Տնտեսական Տագնապին Լուծման Վերաբերող Նիստ` Ճարտարարուեստի, Տնտեսութեան Եւ Երկրագործութեան Նախարարներուն Մասնակցութեամբ

Նիստէն պահ մը

Տնտեսութեան նախարարութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, ինչպէս նաեւ երեք նախարարութիւններուն բարձրաստիճան պաշտօնեաները:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ազատ առեւտուրի գօտիին եւ Լիբանանի ու զանազան երկիրներու միջեւ տնտեսական համաձայնութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Նիստէն ետք Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ նիստին ընթացքին նախարարները լրջօրէն քննարկած են Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական զգայուն պայմանները` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ Լիբանանի ներկայ տնտեսական իրավիճակն ու երկրին տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի մարզերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Նախարար Սապունճեան հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը հիմնուած ըլլայ երկրագործութեան ու ճարտարարուեստի մարզերուն, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան եւ քաղաքացիներուն մատուցուող ծառայութիւններուն վրայ:

Միւս կողմէ, Նիքոլա Նահհաս ընդգծեց, որ ռամատանի ընթացքին սննդամթերքի սակերուն արձանագրած սղութեան լոյսին տակ որոշուած է տարբեր շրջաններ առաքել Սպառողներու պաշտպանութեան խորհուրդին պատասխանատուները եւ սերտել արձանագրուած այդ ահաւոր սղութեան պատճառները:

 

Share this Article
CATEGORIES