50 Տարի Առաջ ( 25 Յուլիս 1962 )

«Սերվիս»-Ի Կայաններու Տեղափոխութեամբ
Պէյրութի Կեդրոնը Կերպարանափոխուեցաւ

Դժգոհ Շարժավարները Փորձեցին Շարժում Մը Ստեղծել,
Բայց Իշխանութիւնները Խստօրէն Հակազդեցին

Մօտերս Հանրակառքերը Պիտի Վերցուին, Կառատուներ
Պիտի Շինուին Եւ Ստորերկրեայ Անցքեր Պիտի Բացուին

Գրած էինք, թէ երէկ առաւօտ «սերվիս» ինքնաշարժներու կայանները դուրս հանուեցան մայրաքաղաքի առեւտրական կեդրոնէն, որ ծանօթ է «Կանաչ գօտի» անունով: Այս որոշումը տրուած էր ոստիկանութեան հրամանատարութեան կողմէ:

Առտուան ժամը 4:00-ին ոստիկանական ջոկատներ դրուեցան այդ կայաններուն մէջ` արգիլելու համար ինքնաշարժներու կանգ առնելը եւ շահագրգռուող շարժավարներուն ցոյց տալու նոր փողոցները, զորս կրնան գործածել իրենց գործունէութեան համար: Վիճակագրութեան մը համաձայն, մօտ 1330 ինքնաշարժներ ենթակայ են այս միջոցառման:

Շարժավարները անշուշտ դժգոհ եղան այս որոշումէն: Անոնցմէ շատեր մտածեցին ընդհանուր գործադուլի մը դիմել, բայց անոնց փորձը գործնապէս ձախողեցաւ: Ոմանք փորձեցին մնալ նախկին կայաններուն մէջ, բայց դուրս հանուեցան: Քանի մը միջադէպեր պատահեցան բանթողներու եւ այն շարժավարներու միջեւ, որոնք համակերպած էին նոր կարգադրութեան, բայց անոնք ծանր հանգամանք չունէին: Արեւմտեան թաղերու կարգ մը փողոցներու մէջ գամեր ցանուած էին, բայց շուտով մաքրուեցան: Կէսօրին, ոստիկանները իրենց հրամանատարութեան կը յայտնէին, թէ կացութիւնը զանազան թաղերու մէջ գոհացուցիչ է:

Սենտիքաները Կը Բողոքեն

Պէյրութի կեդրոնը անճանաչելի դարձաւ երէկ: Նկարին վրայ, Տեպպաս հրապարակը, ուրկէ կը մեկնէին Էշրեֆիէի եւ Ժեհթաուիի սերվիսները: Հիմա հրապարակը պարպուած է եւ մաքրուած:

Պաշտօնական գետնի վրայ, ներքին գործոց նախարար Քամալ Ժոմպլաթ ընդունեց պատուիրակութիւն մը, որ կը ներկայացնէր հանրային ինքնաշարժներու տէրերուն եւ շարժավարներու սենտիքան: Պատուիրակութիւնը եկած էր բողոքելու տեղափոխութեան որոշման դէմ` յայտնելով, թէ մեծ վնաս կը հասցնէ «սերվիս թաքսի» աշխատցնողներուն: Որոշուեցաւ սենտիքայի անդամները ժամը 18:00-ին հրաւիրել ժողովի մը` կացութիւնը քննելու համար երթեւեկի յանձնախումբին հետ: Բայց այնպէս կը թուի, որ պատասխանատուներ վճռած են չնահանջել:

Գալով «սերվիս» ինքնաշարժներու յաճախորդներուն, երէկ, անոնք շփոթի մատնուեցան, բայց ոստիկանները իրենց լաւագոյնը ըրին անոնց օգնելու համար:

Ժողովուրդը ընդհանուր առմամբ գոհունակութեամբ ընդունեց նոր որոշումը: Անցորդներու եւ ինքնաշարժներու երթեւեկը դիւրացաւ կանաչ գօտիին մէջ:

Ժոմպլաթի Մամլոյ Ասուլիսը

Կէսօրին, Քամալ Ժոմպլաթ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ սերայի մէջ` բացատրելու եւ մեկնաբանելու համար երթեւեկի նոր կարգադրութիւնը: Նախարարին կողքին կը գտնուէին ոստիկանութեան տնօրէն հազարապետ Ահտապ, երթեւեկի ջոկատի հրամանատար հարիւրապետ Ռաֆիք Տահեր եւ երթեւեկի յանձնախումբի քարտուղար Ապտօ Սալամէ:

«Այս առտու իսկ տեսանք, որ եղած կարգադրութիւնները մեծապէս նպաստեցին երթեւեկի խնդրին լուծման: Արդարեւ, նոր կարգադրութիւնը յեղաշրջեց մայրաքաղաքի երթեւեկը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ հազարապետ Ահտապի եւ նահանգապետ Էմիլ Եաննիի», ըսաւ Ժոմպլաթ:

«Կանաչ գօտիին մէջ կան 36 փողոցներ, ուրկէ կ՛անցնին ինքնաշարժները: Ինչ որ օրական կու տայ 36,000 շարժում: Կայանները այս գօտիէն դուրս փոխադրելով` երթեւեկը կը դիւրացնենք»:

Խօսք առնելով` հազարապետ Ահտապ խօսեցաւ ապագայ ծրագիրներու մասին, ինչպէս` հանրակառքերու վերացումը, կառատուներու ստեղծումը եւ ստորերկրեայ անցքեր:

Նախապէս հազարապետ Ահտապ հրատարակած էր հետեւեալ զեկոյցը.

«Պէյրութի ոստիկանութեան տնօրէնութիւնը, որ ստանձնեց վարչական իշխանութեան 14 յուլիս 1962-ի հրամանագրին գործադրութիւնը, շարժավարներուն կ՛ազդարարէ, թէ որեւէ խռովութիւն խիստ կերպով պիտի զսպուի, եւ հեղինակները պիտի ձերբակալուին ու դատարան յանձնուին»:

Միւս կողմէ, ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ փողոցներու մէջ գամ ցանողները 5 տարի բանտարկութեան պիտի դատապարտուին:

 

Share this Article
CATEGORIES