Շարպել Ընդունեց Փլամպլին

Փլամպլի եւ Շարպել

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Փլամպլի Շարպելը շնորհաւորեց Քուրայի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւնները կազմակերպելու եւ յաջողութեամբ կայացնելու առիթով:

Փլամպլի ընդգծեց, որ Քուրայի ընտրութիւնները դրական ապացոյց են, թէ 2013-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները հեզասահ կրնան ընթանալ, պայմանաւ որ սակայն ընտրական օրէնքը վաւերացուի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ հիւսիսային եւ արեւելեան Լիբանանի սահմաններուն վիճակը եւ շեշտուեցաւ Ազգային երկխօսութեան նիստին կարեւորութիւնը` մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու եւ ներքին կայունութիւնը ամրապնդելու առումով:

Share this Article
CATEGORIES