«Ասոնք Ձեր Հողերն Են…». Սեբաստացի Հայերը Աղօթեցին Սեբաստիոյ Հայոց Գերեզմանատան Մէջ

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Հապերլեր» համացանցային կայքէջը կարճ տողերով արձագանգ կը հանդիսանայ այն ուխտագնացութեան, զոր սեբաստացի հայեր Միւռոն Ա. քահանայի առաջնորդութեամբ կատարեցին դէպի Սեբաստիա: Այս այցելութիւնը կազմակերպուած էր սեբաստացի հայերու եւ բարեկամներու միութեան կողմէ: Ուխտագնացութեան մասնակցեցան 217 ուղեւորներ:

Խումբը Սեբաստիա հասնելէ ետք, որպէս առաջին կայք, նախաճաշ մը ըրաւ քաղաքի կեդրոնէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ջերմիկ տաք ջուրերու ջերմուկի մէջ: Խումբը աւելի վերջ, Սեբաստիոյ մէջ բնակող այլ հայերու ալ ընկերակցութեամբ, գնաց քաղաքին կեդրոնը` Թաւրա թաղամասին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանատունը: Միւռոն Ա. քահանան հոս իրեն ընկերացողներու հետ միասին աղօթեց գերեզմանատան մէջ հանգչողներուն հոգւոցն ի հանգիստ: Հաւատացեալները մոմեր վառեցին: Միութեան անդամներէն Լեւոն Լեւոնեանն ալ հատուածներ կարդաց Աւետարանէն:

Միւռոն Ա. քահանան յիշեցուց, որ յաջորդ օր մեր հինգ կարեւոր տօներէն մէկն է, այդ պատճառով ալ աղօթքներ կարդացին հանգուցեալներուն հոգւոյն: Տէր հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց երկրի իշխանութիւններուն, որոնք արտօնեցին, որ այսպիսի այցելութիւն մը կատարուի գերեզմանատուն:

Ուխտաւորներուն խումբը աւելի վերջ Սեբաստիոյ քաղաքապետ Տողան Իւրկիւպին հիւրասիրութեամբ կէսօրուան ճաշ կերաւ քաղաքապետութեան փիքնիքի դաշտին մէջ: Ուխտագնացները ճաշէն ետք յուշատախտակ մը նուիրեցին քաղաքապետին: Քաղաքապետ Իւրկիւպ դիտել տուաւ, որ Սեբաստիոյ մէջ հայ բնակչութեան թիւը շատ նուազած է:

«Ձեզ միշտ կը սպասենք Սեբաստիոյ մէջ, պատրաստ ենք միշտ հիւրասիրելու ձեզ, ասոնք մեր հողերն են, այժմ ձեր հողերուն վրայ կը գտնուիք, մենք հոս ձեր անունով է, որ տէր կանգնած ենք: Միշտ կը սպասենք, որ գաք ու այցելէք ձեր այս հարազատ հայրենիքը», ըսաւ քաղաքապետ Իւրկիւպ:

 

Share this Article
CATEGORIES