Կիրակի, 5 Օգոստոսին` Սթրիթ-Պոլի Ախոյեանութիւն` Ֆուատ Շեհապ Մարզահամալիրին Մէջ
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կիրակի, 5 օգոստոսին կը կազմակերպէ Սթրիթ Պոլի ախոյեանութիւն` Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ «Քլաս-Սփոր» վաճառատան եւ հսկողութեամբ ՖԻՊԱ-ին: Նշենք, որ ախոյեանները պիտի ապահովեն իրենց տոմսը աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 2013-ին` Յունաստանի մէջ:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան վերոնշեալ մարզահամալիրէն դուրս գտնուող պասքեթպոլի վեց դաշտերուն վրայ: Տեղի պիտի ունենան 18 տարեկանէն վար, 18 տարեկանէն վեր եւ 35 տարեկանէն վեր տղոց եւ աղջկանց մրցումներ:
Ախոյեանութեան մասնակցութիւնը արտօնուած է նաեւ ակումբներու եւ ընկերութիւններու:
Արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ), երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 18:00: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 2 օգոստոս, առաւելագոյնը մինչեւ երեկոյեան ժամը 18:00:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց անունները արձանագրել, պէտք է ուղղուին ֆետերասիոնին կեդրոնատեղին` իրենց հետ տանելով միայն անցագիրի կամ իխրաժ քայտի լուսապատճէն:

