Լոնտոն-2012. Ամերիկացի Հեծելանւորդները Պիտի Ստանան 100 Հազարական Ամերիկեան Տոլար` Ոսկի Մետալի Տիրանալու Պարագային
Իր լուրը քաղելով Մարզական լրագրողներու միջազգային ֆետերասիոնէն` «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներու հեծելարշաւի հաւաքականին անդամները իրենց երկրին Ազգային ողիմպիական կոմիտէէն իբրեւ մրցանակ պիտի ստանան 100 հազարական ամերիկեան տոլար, եթէ պատահի, որ Լոնտոն 2012-ի ողիմպիականի խաղերուն տիրանան ոսկի մետալի:
Ընդհանրապէս բոլոր երկիրներու Ազգային ողիմպիական կոմիտէները կը դիմեն այս միջոցին` քաջալերելու համար իրենց մարզիկները:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին, ոսկի մետալի տիրացած Հայաստանի մարզիկը անոր կողմէ պիտի ստանայ 40 միլիոն դրամ, իսկ պետութեան կողմէ` 20 միլիոն: Շատ հաւանական է, որ մարզիկները նաեւ ստանան յաւելեալ պարգեւներ` մասնաւոր կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կողմէ:
CATEGORIES Մարզական

