Սենտիքայական Աշխատանքի Համակարգումի Խորհուրդը Կ՛Ուղղուի Դէպի Գործադուլ Եւ Բողոքի Ցոյց
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ ապաստանող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին որոշ նախարարութիւններու միջեւ ժողովներ պիտի գումարուին` ճշդել կարենալու համար արաբական եւ միջազգային հաղորդակցութեանց արշաւը, որ պիտի կատարուի` օժանդակելու համար Լիբանանի կառավարութեան եւ հասնելու համար լիբանանցի գաղթականներուն կարիքները ապահովելու աշխատանքին:
Վարչապետ Միքաթի նախագահեց յաւելումները ճշդող նախարարական նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով նախարարներ:
Նիստէն ետք աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու օրէնքին 15-րդ յօդուածին համաձայն, պետական մարզի պաշտօնեաներուն արգիլուած է գործադուլ կատարել` աւելցնելով, որ երբ կը խօսինք հարիւր հազար լիբանանցի աշակերտներու քննութիւնները սրբագրելու մասին, մենք անոնց ապագան` համալսարան յաճախելու եւ կամ վերաքննութեան ներկայանալու կարելիութիւնները արգելակած կ՛ըլլանք:
Ժրայսաթի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը նկատի ունեցած է Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդին պահանջներուն 80 առ հարիւրը, սակայն լիբանանցիները պէտք է գիտնան, որ կառավարութիւնը նման ճնշումի տակ չի կրնար գործել: Ան նշեց, որ նման ճնշումներու բանեցումը սենտիքաներուն, կառավարութեան եւ լիբանանցիներուն վայել չէ:
Ժրայսաթի ընդգծեց, որ նախարարական այս յանձնախումբը յառաջիկայ 30 յուլիսին պիտի գումարէ այլ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ պետական այլ մարզերու պաշտօնեաներուն պահանջները եւ հիմնուելով ելեւմուտքի նախարարութեան ներկայացնելիք ծրագիրին վրայ իր որոշումները պիտի փոխանցէ կառավարութեան:
«Իսկ ես, իբրեւ աշխատանքի նախարար, կոչ կ՛ուղղեմ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդին միասնական աշխատանք տանելու եւ ապրուստի վերաբերող պահանջներուն պարագային միատեղ ջանքեր ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք իրագործել», ըսաւ ան:
Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի, որ վարչապետին յանձնեց Իրանի Ա. փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմիէն երկու նամակ, որոնցմէ առաջինը կը շնորհաւորէր լիբանանցիներն ու Դիմադրութիւնը` յուլիսեան պատերազմին յաղթանակին առիթով, իսկ երկրորդը կը շնորհաւորէր վարչապետը ռամատանի առիթով:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի հետ` քննարկելու համար նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Վարչապետին այցելեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտ:
ՄԻՒՍ կողմէ, Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն շարունակելու պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը կասեցնելու իր առումով իրենց պոյքոթի կեցուածքը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց պետական մարզի պաշտօնեաներուն մասնակցելու այսօրուան գործադուլին, որ պիտի սկսի իւրաքանչիւր նախարարութեան դիմաց, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ մասնակցելու վաղը` չորեքշաբթի, 25 յուլիսին տեղի ունենալիք կեդրոնական ցոյց-քայլարշաւին, որ պիտի սկսի Պարպիրէն ուղղուելով մինչեւ վարչապետարան:


