«Երկխօսութիւնը Հրամայական Պահանջ Է» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի քաղաքական կեանքին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ անոր յարաբերութիւններուն:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հանգիստ է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ եւ ան բաց է քաղաքական բոլոր ընտրանքներուն` նպատակ ունենալով հասնիլ աւելի լայն դաշինքներու, որոնք կ՛ընդգրկեն քրիստոնեայ բոլոր կողմերը:
Պատասխանելով Ամին Ժեմայէլին հետ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումին մասին հարցումի մը` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այդ հանդիպումին նպատակն էր փակել անցեալի ամպոտ էջերը եւ նոր հանգրուանի մը սկսիլ: «Այսօրուան դրութեամբ ՀՅԴ-ն Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ քաղաքական հիմնախնդիրներ չունի եւ կը նախընտրէ քննարկել այն հարցերը, որոնք միացեալ են իրենց միջեւ», ըսաւ ան:
ՀՅԴ-ի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան միջեւ ընտրական դաշինք մը գոյացնելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ նման դաշինք մը կարելի է, յատկապէս սրտերու լուացման հանդիպումէն եւ անցեալի օրերն ու յարաբերութիւնները վերյիշելէ ետք:
«Փոխադարձ գործակցութեան չգոյութիւնը պարզապէս ձեւական էր եւ անիկա աւարտեցաւ այցելութիւնը փոխադարձելով», նշեց ան եւ անդրադարձաւ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, երբ լիբանանահայութեան քուէներուն մէկ կարեւոր բաժինը յատկացուեցաւ Սամի Ժեմայէլի, նոյնիսկ եթէ ան կը մերժէ ընդունիլ այդ իրականութիւնը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները լաւ են, եւ որովհետեւ ՀՅԴ-ն կը հաւատայ պատշիրային յարաբերութիւններուն, ապա ան անհրաժեշտ նկատած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի այցելութիւնը: «Ժահժահ ներկայացուցչութեան յարգելի կարողութիւն մը ունի, եւ մենք կը գնահատենք մեզի նկատմամբ անոր առած քայլերը, բայց եւ այնպէս մեր միջեւ քաղաքական տարակարծութիւնները աւելի շատ են, քան այն կէտերը, որոնց շուրջ համակարծիք ենք», նշեց երեսփոխան Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը աւելցուց, որ երեսփոխան Միշել Մըրի հետ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւնը տարբեր է քաղաքական որեւէ այլ յարաբերութենէ: Այդ յարաբերութիւնը փոխադարձ այցելութիւններէն եւ պաշտօնական հանդիպումներէն աւելի է: «Մենք միշտ մեղրալուսնի մէջ ենք եւ մնայուն կերպով կը հանդիպինք: Սակայն մինչեւ օրս տակաւին յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մանրամասնութիւնները չենք քննարկած», յայտնեց ան:
«Միւս կողմէ, սակայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն էր, որ նախաձեռնեց մեզի հետ դաշնակցիլ` մերժելով հայութեան ձայնին եւ որոշումին լուսանցքայնացումը, ինչպէս նաեւ մերժեց կառավարութեան մաս կազմել` առանց ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչին: Այս իրականութիւնը ՀՅԴ-ի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ դաշինքը անքակտելի կը պահէ, առանց ՀՅԴ-ին յանձնառութիւններ պարտադրելու: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին մաս կազմելու եւ իր ազատ որոշումը պահելու ՀՅԴ-ի լաւագոյն օրինակն է այն, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը առաջադրած էր Սաատ Հարիրիի անունը` վարչապետի պաշտօնին համար կատարուած երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ ՀՅԴ-ի հարցը քաղաքական բնոյթով չի սահմանափակուիր, այլ նաեւ` ընտրական: «2009-ին, Սաատ Հարիրի ՀՅԴ-ին առաջարկեց Պէյրութի մէջ ունենալ երկու երեսփոխաններ, որոնցմէ մէկը Պէյրութի երկրորդ ընտրաշրջանին մէջ պիտի ընտրուէր մրցակիցի չգոյութեան իբրեւ արդիւնք, սակայն այս առաջարկին իբրեւ փոխադարձ ՀՅԴ-ն Պէյրութի, Մեթնի եւ Զահլէի շրջաններուն մէջ պիտի քուէարկէր ի նպաստ 17 թեկնածուի, որոնք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն թեկնածուներն էին: Այս պատճառով ՀՅԴ-ն մերժեց սակարկութեան ենթարկել իր քաղաքական սկզբունքներն ու համոզումները», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը սուրիական վարչակարգին գովքը հիւսող կուսակցութիւն նկատողներուն պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ Սուրիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները հաւասարութեան վրայ հիմնուած են` աւելցնելով, որ զիրենք միացնողը փոխադարձ յարգանքն է: «Մենք Դամասկոսի հետ շահեր չունինք եւ ոչ ալ Դամասկոսի մէջ յարկաբաժիններ ու պալատներ ունինք, իսկ մեր պատմութիւնը երբեք չի կրեր դէպի Դամասկոս երթուդարձի աշխուժ էջեր, երբ տակաւին Սուրիա Լիբանանի մէջ ներկայութիւն էր: Նման էջեր եւ սուրիական ուժերուն Լիբանանէն հեռացումէն ետք քաղաքական կեցուածքներու փոփոխութիւններ այլոց պատմութեան մէջ կը գտնուին», ըսաւ ան:
2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի ընտրական զարթուցիչը տակաւին չէ հնչած, սակայն ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան աշխուժ վիճակի մէջ է:
«Մանար»-ի Հետ «Հրամայական Պահանջ Է Երկխօսութիւնը»
Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին, երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան հիմնուած է համայնքներու համերաշխ գոյակցութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ համախոհութեան վրայ, որոնց հիմքը կը նկատուի երկխօսութիւնը: Երկխօսութիւնը է եւ կը մնայ Լիբանանի մէջ միակ միջոցը` ներքին խնդիրները լուծելու:
Հարցումի մը պատասխանելով` Բագրատունի ըսաւ, որ երկխօսութեան կարելի չէ մօտենալ պայմաններով: Երկխօսութիւնը կը կատարուի առանց նախապայմանի: Ու այս իմաստով տրամաբանական չէ Մարտ 14-ի ուժերու հաղորդակցութեանց տուեալներու պահանջը իբրեւ նախապայման գործածելու Ազգային երկխօսութեան խորհուրդին մասնակցութեան, անկախ այն իրողութենէն, որ տուեալներուն հարցը օրինական հաստատութեանց միջոցով լուծելի է: Բագրատունի աւելցուց, որ լիբանանցի ամէն քաղաքացի ենթակայ է վտանգի, սպանութեան կամ խափանարարութեան, եւ այս իմաստով նաեւ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդին մասնակցութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է:
Արտաքին ճնշումներու տակ իրենց մասնակցութիւնը առկախելու Մարտ 14-ի ուժերուն որոշումին շուրջ հարցումի մը պատասխանելով` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը յոյս յայտնեց, որ այդ որոշումը բխած ըլլայ ներքին համոզումէ եւ չըլլայ օտար ճնշումի հետեւանք` աւելցնելով, որ կը յուսայ, որ Մարտ 14-ի ուժերը վերատեսութեան ենթարկեն իրենց որոշումը:
Բագրատունի եզրափակեց ըսելով, որ յատկապէս լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումներու ներկայ հանգրուանին հրամայական պահանջ է երկխօսութիւնը:

