Կարծիք. Ինչո՞ւ Պէտք Չէ Մեր Թրքական Մականունները Հայացնել

ՊԵՏՕ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Յաճախ ընկերային կամ աւելի լուրջ շրջանակներու մէջ նիւթ կ՛ըլլայ մեր մականուններուն, կամ` ազգանուններուն, ինչպէս Հայաստան կ՛ըսեն- շուրջ, որոնք հայերէն չեն, եւ շատեր ազգային գործ տարած ըլլալու մեծամտութեամբ կ՛առարկեն, թէ պէտք է հայացնել թրքական ծագում ունեցող մեր մականունները:

Օսմանեան, ռուսական, պարսկական եւ այլ ծագումով մեր մականունները անմիջականօրէն առնչուած են մեր պատմութեան հետ, իւրաքանչիւր մականուն, ազգանուն, կենդանի պատմութիւն մը, վաւերագրական մըն է հայ ժողովուրդին համար:

Առարկութեան համար նաեւ կ՛ըսուի, թէ քանի որ մենք ներկայիս ըլլալով երրորդ կամ չորրորդ սերունդ, այլեւս մենք մեր նախնիներուն արհեստը եւ արուեստը չունենալով, պէտք է «արդիականացնենք» մեր մականունները մեր ներկայ ասպարէզներուն հետ:

Հարց կու տամ, մեր ոչ հայ շրջանակներու մէջ, ներկայիս, քանի՞ն իր նախնիներէն ժառանգած մականունին հետ առնչուած ասպարէզին մէջ է: Արդեօ՞ք իւրաքանչիւր համալսարանական, հայ կամ ոչ, իր առաջին գործին հետ իր հօրմէ ստացած մականունն ալ կը փոխէ, կամ աւելի ուշ, գործի շատ հաւանական փոփոխութեան մը պարագային, կրկի՞ն մականունը պիտի փոխէ:

Ինչ կը վերաբերի մեր հայկական մականուններուն, արդեօ՞ք չենք գիտակցիր, որ մեր պատմութեան, էութեան մէկ ապրող մասնիկներն են անոնք: Կենդանի փաստ չէ՞, որ սփիւռքի մեծամասնութիւնը կրելով «…ճեան»-ով աւարտող մականուն, ո՛ր երկիրն ալ որ ըլլայ, թէ ինչո՞ւ օսմանեան-թրքական մականուն կը կրէ… արդեօք բաւարար փաստ չէ՞, որ անոր մեծ հայրերը ատենին Օսմանեան կայսրութեան մէջ դերձակներ, ներկարարներ, երկաթագործներ, քահանաներ, գծագրիչներ, բժիշկներ եղած են: Արդեօք այն արհեստաւորներուն յիշատակը, Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, մենք մեր ձեռքով ջնջած չե՞նք ըլլար. չզինե՛նք մեր դիմացիններուն ձեռքը, կեղծ հայրենասիրութեամբ, թէկուզ անզգալաբար, երբ ան մեզ թուլացնելու ամէ՛ն ջանք արդէն կը թափէ: Ո՞վ կրնայ մեզ վստահեցնել, թէ զանգուածային մականունափոխութիւն մը ճիշդ հակառակ արդիւնքը պիտի չտայ: Հասած ենք տեղ մը, երբ ներկայիս կան անձեր, որոնք կ՛ըսեն «մեծ հայրս հայ էր», անոնց գործն ալ դիւրացնենք, որ չփորձեն բացատրել թէ ինչո՞ւ, ի՞նչ պատճառով է հայութենէն իրենց հեռաւորութիւնը: Արդէն Յովսէփը դարձած է Ժոզեֆ, Պետրոսը` Փիթըր, Հրայրը` Հարի, իսկ իգական անունները վերանուանումի ալ պէտք չունին, քանի արդէն շատեր յարմարելու կամ նորոյթի համար` աւազանէն արդէն կը կոչուին «Նանսի»-ներ ու «Նաթալի»-ներ… Մականուններն ալ յարմարցնենք մեր իւրաքանչիւրին ապրած երկրին, եւ արդէն խարխափող սփիւռքին բանալիները մենք մեր ձեռքով յանձնած ըլլանք:

