Յովհաննէս Գրիգորեան Հեռացաւ Շիրակէն
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շիրակ Գիւմրի երկկողմանի համաձայնութեամբ խզած է ակումբին աջ կողմի յետսապահ Յովհաննէս Գրիգորեանի հետ կնքուած պայմանագրութիւնը:
Հայկական կայքէջը, որ իր այս լուրը կը քաղէ Շիրակի մամլոյ քարտուղարութենէն, կ՛աւելցնէ ըսելով, որ Գրիգորեան 2010-ին պայմանագրութիւն կնքած էր Շիրակի հետ: Ապա ան վեց ամիս ետք տեղափոխուած էր Միքա, իսկ 2011-ին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտէն ետք վերադարձած էր Գիւմրի:
CATEGORIES Մարզական

