Դաժան Եւ Արտասովոր Տուեալներ. Միացեալ Նահանգներ Սկսած Են Լքել Իրենց Դերակատարութիւնը` Իբրեւ Մարդկային Իրաւանց Համաշխարհային Ախոյեանի
ՃԻՄԻ ՔԱՐԹԸՐ
«Տի Նիու Եորք Թայմզ»
Բացայայտումները, թէ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ արտերկրի մէջ թիրախ կ՛ընտրեն սպաննուելիք անձեր, ներառեալ` ամերիկացի քաղաքացիներ, միայն ամէնէն վերջին եւ անհանգստացնող ապացոյցն են, թէ մեր երկրին մարդկային իրաւանաց խախտումները որքա՜ն հեռու կ՛երթան:
Այս զարգացումները սկսան 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական յարձակումներէն ետք, եւ արդէն իսկ արտօնուած եւ մագլցողական եղած են անկանոն ուժերու գործադիր եւ օրէնսդիր գործողութիւններով` առանց ընդհանուր հանրութեան ընդդիմութեան, այլախոհութեան: Ատոր իբրեւ արդիւնք` մեր երկիրը այս վճռական, կարեւոր հարցերուն մասին այլեւս չի կրնար բարոյական հեղինակութեամբ խօսիլ:
Մինչ երկիրը անցեալին սխալներ գործած էր, մարդկային իրաւանց համատարած խախտումները անցեալ տասնամեակին ապրեցան կտրուկ փոփոխութիւն մը եւ բոլորովին տարբեր եղան անցեալէն:
Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ, Մարդկային իրաւանաց համաշխարհային հռչակագիրը որդեգրուեցաւ 1948-ին` իբրեւ «աշխարհի մէջ ազատութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան հաստատման» գործօն:
Ասիկա յանդուգն եւ յստակ յանձնառութիւն մըն էր, թէ իշխանութիւնը եւ ուժը այլեւս չեն կրնար ծառայել իբրեւ քող` ճնշելու կամ վիրաւորելու համար մարդիկ, եւ թէ` ատիկա հաստատած է ամբողջ ժողովուրդին համար հաւասար իրաւունքներ` կեանքի, ազատութեան, անհատի անվտանգութեան, օրէնքի հաւասար պաշտպանութեան իրաւունք եւ տանջանքներէ, խոշտանգումներէ, կամայական կալանքէ եւ արտաքսումէ, աքսորէ զերծ մնալու ազատութիւն:
Հռչակագիրը վկայակոչուեցաւ մարդկային իրաւանց գործիչներու եւ միջազգային հանրութեան կողմէ, աշխարհի բռնատիրութիւնները ժողովրդավարութիւններով փոխարինելու եւ տեղական ու համաշխարհային հարցերուն մէջ իրաւունքի, օրէնքի գերակայութիւնը հաստատելու համար:
Մտահոգիչ է, որ այս սկզբունքները ամրացնելու փոխարէն` մեր կառավարութեան հակաահաբեկչական քաղաքականութիւնները այժմ յստակօրէն կը խախտեն, կ՛ոտնակոխեն հռչակագիրին 30 յօդուածներէն առնուազն 10-ն, ներառեալ` «դաժան, անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը վիրաւորող, նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատիժի» արգելքը:
Վերջին օրէնսդրութիւնը լիազօրեց նախագահը` անորոշ ժամանակով կալանաւորելու անձ մը, այն կասկածով, թէ ան կ՛անդամակցի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, կամ` «առնչուող ուժերու»: Ասիկա ընդարձակ, տարտամ իրաւունք, լիազօրութիւն մըն է, որ կարելի է չարաշահիլ առանց դատարաններու կամ Քոնկրեսին կողմէ իմաստալից վերահսկողութեան (օրէնքը այժմ առկախուած է դաշնակցային դատաւորի մը կողմէ): Այս օրէնքը կ՛ոտնակոխէ իրաւունքը խօսքի ազատութեան եւ անմեղ նկատուիլը մինչեւ յանցաւոր ապացուցուիլը. ասոնք երկու այլ իրաւունքներ են, որոնք ամրագրուած են հռչակագիրին մէջ:
Սպանութիւններու կամ անորոշ ժամանակով կալանքի համար ամերիկացի քաղաքացիներու թիրախ դառնալէ բացի, վերջին օրէնքները չեղեալ դարձուցած են 1978 թուականի Արտաքին հետախուզութեան վերահսկողութեան օրէնքը` արտօնելով մեր անձնականութեան իրաւունքներու աննախընթաց խախտումները, առանց արտօնագիրի հեռաձայնային լսումներ եւ մեր համացանցային հաղորդակցութիւններու պեղումը կառավարութեան կողմէ: Հանրածանօթ պետական օրէնքներ կ՛արտօնեն կալանաւորումը անհատներու` անոնց արտաքին տեսքին, աղօթած վայրին, կամ որու հետ կապ ունենալուն համար:
