ. Չեն ըսած է, թէ նորագոյն դեղահատին առընթեր, նման պատուաստներու գործածութիւնը կրնայ շատ աւելի արդիւնաւէտ դարձնել քաղցկեղներուն դարմանումը:
Միւս կողմէ, սակայն, ան նշած է, թէ նորագոյն դեղահատին վրայ կատարուող փորձարկումները տակաւին իրենց սկզբնական հանգրուաններուն մէջ են, եւ անհրաժեշտ գտած է կատարել յաւելեալ փորձարկումներ` նախքան վերջնական եզրակացութիւններ կատարելը:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւր՝
«Տը Նիւ Եորք Թայմզ»



