Արտակ Ալեքսանեան Վերադարձաւ Խիմքի
Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի միջնապահ Արտակ Ալեքսանեան նախորդ շաբաթավերջին վերադարձաւ Խիմքի` նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրելով ռուսական ակումբին հետ:
Իր լուրը քաղելով ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքէջէն` ArmFootball.com կը տեղեկացնէ, որ 21 տարեկան ֆութպոլիստը նախապէս օգոստոս 2011-էն մինչեւ յուլիս 2012 մաս կը կազմէր Խիմքիի: Ան Ռուսիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր կազմին հետ 18 մրցումի ընթացքին նշանակեց 3 կոլ:
Հակառակ 21 տարեկան ըլլալուն, ան մաս կազմած է նաեւ Սպարտակ Մոսկուայի երիտասարդներու խումբին, Փիւնիկ Երեւանի եւ Ուրալ Եգաթերինպուրկի:
CATEGORIES Մարզական


