Լոնտոն Պատրաստ` 2012-ի Ողիմպիական Խաղերուն
Լոնտոնի քաղաքապետ Պորիս Ճոնսըն իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Անգլիոյ մայրաքաղաքը ամբողջութեամբ պատրաստ է հիւրընկալելու 2012-ի ամառնային 30-րդ ողիմպիական խաղերը, կը յայտնէ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը` մէջբերելով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ի հրապարակած լուրը:
Քաղաքապետը կարեւորութեամբ նշեց նաեւ այն կէտը, որ մայրաքաղաքին մէջ փոխադրակառքերը կը շարունակեն գործել բնական ընթացքով` առանց որեւէ խնդիրի:
CATEGORIES Մարզական