Չէր բաւեր կամայական այն կանոնը, թէ ո՛վ որ ամերիկեան անօդաչու օդանաւերու կամ յատուկ ուժերու կողմէ կը սպաննուի, ինքնաբերաբար թշնամի ահաբեկիչ կ՛անուանուի, անոր վրայ աւելցաւ այն, թէ զոհին մօտակայ անմեղ կիներու եւ երեխաներու մահը ընդունուեցաւ իբրեւ անխուսափելի:
Աֆղանիստանի մէջ քաղաքացիներու բնակարաններու վրայ այս տարի կատարուած աւելի քան 30 օդային յարձակումներէ ետք, երկրի նախագահ Համիտ Քարզայ պահանջեց վերջ դնել այդպիսի յարձակումներու, սակայն գործողութիւնը կը շարունակուի Փաքիստանի, Սոմալիի եւ Եմէնի մէջ, որոնք պատերազմական ոչ մէկ գօտիի մէջ կը գտնուին: Մենք չենք գիտեր, թէ այս յարձակումներուն ընթացքին քանի՛ հարիւր անմեղ քաղաքայիններ սպաննուած են: Իւրաքանչիւր յարձակում վաւերացուած է Ուաշինկթընի մէջ բարձրագոյն իշխանութեան կողմէ: Ասիկա անհաւատալի պիտի ըլլար նախկին ժամանակներուն մէջ:
Այս քաղաքականութիւնները յստակօրէն կ՛ազդեն ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան վրայ:
Գաղտնի սպասարկութեան եւ բանակի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ իրաւանց պաշտպաններ` թիրախ դարձած շրջաններու մէջ, կը հաստատեն, որ յատուկ ուժերու յարձակումներու մագլցումը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմը դարձուցած է զայրացած ընտանիքները, քաղաքացիական բնակչութիւնը մեր դէմ հանած է եւ արտօնած է ճնշող կառավարութիւններուն վկայակոչելու այսպիսի շարժումներ` արդարացնելու համար իրենց բռնապետական սեփական վարքագիծը:
Միաժամանակ Քուպայի Կուանթանամօ խարիսխին մէջ այժմ արգելափակուած են 169 անձեր:
Անոնց շուրջ 50 առ հարիւրը անմեղ հռչակուած է սակայն ազատութիւն ստանալու քիչ հաւանականութիւն ունի:
Ամերիկեան իշխանութիւնները բացայայտած են, որ վկայութիւններ ստանալու համար միայն զինուորական ատեաններու մէջ դատավարութեան ենթարկուածներէն քիչեր տանջանքներու ենթարկուած են` աւելի քան 100 անգամ ջրամոյն ըլլալով, կամ կիսաինքնագործ զէնքերով սարսափահար ըլլալով, ելեկտրական հոսանքի ցնցումներով, կամ` իրենց մայրերու սեռային բռնաբարումներու սպառնալիքներով: Ապշեցուցիչ կերպով այս փաստերը ամբաստանեալին կողմէ իբրեւ պաշտպանութիւն կարելի չէ օգտագործել, որովհետեւ կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ ատոնք պատահած են «ազգային ապահովութեան» քողին տակ: Մնացեալ բանտարկեալներուն մեծամասնութիւնը ամբաստանուելու եւ դատավարութեան ենթարկուելու հեռանկարը նոյնիսկ չունի:
Այն ժամանակ, երբ ժողովրդային յեղափոխութիւններու ալիքը ամբողջ աշխարհի մէջ կը բարձրանայ, Միացեալ Նահանգներ պէտք է հզօրացնեն եւ ոչ թէ տկարացնեն օրէնքի եւ արդարադատութեան սկզբունքներու կանոնները, որոնք թուարկուած են Մարդկային իրաւանց համաշխարհային հռչակագիրին մէջ: Բայց փոխանակ աշխարհը առաւել անվտանգ, ապահով ընելու` մարդկային միջազգային իրաւունքներու խախտումը, ոտնակոխումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ կը ջղագրգռէ մեր թշնամիները եւ կ՛օտարէ մեր բարեկամները:
Իբրեւ մտահոգ քաղաքայիններ` մենք պէտք է Ուաշինկթընը համոզենք, որպէսզի շրջէ ընթացքը եւ վերատիրանայ, վերականգնէ բարոյական ղեկավարութիւնը` ըստ մարդկային իրաւունքներու միջազգային չափանիշներուն, որոնք մենք պաշտօնապէս որդեգրած էինք իբրեւ մեր սեփականը եւ փայփայած` երկար տարիներու ընթացքին:
Ճիմի Քարթըր` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 39-րդ նախագահը, հիմնադիրն է «Քարթըր» կեդրոնին եւ դափնեկիր` 2002 թուականի նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի:

