Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 25-րդ Հունձքը

Երկուշաբթի, 9 յուլիս 2012-ի երեկոյեան, քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ  Եղիշէ Մանուկեան ազգային քոլեճի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, խնամակալութեան, ուսուցիչներուն, տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն, Շրջանաւարտից միութեան, աւարտական դասարանի  ծնողներուն եւ մեծաթիւ ներկաներու:

Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին առիթով բեմին կեդրոնը գրաւած էր հայկական մանրանկարչութեան մեծադիր էջ մը, իսկ երկու կողմերը մագաղաթներ` գիրքի ու գրականութեան նուիրուած տողերով:

Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ շրջանաւարտներու կատարողութեամբ` Լիբանանի  ու Հայաստանի քայլերգներով, ապա աւարտական դասարանէն Շողակաթ Սալխանեան, սրինգով ներկայացուց Սայաթ Նովայի « Քանի վուր ջան իմ» երաժշտական կտորը:

ԺԲ. Դասարանի աշակերտուհիները հանդէս եկան հայկական պարով մը, ապա ներկաները դիտեցին աւարտականներ Հերա Գանթարճեանի եւ Մարիա Քերթենեանի կողմէ պատրաստուած  տեսաերիզ մը, ուր հետաքրքրական ձեւով կը ներկայացուէր  քոլեճին մէջ աշակերտներուն անցուցած կեանքի հանգրուանները:

Աւարտականներ Ռիթա Տէր Մովսէսեան եւ Լոռի Տիշչեքենեան ասմունքեցին հայ գիրքին նուիրուած` իրենց իսկ գրած արաբերէն բանաստեղծութիւնը, իսկ  Քարլա Չագըրեան արտասանեց իր գրած հայերէն բանաստեղծութիւնը:

Արաբերէնով  ուղերձը կարդաց Թալին Սթանպուլեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ աւարտականները այս քոլեճը կը նկատեն իրենց երկրորդ տունը, ուր   մասնագէտ ուսուցիչներ իրենց  հոգատար խնամքին տակ թրծած են կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու ատակ, ուսումով զինուած բանակ մը: Ան անդրադարձաւ դասընկեր-դասընկերուհիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող այն  ջերմ  ու հարազատ կապին, որ ստեղծուած է այս  ընտանեկան յարկին տակ ու  շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք ա՛յս քոլեճը առաջնորդած են զիրենք, որպէսզի կարողանան իւրացնելու իրենց մայրենի լեզուն ու ծանօթանալ իրենց արմատներուն: Ան իր խօսքը աւարտեց` շեշտելով, որ թէեւ ինք ու իր դասընկերները  ֆիզիքապէս պիտի բաժնուին այս յարկէն, սակայն քոլէճը պիտի մնայ իրենց սրտին, մտքին ու հոգիին  մէջ`  իր յուշերով:

Անգլերէն ուղերձը կարդաց Դալար Զարիֆեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ դպրոցը ուսման մէկ մասնիկն է ու իրենք ուսման միջոցով  կրնան վառ պահել հայոց նախնիներուն կողմէ իրենց փոխանցուած գիտութեան ջահը: Ան շեշտեց,  թէ բաժանումի պահուն ամէն ինչ դարձած է ա՛լ աւելի քաղցր ու սիրելի: Ու իր խօսքի աւարտին շնորհաւորեց իր դասընկերներն ու անոնց ընտանիքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց օժանդակութեան ու քաջալերանքին համար:

ԺԱ. կարգէն Լոռի Գանթարճեան հանդէս եկաւ ողջերթով: Ան նշեց, թէ աւարտականները դարձած են իրենց քոյրերն ու եղբայրները եւ օրինակելի ընկերները: Ան աւելցուց. «Քիչ ետք պիտի փակէք ձեր կեանքի առաջին հատորը` դառնալու համար հեղինակը այն նոր հատորին, որ վաղուընէ սկսեալ պիտի սկսիք ստեղծել»: Ապա ան բարի երթ մաղթեց աւարտականներուն եւ կոչ ուղեց մի՛շտ յիշելու քոլեճը:

Հայերէն ուղերձով Նանոր Գալայճեան նկարագրեց աշակերտական կեանքը որպէս ծիլ մը, որ դարձաւ կոկոն ու ծաղիկ: Ան աւարտականներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին ու նոր տնօրէններուն, ուսուցիչներուն,  ծնողներուն, բարերարներուն, խնամակալութեան ու տիկնանց յանձնախումբին որոնք նուիրումով կը սատարեն քոլեճի վերելքին: Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Այսօր կը մեկնինք ո՛չ ցտեսութիւն ըսելով, այլ` վերադարձի խոստումով, մասնակցելու մեր դպրոցի բարգաւաճման աշխատանքին:

