Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռաշատ Սալամէ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ որեւէ գործողութիւն անմիտ եւ անխոհեմ գործողութիւն մը կը նկատուի, որովհետեւ անիկա պիտի բռնկեցնէ ամբողջ շրջանը:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը կը յայտնէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումը կրնայ աւելցնել Լիբանանի մէջ քաղաքացիական երկրորդ պատերազմի մը բռնկելուն հաւանականութիւնը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իր դէմ մահափորձին մասին յստակ տեղեկութիւններ ու փաստաթուղթեր ունի եւ զանոնք պիտի փոխանցէ երկրին ապահովական կառոյցներուն:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութիւնը կը դրուատէ Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականները դիմաւորելու կեցուածքը, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստին վերսկսելու հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութիւնը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ Լիբանանի օրէնքը ամէնօրեայ դրութեամբ կը բռնաբարուի Ելեկտրականութեան ընկերութեան դրան առջեւ:
ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի նախագահ Խալիլ Համտան յայտնեց, որ Սուրիոյ ծունկի գալն ու Դիմադրութեան ապազինումները պահանջողները քաղաքական մահաքունի մէջ կը գտնուին:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման կը փորձէ Եւրոպական խորհրդարանին վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի վերջինս Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ ներառէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր նախատեսեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը յետաձգուի եւ կամ վերածուի խորհրդակցական նիստի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի, իր խօսքը ուղղելով Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի, յայտնեց, որ այսուհետեւ սպառնալիքի ոճը ապարդիւն է, որովհետեւ սուրիական յեղափոխութիւնը կը մօտենայ իր յաղթանակի կերտման:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Ազգային երկխօսութեան դէմ չեն, այլ պայմաններ եւ պահանջներ ունին` մասնակցելու Ազգային երկխօսութեան նիստին:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ ընդդիմութիւնը պոյքոթի ենթարկած է Ազգային երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը, որովհետեւ ան անդրադարձած է, թէ անկարող է կառավարութիւնը տապալել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց կեցուածքը փոփոխութեան պիտի չենթարկեն, բացի երբ անոնց պահանջները կատարուին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յարձակում գործած է, երբ ան յայտարարած է Հըզպալլայի կեցուածքը` Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ եւ քննարկած Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ տարակարծութիւններն ու զանոնք լուծելու հեռանկարները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է հեռու մնալ սուրիական տագնապին ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններէն` շարունակելով Սուրիոյ նկատմամբ Լիբանանի չէզոք քաղաքականութիւնը:

