Իրաքի Մէջ Ականահարումներու Շարք Մը 91 Զոհ Կը Խլէ

Ահաբեկչական յարձակումի մը պատճառած աւերը

Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի եւ անոր հիւսիսը տեղի ունեցած ականահարումներու շարք մը 91 զոհ եւ 172 վիրաւոր խլեց: Զոհերուն մեծամասնութիւնը ապահովական ուժերու անդամներ էին, որոնք կը թուին յարձակումներուն գլխաւոր թիրախը եղած ըլլալ:

Ամէնէն արիւնալի յարձակումներէն մէկը տեղի ունեցաւ Պաղտատէն քսան քիլոմեթր հիւսիս գտնուող եւ սիւննիներով բնակուած Թաժիի մէջ, ուր առնուազն 24 զոհ արձանագրուեցաւ:

Իրաքեան 13 քաղաքներ թիրախ դարձան յարձակումներուն, որոնք ըստ երեւոյթին համակարգուած էին:

Պաղտատի շիի թաղամաս Սատըրի մէջ կառավարական շէնքի մը դէմ յարձակում մը 12 զոհ պատճառեց: Առնուազն եօթը ականուած ինքնաշարժներ թիրախ դարձուցին հիւսիսային Իրաքի քարիւղով հարուստ Քերքուք քաղաքը:

Յարձակումի ենթարկուեցան նաեւ Տուլույա, Սաատիա, Խան Պենիսաատ, Թուզ Խուրմաթու եւ Տըպըս շրջանները:

Յարձակումներէն քանի մը օր առաջ ինքզինք իբրեւ Իրաքի մէջ Քայիտայի ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատին ամերիկեան ուժերուն անցեալ դեկտեմբերին հեռանալէն առաջ Քայիտայի նահանջած շրջաններուն վերատիրանալու նոր արշաւ մը յայտարարեց:

Ան ձայնագրուած պատգամի մը մէջ ըսաւ, որ «Իրաքի մէջ սիւննիներու մեծամասնութիւնը կը զօրակցի Քայիտայի եւ անոր վերադարձին կը սպասէ»:

 

Share this Article
CATEGORIES