Ըստ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բանբերին «Ղարաբաղի Ընտրութիւնը Հայաստանի Նոր Գրգռութիւնն Է»

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ ըսած է, որ Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնը Հայաստանի կողմէ կատարուած նոր գրգռութիւն մըն է` աւելցնելով, որ այս ընտրութիւնը մեծ հարուած պիտի տայ հաշտութեան բանակցութիւններուն, ա՛լ աւելի վտանգի պիտի մատնէ հողատարածքի անվտանգութիւնը:

Ապտուլլայեւ յայտնած է, որ 21-րդ դարուն այլեւս աշխարհի պետութիւնները անընդունելի կը նկատեն սահմաններու փոփոխութիւնը: «Կատարուած ընտրութիւնը նոր գրգռութիւն մըն է, որուն նպատակն է քողարկել Հայաստանի յանցագործութիւնը, բայց աշխարհ այլեւս չ՛ընդունիր այսպիսի արարքներ», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES