Պաքուի Ջարդերէն Փախստականի Յուշերու Հրապարակում

Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ

Նորահաստատ «Հայպուքսօնլայն» (hybooksonline.com) հրատարակչատունը, որուն առաքելութիւնը ելեկտրոնային գիրքերու լոյս ընծայումն է, 17 յունիս, 2012-ին լոյս ընծայած է Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթի անգլերէնով «Nowhere, a Story of Exile» (Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն մը») յուշագրութիւնը:

Հեղինակը կը նկարագրէ իր մանկութիւնը: Ան իր մանկութիւնը կորսնցուցած է 1988-ին, Խորհրդային Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու քաղաքին մէջ:

Ոեւէ աղջնակի նման, ան ունեցած է իր երազներն ու ձգտումները: Սակայն անոր կեանքը գլխիվայր դարձած է, երբ ազերիները ձեռնարկած են ահաբեկչութեան եւ բռնի միջոցներով հայերու տեղահանութեան: Աննային ընտանիքը պարտադրուած է փախուստ տալ եւ ապաստանիլ Հայաստան, որ այդ ժամանակ կքած էր երկիրը հարուածած աղէտալի երկրաշարժին պատճառով  եւ ի վիճակի չէր ընդունելու ազրպէյճանական փոկրոմներու պատճառով տեղահանուած հարիւր հազարաւոր հայերը: Հայաստան հասնելէ ետք, ջեռուցումէ զուրկ նկուղի մը մէջ հաստատուած ու շրջափակուած երկրի մը պարտադրուած դժուարագոյն պայմաններուն մէջ ապրելով` Աննան դարձեալ ինքզինք կը գտնէ «դրսեցի»-ի կարգավիճակին մէջ, այս անգամ` ի՛ր իսկ ժողովուրդին մօտ ընդունելութիւն չգտնելով:

«Nowhere, a Story of Exile» հատորը սրտաճմլիկ վաւերագրութիւն մըն է, որ գրուած է պատանի աղջնակի մը պահած յուշագրութիւններուն ընդմէջէն: Յուշեր, որոնք կը նկարագրեն Պաքուի հակահայ կազմակերպուած ահաբեկչութիւնը, փախստականի իր կեանքը եւ ինքնութեան փնտռտուքի պայքարը. այս բոլորը կը զարգանան, մինչ փուլ կու գայ Խորհրդային Միութիւնը:

Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթի այս յուշագրութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Ազրպէյճանի հայութեան ապրած ահաւոր ողբերգութիւնը, որուն մասին հազուադէպօրէն կը խօսուի Արեւմուտքի մէջ: Իսկ Աննային ապրած անձնական ողբերգութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ ամբողջ աշխարհի տարածքին ցեղային զտումի զոհ երեխաներուն տառապանքը:

Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է 1992-ին` որպէս Պաքուէն փախած հայ ապաստանեալ: Ան Ամերիկայի քաղաքացի դարձած է 1997-ին: Իրաւաբանութիւն ուսանելով` Աննան մաս կազմած է ամերիկացիներու առաջին խմբակին, որոնք աշխատած են Լա Հէյի Ոճրադատ միջազգային ատեանին մէջ. Աննան ատեանին ծառայած է որպէս քարտուղար: Աւելի կանուխ ան որպէս դիտորդ ներկայ գտնուած է ՄԱԿ-ի նիստերուն, որոնց ընթացքին հիմնադրուած է յիշեալ ատեանը:

Աննան ներկայիս կը բնակի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ կ՛աշխատի ֆինանսական ծառայութիւններու մարզին մէջ: Ամուսնացած է եւ ունի երկու երեխայ:

Share this Article
CATEGORIES