Ռոպերթ Արզումանեան Փորձառական Շրջան Մը Պիտի Անցընէ Մորտովիայի Հետ

ArmFootball.com կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան երէկ փորձառական շրջանի մը սկսաւ Մորտովիա Սարանսքիի հետ, որ այս տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր-լիկ»-ի ախոյեանութեան:

Նշենք, որ անիկա այս տարեշրջանին իր կատարած առաջին մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լոքոմոթիւ Մոսկուայէն:

Արզումանեան վերջին շրջանին շատ հազուադէպօրէն կը տեսնուէր Պելոսթոքի (Լեհաստան) կազմին մէջ` նկատի ունենալով, որ նոր տարեշրջանին նախօրեակին խումբի մարզիչ Թոմաս Հայթօ կ՛ըսէր, որ իր ծրագիրներուն մէջ չունի Արզումանեանը:

 

Share this Article
CATEGORIES