Ապա աւարտական դասարանի աշակերտները միասնաբար երգեցին «Վերջին զանգը», որմէ ետք խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան:

Ան ողջունելէ ետք ներկաները` ըսաւ, թէ աշակերտները կը քաղեն իրենց 15 տարուան աշխատանքին արդիւնքը եւ աւելցուց. «Դպրոցին առաքելութիւնը մեզի համար սրբազան երրորդութիւն մըն է` պատշաճ կրթութիւն, հայեցի դաստիարակութիւն ու մարդ արարածի կերտում: Կասկած չկայ, թէ ուսումնական գետնի վրայ քոլեճը կը գտնուի առաջատար դիրքի վրայ, վկայ` պետական քննութեանց մեր սաներուն համալսարաններու մէջ մեր շրջանաւարտներուն արձանագրած գերազանց  արդիւնքները»:  Ան իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղելով ըսաւ. «Դուք ազգին ծառայած կ՛ըլլաք, երբ ձեր ասպարէզին մէջ դառնաք յաջող անհատներ, յաջող հայեր:Այդ նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ են ամուր անհատականութիւնը եւ ազատ քննական միտքը»: Տնօրէնը նշեց, թէ 2012 տարին յատկանշական է, որովհետեւ թէ՛ Երեւանը հռչակուած է գիրքի միջազգային քաղաք,  թէ՛ Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտարարած է Հայ գիրքի տարի ու թէ՛ հայ տպագրութեան 500-ամեակն է: Ան  աւելցուց, թէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին մեր սերունդները պէտք է զինուին հայերէն գիրով ու հոգեմտաւոր արժէքներով: Զ. Ղազարեան  շնորհակալութիւն յայտնեց ամբողջ ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան ու  բոլոր այն ուսուցիչներուն, որոնք մօտէն հետեւեցան ու սատարեցին հանդէսի յաջողութեան:Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Գեղամ արք. Խաչերեանին եւ Ուսումնական խորհուրդին, քոլեճի խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան, բարերարներուն, ԼՕԽ-ին, հայրենակցական միութիւններուն, բարեսիրական հաստատութիւններուն ու ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք բարոյական թէ նիւթական  միջոցներով  սատարած են քոլեճին վերելքին:

Իր խօսքի աւարտին Զ. Ղազարեան բեմ հրաւիրեց ու ծաղկեփունջով պատուեց քոլեճի վաստակաւոր ուսուցիչ Կարօ Յովհաննէսեանը, որ հակառակ իր ուսուցչական տարիքը ամբողջացուցած ըլլալուն`  տնօրէնութեան առաջարկով եւ Ուսումնական խորհուրդին վաւերացումով պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը քոլեճին մէջ:

Ապա բեմ բարձրացաւ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ խօսք առնելով` անդրադարձաւ հայ դպրոցին սրբազան առաքելութեան: Ան երախտագիտութեան խօսք ուղեց ծնողներուն, որոնք  բարձր գիտակցութեամբ իրենց զաւակները հայկական դպրոց առաջնորդած են: Առաջնորդ սրբազանը  շրջանաւարտ սերունդը կոչեց «Հայ գիրքի ժառանգորդ սերունդ», մաղթելով, որ անոնք շարունակեն ներդրում ունենալ իրենց քոլէճի ու ազգի կեանքէն ներս:

Սրբազան հօր ու քոլեճի տնօրէնին ձեռամբ վկայական ստացան.

Կենսաբանութեան բաժանմունքէն` Գանթարճեան Հերա, Գալայճեան Նանոր, Հաւաթեան Շաղիկ, Չագըրեան Քարլա, Սթանպուլեան Թալին, Փաշայեան Ցոլեր, Քերթենեան Մարիա, Գուզուգեան Սեւակ:

Ընկերատնտեսագիտութեան բաժանմունքէն`Ապուհանեան Մարինա, Գիզիրեան Նաթալի, Զարիֆեան Դալար, Էքմեքճեան Անահիտ, Կարապետեան Մէյրի, Ներսէսեան Քրիսթինա, Պարտագճեան Սիրվարդ, Պէրպէրեան Արաքսի, Սալխանեան Շողակաթ, Տէր Վարդանեան Լենա, Տէր Մովսէսեան Ռիթա, Տեմիրճեան Կրէյս, Տիշչեքենեան Լոռի, Քիւրտեան Թաթիանա, Քեչեճեան Ժաք:

Ձեռնարկին պաշտօնական բաժնի աւարտէն ետք ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին շրջանաւարտներուն,  որմէ ետք  քոլեճի փոքր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Share this Article
CATEGORIES