Կիւնտիւզ Վասաֆի Հետաքրքրական Մեկնաբանութիւնը. «Ոչ Իսլամ»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Ռատիքալ»-ի նախանցեալ կիրակի, յաւելուածին մէջ սիւնակագիր Կիւնտիւզ Վասաֆ «Ոչ իսլամ» խորագրին ներքեւ կ՛անդրադառնար նիւթի մը, որ հետաքրքրական նոր մեկնաբանութիւն մը կը բերէր Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ընդունուած սովորամոլութեանց մը: «Ոչ իսլամ բացատրութիւնը, որ միշտ գործածուած է այս երկրին փոքրամասնութիւնները ցոյց տալու համար, ըստ հեղինակին, արտայայտութիւնն է այն ցեղապաշտ ոգիին, որ միշտ կայ թուրք հաւաքականութեան մէջ: «Եթէ նայինք մեր առօրեայ խօսակցական լեզուին, ըստ իս, Թուրքիոյ մէջ ապրող բնակչութեան 99 տոկոսը, առանց անդրադառնալու, ցեղապաշտ է», կ՛ըսէ Վասաֆ: «Մեր ծանօթներուն մէջ արդեօք մէկ հոգի կա՞յ, որ միչեւ այսօր «կեաւուր» բառը գործածած չըլլայ»:

Ըստ Վասաֆի, փոքրամասնութիւնները «ոչ իսլամ» կոչուած են, որպէսզի նուրբ ձեւով մը ցոյց տրուած ըլլայ անոնց տարբեր ըլլալը, եւ ասիկա Թուրքիոյ յատուկ է: Ուրիշ երկիրներու մէջ տեսնուա՞ծ է, որ մարդիկ իրենցմէ չեղողները կոչեն «ոչ քրիստոնեաներ, «ոչ պուտտայականներ», կամ «ոչ հինտուներ»: Թերեւս միայն հրեաներն են, որ իրենցմէ չեղողները կը կոչեն «կոյեմ»: Թուրքիոյ քաղաքագէտները, որոնք այնքան յաճախակի կերպով կը գործածեն «ոչ իսլամ» բացատրութիւնը, գիտե՞ն, որ այս բացատրութիւնը յանցագործութիւն պիտի նկատուի, եթէ Թուրքիա անդամակցի Եւրոմիութեան:

Կիւնտիւզ Վասաֆ իրաւամբ կանգ կ՛առնէ նաեւ թրքերէն «հոշկէօրիւ» բառին վրայ, զոր մենք կը թարգմանենք որպէս ներողամտութիւն կամ լայնախոհութիւն: Թուրք հաւաքականութիւնը յաճախ կը պարծենայ, որ ոչ իսլամներու նկատմամբ «հոշկէօրիւ» մը կայ երկրին մէջ, լայնախոհութիւն կամ  ներողամտութիւն մը, մինչդեռ, կ՛ըսէ ան, ի՞նչ կը նշանակէ այս բառը, մենք որո՞նց նկատմամբ լայնախոհ կամ ներողամիտ ենք: Օրինակ` եթէ մանուկ մը յանցանք մը գործէ անգիտութեան պատճառով, հօրը կ՛ըսենք. «Ներողամիտ եղիր տղուդ նկատմամբ, գիտնալով չէ, որ ըրաւ, անիկա մանուկ է դեռ»: Ներողամտութիւն ցոյց կը տրուի նաեւ կատուներուն կամ տուներու մէջ սնուցուած անասուններուն, որոնք սա կամ նա առարկան կը տապալեն, կը կոտրեն: Շատեր ուրեմն չեն անդրադառնար, թէ ինչպիսի ցեղապաշտութիւն արտայայտած կ՛ըլլան, երբ կ՛ըսեն, որ ոչ իսլամներու նկատմամբ լայնախոհութիւն ցոյց կու տան:

Կիւնտիւզ Վասաֆ կ՛եզրակացնէ` ըսելով, որ մեր ներքին ցեղապաշտութենէն փրկուած պիտի ըլլանք այն ատեն միայն, երբ «ոչ իսլամ»-ի կամ «լայնախոհութեան» նման բառերը պիտի նետենք պատմութեան աղբանոցին մէջ»:

 

Share this Article
CATEGORIES