Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Պատանիներու Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Յունահռոմէական Ոճի Ըմբիշները Տիրացան 6 Մետալի

Նախորդ շաբաթավերջին, Լեհաստանի Քաթովից քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանիներու ախոյեանութիւնը, երբ այս անգամ մրցումներ կատարեցին յունահռոմէական ոճի ըմբիշները:

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները, գերազանց արդիւնք արձանագրելով առաւելագոյն 8 մետալէն տիրացան 6-ին: Անոնք տիրացան 2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալի, կը տեղեկացնէ Armsport.am-էն մարզական լրատուական կայքէջը:

Ոսկի մետալի տիրացան Վահէ Սարգսեան (42 քկ) եւ Կարէն Ասլանեան (58 քկ), որոնք յաջորդաբար յաղթեցին` ուքրանացի եւ ազրպէյճանցի իրենց մրցակիցներուն:

Արծաթէ մետալին տիրացան Գեղամ Թորգոմեան (50 քկ) եւ Արսէն Յակոբեան (69 քկ), որոնք աւարտականին իրենց կատարած մրցումներուն յաջորդաբար պարտուեցան Վրաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներէն:

Վերջապէս, պրոնզ մետալին տիրացան Տարօն Տումոյեան (54 քկ) եւ Տիգրան Աբրահամեան (63 քկ)` յաջորդաբար յաղթելէ ետք իրենց հունգարացի եւ լաթվիացի մրցակիցներուն:

Share this Article
CATEGORIES