«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ֆ. Ք. Շերիֆ – Ուլիս Դարձի Մրցումը
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 24 յուլիսին, Հայաստանի ախոյեան Ուլիս հիւրը պիտի ըլլայ Մոլտաւիոյ ախոյեան Ֆ. Ք. Շերիֆի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հայկական խումբին համար այս մրցումը պիտի ըլլայ քիչ մը դժուար` նկատի ունենալով, որ երթին անիկա Երեւանի մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Յաջորդ հանգրուան հասնելու համար Ուլիս պէտք ունի նուազագոյնը 2-0 արդիւնքով յաղթանակի մը:
Նշենք, որ Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ այս մրցումի կեդրոնի իրաւարար նշանակուած է Վլատօ Կլոչովիչ (Սերպիա):
CATEGORIES Մարզական

