«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնը Նոր Մարաշ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Նոր Մարաշի հիմնադրութենէն ետք, Պուրճ Համուտի մէջ հայութիւնը աստիճանաբար սկսած էր բազմանալ եւ կազմաւորուած էին Նոր Ատանա, Նոր Թոմարզա, Նոր Եոզկատ, Նոր Սիս, Կիւլլապաշէն եւ Պամիանոց թաղամասերը: Իսկ ներկայ Արագած թաղը եղէգնուտներով շրջապատուած գերեզմանատուն էր:
Բացարձակ մեծամասնութեամբ մարաշցիներէ բաղկացած Նոր Մարաշ տարածուած էր Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շուրջ. միայարկ անշուք բնակարաններով, հողածածկ փողոցներով եւ եղէգնուտներով ու ճախճախուտներով շրջապատուած թաղամաս մը: Ելեկտրականութիւն չկար, գիշերը` խաւար եւ գորտերուն ձայնը կը տարածուէր ամէնուրեք:
Եկեղեցին, որ կառուցուած էր ժողովուրդին միահամուռ ջանքերով, կ՛օգտագործուէր նաեւ իբրեւ դպրոց. հարիւրաւոր մանուկներ, քով-քովի խռնուած, որոնց մէկ մասը վերնատան մէջ, կը սորվէին մեծասքանչը: Աշակերտներէն շատեր բոպիկ եւ պատռտած հագուստներով դպրոց կը յաճախէին:
Նոր կազմաւորուած թաղամասին մէջ ժողովուրդը կ՛ապրէր իր դարաւոր ընտանեկան եւ ընկերային կեանքը: Բնակարանները մէկ-երկու սենեակէ բաղկացած էին, ընտանիքները` բազմանդամ եւ նահապետական եւ յաճախ երեք սերունդ միասին կ՛ապրէին: Հարսանիքներուն նուագածուներ կը հրաւիրուէին, որոնք սիրով կ՛ընդառաջէին. ամուսնութենէն քառասուն օր ետք հարսը ծնողքին կ՛այցելէր. ան կեսրոջ, կեսրայրին եւ տագրոջ հետ իբրեւ յարգանք չէր խօսեր, մինչեւ որ զաւակ մը ունենար. զաւակ ունեցող կինը քառասուն օր տունէն չէր ելլեր:
Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ առտու եւ իրիկուն ժամերգութիւն տեղի կ՛ունենար, իսկ կիրակի առտու հանդիսաւոր սուրբ պատարագ. մեծ պահքին` արեւագալ եւ հսկում: Հոգեւոր հովիւներն էին տէր Յակոբ աւագ քահանայ Արսլանեան, տէր Մեսրոպ քահանայ Էլմաճեան եւ տէր Հմայեակ քահանայ Տէր Պետրոսեան: Երեք քահանաներն ալ ժողովուրդին խնամատար հայրեր էին, անշահախնդիր ծառայող բարի հովիւներ, որոնք միշտ կը ջանային օգտակար ըլլալ կարիքաւորներուն եւ կը հետաքրքրուէին ժողովուրդին կենցաղով: Եկեղեցւոյ ժամկոչն էր Յովսէփ Պէրթիզլեան, որ սիրայօժար եւ անշահախնդիր ծառայած է:
Ծնունդին եւ Զատիկին սուրբ պատարագը արեւածագէն առաջ կը սկսէր եւ ժամը եօթին-ութին կ՛աւարտէր, որմէ ետք այրեր ազգականներու եւ դրացիներու շնորհաւորական այցելութեան կ՛երթային, իսկ կիներ տունը շնորհաւորութիւններ կ՛ընդունէին: Տեառնընդառաջին փողոցները խարոյկ կը վառէին, իսկ Վարդավառին իրարու ջուր կը սրսկէին:
Տեղացիներու հետ յարաբերութիւն գրեթէ չկար, եւ արդէն ժողովուրդը արաբերէն լեզուին ալ անծանօթ էր: Նոր Մարաշի մէջ ստեղծուած էր համայնական ապրելակերպի գոյավիճակ մը. տուները` քով-քովի, փոքր բակերով, բոլորը իրարու ծանօթ, դրացի եւ ազգական: Տուներու կողքին բացուած կօշկակարի արհեստանոցները եւ դերձակատուները արագօրէն զարգացան եւ կօշկակարութիւնն ու դերձակութիւնը, ինչպէս նաեւ ատաղձագործութիւնը, դարբնութիւնը եւ գորգագործութիւնը Պուրճ Համուտի գլխաւոր արհեստները դարձան: Բացուեցան նաեւ նպարավաճառի եւ այլ խանութներ: Թաղին մանուկները փողոցները կը խաղային, որովհետեւ ինքնաշարժներ եւ հեծիկներ չկային: Ջուրի մատակարարումը հասանելի չէր ամէն տուն, եւ հետեւաբար կիներ դոյլերով ջուր կը կրէին եւ ամէն տուն ջուրի տակառ մը ունէր բակին մէջ:
Տեղացի հովիւներ իրենց այծերով կու գային, տեղւոյն վրայ կը կթէին եւ կաթը հայերուն կը ծախէին: Կային քանի մը հայ կառապաններ, որոնք ախոռ ունէին, ջորի կը պահէին եւ փոխադրական միջոցներու կ՛օգնէին:
Այս նախնական կենսաձեւին մէջ ժողովուրդը գոհ էր իր կեանքէն եւ ուրախ:
