«Կը Պատրաստուինք Սուրիոյ Դէմ Զինուորական Գործողութեան Մը, Եթէ Անոր Կառավարութիւնը Հըզպալլային Հրթիռներ Կամ Քիմիական Զէնքեր Յանձնէ» Կ՛ըսէ Պարաք
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտարարեց, որ Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ հաւանական զինուորական միջամտութեան մը կը պատրաստուի, եթէ սուրիական կառավարութիւնը Հըզպալլային հրթիռներ կամ քիմիական զէնքեր յանձնէ:
Պարաք իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք իսրայէլեան բանակին հրամայած է անհրաժեշտ տեղեկահաւաքը կատարել եւ պատրաստել այն, ինչ որ պէտք է, ի պահանջել հարկին գործողութեան մը գործադրութիւնը քննելու:
Ան աւելցուց, որ «կը հետեւինք արդիական համակարգերու, մասնաւորաբար հակաօդային կամ ցամաքէ-ցամաք մեծ հրթիռներու փոխանցման, սակայն նաեւ Սուրիայէն Լիբանան քիմիական զէնքերու փոխանցում կրնայ կատարուիլ»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, որ «այն պահուն, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումը կը սկսի, գաղտնի սպասարկութեան հսկողութիւն պիտի կատարենք եւ այլ գաղտնի սպասարկութեանց հետ կապ պիտի հաստատենք»:
Պարաք իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ասատի տապալումը պատճառ պիտի դառնայ, որ Սուրիոյ արդիական զէնքերը Հըզպալլայի ձեռքը անցնին»:


