Պուտայի Մէջ Ապահովութեան Ուժերը Կը Փճացնեն Հաշիշի Ցանքերը
Թմրեցուցիչի դէմ արշաւի գրասենեակը` գործակցութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին, երէկ Պաալպեքի Պուտայ շրջանին մէջ փճացուց հաշիշի ցանքերը:
Հաշիշի ցանքերը փճացնելու ընթացքին ապահովութեան ուժերը ենթարկուեցան կրակոցի, ինչպէս նաեւ անոնց դէմ արձակուեցան երեք հրասանդեր, որոնք վիրաւորեցին 2 զինուորներ եւ ներքին ապահովութեան ուժերու յատուկ երկու ինքնաշարժներ:
Սակայն աշխատանքը շարունակուեցաւ վերջ տալու համար այդ բոյսին գոյութեան:
Հաշիշի ցանքերու փճացման առումով, Թմրեցուցիչի դէմ արշաւի գրասենեակի նախագահ գնդ. Ատել Մաշմուշի յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը այդ աշխատանքը պիտի շարունակեն, մինչեւ հաշիշի բոլոր ցանքերուն փճացումը` պահպանելու համար Լիբանանի արժանապատուութիւնն ու վարքը:
«Եթէ հաշիշը չփճացնենք, ապա ան թոներով լիբանանեան ընկերութեան մէջ պիտի մնայ, իսկ եթէ հաշիշի փճացման պարագային փամփուշտ արձակուի, ապա մենք եւս պիտի կրակենք այդ փամփուշտները արձակողներուն ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ կ՛ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել բանակին, որ մեզի մնայուն կերպով կ՛օժանդակէ», ըսաւ Մաշմուշի:


