Էրտողան Ամէն Գնով Կ՛ուզէ Յառաջ Քշել Պոլսոյ Թեկնածութիւնը` 2020-ի Ողիմպիական Խաղերուն Համար

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ այս շաբթուան ընթացքին պիտի մեկնի Լոնտոն` 2012-ի ողիմպիական խաղերուն համար, ամէն գնով պիտի պայքարի յառաջ քշելու համար Պոլսոյ թեկնածութիւնը` 2020-ի ողիմպիական խաղերուն հիւրընկալ քաղաքը դառնալու համար:

Նշենք, որ Պոլիս Մատրիտի եւ Թոքիոյի նման իր թեկնածութիւնը առաջադրած է հիւրընկալելու համար 2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը: Նշենք, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն խաղերը հիւրընկալող քաղաքին անունը պիտի յայտարարէ սեպտեմբեր 2013-ին:

Պոլսոյ թեկնածութիւնը առաջադրած յանձնախումբի նախագահ Հասան Արաթ ըսաւ, որ մեր վարչապետին ներկայութիւնը` Լոնտոնի մէջ, զօրաւոր պատգամ մը պիտի ըլլայ` ուղղուած Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին, թէ Պոլիս, վայելելով երկրին կառավարութեան զօրակցութիւնը, ի վիճակի է դառնալու հիւրընկալ երկիրը` 2020-ի ողիմպիական խաղերուն:

Արաթ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Լոնտոնի մէջ Էրտողան ներկայ պիտի գտնուի թուրք մարզիկներուն կատարելիք մրցումներուն, ինչպէս նաեւ յատուկ ժողովներ պիտի գումարէ անգլիական կառավարութեան հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES