«Տը Կարտիըն»-ի Լրագրողներուն Հարցազրոյցը` Դուին Մումջողլեանի Հետ

Անգլիական հանրածանօթ եւ աշխարհահռչակ «Տը Կարտիըն» միջազգային օրաթերթին լրագրողները, որոնք ներկայիս կը գտնուին Լիբանան, յատուկ հարցազրոյց մը ունեցան Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող, ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ազգային խումբին մաս կազմող Դուին Մումջողլեանի հետ` «Րաֆֆի Սփոր» վաճառատան մէջ:

Անոնք իրենց հարցումներուն ընդմէջէն բաւական լայն տեղեկութիւններով օժտուեցան այն մասին, թէ ան ինչպէ՛ս ապահովեց ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը, ինչպէ՛ս պատրաստուեցաւ 27 յուլիսէն 12 օգոստոս տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն եւ թէ ի՛նչ են իր ակնկալութիւնները այս խաղերուն ընթացքին:

Նշենք, որ «Տը Կարտիըն»-ի լրագրողները յատուկ տեղեկագիր մը պատրաստելով զայն պիտի հրապարակեն նախքան ողիմպիական խաղերուն ազդանշանը տրուիլը:

 

Share this Article
CATEGORIES