Օսմանեան ծագում ունեցող մեր մականունները հայ ժողովուրդի լինելիութեան, էութեան, ինքնութեան, պատկանելիութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի անբաժան մէկ մասը կը կազմեն. ցոյց կու տան, թէ ուրկէ՛ եկած ենք իբրեւ ժողովուրդ, թէ՛ պարտադրուա՛ծ ենք այս մականունները կրելու, առաւել եւս` պարտադրուած լքած ենք այն հողերը, ուր մեր պապերը իրենց արուեստն ու արհեստը կը բանեցնէին, թէ՛ բաց հաշիւներ ունինք, թէ` այդ բոլոր արհեստաւորներուն աշխատանոցները ո՛ւր կը գտնուէին ու ներկայիս ի՛նչ եղած են, որո՛ւ ձեռքն են, երբ Թուրքիան ներկայիս աշխարհի մեծագոյն տնտեսութիւններէն մէկն ունենալով` կը յոխորտայ. մեր պապերու ճակտի քրտինքին ու արեան կաթիլին գնով հասած է հոս…

Մեր մականունները այն կենդանի փաստն են, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ եղող ամբողջ միջին խաւ մը բնաջնջուեցաւ, որ աշխատաւոր, հողագործ, մտաւորական ժողովուրդ մը իր պապենական հողերէն բռնի ուժով քշուեցաւ: Շատեր կը փորձեն մեզ այն նոյն կայսրութեան «մակաբոյծ»-ներու դերը տալ: Մեր մականունները լաւագոյն փաստն են նման դիտաւորեալ միտումներու դէմ:

Ո՛չ, մեր մականունները պէտք չէ հայացնել: Յաջորդ քայլն ի՞նչ պիտի ըլլայ` մեր բառապաշարէն դո՞ւրս հանել պարսկական, յունական, լատինական ծագում ունեցող բառերը, կամ հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքէն դո՞ւրս գալ, մեր այբուբենէն «օ»-ն ու «ֆ»-ն դո՞ւրս ձգել… արդեօ՞ք պէտք է նոյն հասկացողութեամբ, յոյնն ալ «Փափազօղլու»-ն յունացնէ, սերպը «Քույումճի»-չը սերպացնէ, կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բնակիչը, որ արդէն ցեղերու միախառնման զոհն է հոն, ամերիկացնէ իր մականունը: Ո՛չ, անշո՛ւշտ ոչ: Անիկա միա՛կ բանն է, որ զինք կը կապէ իր հեռաւոր հայրենիքին հետ, որմէ պարտադրաբար կամ կամովին հեռացած է:

Ե՛նք, ինչ որ ենք, մեր անունով ու մականունով. համաշխարհայնացման այս օրերուն, ուր ամէն մարդ իր մշակոյթը` ճաշը, նուագը, սինեման, գիրքն ու գրականութիւնը յառաջ կը մղէ, ուրիշին հացին կարագը չդառնանք, ճակատաբաց ըսենք, թէ ուրկէ՛ եկած ենք, դաստիարակենք, սորվեցնենք ու բացատրենք, թէ ինչո՛ւ քրիստոնեայ հայը, որ ծնած է իր պապենական հողերէն դուրս, երրորդ, չորրորդ սերունդի հայը, կը կրէ օսմանեան ծագում ունեցող թրքական-արաբական մականուն…

Պէտք չէ՛ յարմարուողականութենէ ելլելով` նման վտանգաւոր քայլերու դիմենք:

Անձամբ` հայացնելու մասին հաւանաբար կը մտածեմ, երբ Ցեղասպանութիւնը ընդունուած է Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիոյ ներկայի պետութեան կողմէ, հատուցումները տրուած են, եւ այն հողերը, ուր մեր «պոյաճի», «տեմիրճի», «քիւրքճի», «պասթրմաճի» եւ «քեպապճի» պապերը իրենց քրտինքն ու արիւնը ձգած են, իրենց «մարմնի թերութիւններով», «պակսած անդամներով», «մարմնի տարօրինակութիւններով», «սովորութիւններով», «նկարագիրով», «արհեստով», «կենդանիներով» ու «ծննդավայրի վերաբերող» մականուններով` մեր ձեռքերն անցած ըլլան:

Պայքարը կը շարունակուի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES