Նախորդ Շաբաթ Զինադադարի Դրութիւնը Խախտեցաւ 300 Անգամ

Նախորդ շաբաթ` 15-էն 21 յուլիսին ինկած ժամանակահատուածին մէջ, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 300 անգամ. տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 1500 կրակոցներ:

Բանակի յառաջապահ զօրամասերը հիմնականին մէջ ձեռնպահ մնացած են հակառակորդի  սադրիչ գործողութիւններուն պատասխանելէն եւ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկած են` շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ մարտական դիրքերու պաշտպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES