Ճատրակ. Էդուարդ Մնացականեան` Հայաստանի Վեթերաններու Ախոյեան
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջէն` Armchess.am-էն կը տեղեկանանք, որ ճատրակի միջազգային վարպետ Էդուարդ Մնացականեան հանդիսացաւ Հայաստանի վեթերաններու 2012-ի ախոյեան:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան ան առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովեց 6 կէտ եւ Անուշաւան Առաքելեանի հետ բաժնեց 1-2-րդ դիրքը: Սակայն անոնց միջեւ տեղի ունեցած թայ-պրէյքի մրցումին, Մնացականեան 3-2 արդիւնքով յաղթելով տիրացաւ տիտղոսին:
CATEGORIES Մարզական