***
Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս կիրակի, 21 մայիս 1934-ին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով հովուապետական շնորհաբաշխ այցելութիւն մը տուաւ Նոր Մարաշի հայութեան: Այս առիթով, 22 մայիսի թիւով եւ «Հոգեգալստեան տօնը Նոր Մարաշի մէջ» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Երէկ, կիրակի, Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական փառաւոր հանդիսութիւն մը: Տօնական օրէ մը աւելի տպաւորիչ երեւոյթ մը կը տիրէր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Եկեղեցիէն ներս եւ դուրս, բացի թաղի երկսեռ բնակիչներէն, բազմաթիւ հայրենակիցներ լեցուած էին ուրիշ թաղերէ: Նոր Մարաշի ընդարձակ նորաշէն եկեղեցին ծայրէ ծայր գրաւուած էր մեր պատուական եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ, որոնք արարողութեանց սկիզբէն մինչեւ վերջ, մօտ հինգ ժամ կուռ հաւատքով հետեւեցան հոգեւոր պաշտամունքներու:
Օրուան պատարագիչն էր վեհ. Բաբգէն կաթողիկոս, որ աւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ եւ թելադրեց ժողովուրդը` ուղիղ խորհիլ եւ ուղիղ գործել:
Յաւարտ պատարագի վեհափառը հիւրասիրուեցաւ Նոր Մարաշի Թաղական խորհուրդին կողմէ` կաթով եւ կարկանդակով, ուր ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Պ. Լէյէկեան, Գաւառական ժողովի ատենապետ Յակոբ Տէր Մելքոնեան եւ թերթիս տնօրէնը: Գ. Յակոբեանի ղեկավարութեամբ «Քնար» նուագախումբը նուագեց ընտիր կտորներ: Բազմահազար ժողովուրդ խռնուած կը սպասէր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
Մասնաւոր շնորհաւորութեան արժանի են Նոր Մարաշի Թաղական խորհուրդը, Հոգաբարձութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, որոնք ձեռք ձեռքի փրկարար գործ մը կը կատարեն եւ թանկագին ծառայութիւններ կը մատուցեն իրենց պատուական եւ հաւատացեալ ժողովուրդին: Մասնաւոր գնահատութեան արժանի էին երգեցողութիւնները, որոնք այնքան խոր տպաւորութիւն թողուցին ժողովուրդին վրայ: Ապրին այդ սիրունիկ հայորդիները, որ այնքան ներդաշնակօրէն ժամեր շարունակ ժողովուրդը մագնիսացուցին հոգեւոր երգերու ազդեցութեան ներքեւ: Ապրին նոր մարաշցիները, որոնք երէկ ցոյց տուին, որ կը սիրեն իրենց եկեղեցին ու դպրոցը եւ կը գործեն անձայն ու համերաշխ:
Ժամը 11:30-ին վեհափառը մեկնեցաւ Անթիլիաս, սակայն մինչեւ ասֆալթի մեծ ճամբան հազարաւոր ժողովուրդ հետեւեցաւ վեհափառի ինքնաշարժին «կեցցէ՛ներու աղաղակներով»:
***
Յաջորդ օր, 23 մայիս 1934-ին, «Սքանչելի ժողովուրդ» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.
«Ինչպէս գրած էինք երէկ, կանուխէն եղած յայտարարութեան համաձայն, անցած կիրակի օր, Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, Նոր Մարաշ թաղի նորակառոյց եկեղեցիին մէջ պատարագեց վեհ. Բաբգէն կաթողիկոս եւ օրուան տօնին պատշաճող քարոզ մը խօսեցաւ, հրահանգելով ժողովուրդին ըլլալ ուղղամիտ, ճշմարտասէր եւ հայրենասէր: Հազարաւոր ժողովուրդ ներկայ գտնուեցաւ արարողութեան եւ հոգեկան մխիթարութիւն գտաւ օրուան պաշտամունքէն:
Մեզ կը խանդավառէ նախ այն պարագան, որ նման հանդիսաւոր օրերուն, ըլլան անոնք եկեղեցական, ազգային, մեր ժողովուրդը կը համախմբուի եւ որպէս մէկ վեհութիւն ներշնչող հաւաքականութիւն կ՛արտայայտէ իր միաձոյլ ոգին, ազգային անընկճելի տոկունութիւնը, կրօնական զգացումները, յարգալից եւ պատկառազդու վերաբերումը իր հնադարեան եկեղեցական հաստատութեանց, իր ազգային սրբութեանց եւ վեհաշուք պատմութեան հանդէպ:
Նման երեւոյթ մը տեսանք անցած կիրակի, որը փաստ մըն է, որ Նոր Մարաշ թաղին մէջ բնակող մեր հայրենակիցները նախանձախնդիր են իրենց ազգային եկեղեցիին ու պապենական հաւատքին, առողջ է իրենց ազգային գիտակցութիւնն ու զգացումը եւ հաստատամիտ իրենց համոզումներն ու մտածումները: Նորակառոյց պատկառելի եկեղեցին, ժողովրդական լայն խաւերու ցուցահանած խոր հաւատքը եւ Թաղային մարմիններու անձնուէր ծառայութիւնը կ՛ապացուցանեն, որ Նոր Մարաշի հայրենակիցները գիտակից են մեր հանրային կեանքի արժէքներուն, զոհաբերող են անոնց պաշտպանութեան համար եւ միշտ պատրաստ ի պահանջել հարկին դիմագրաւելու այն վտանգները, որոնք երբեմն մեր դժնդակ պայմաններու հետեւանքով կը սպառնան մեր ժողովուրդի ամբողջականութեան եւ անոր սրբութեանց: Այլապէս հնարաւո՞ր էր միթէ յառաջ բերել քանի մը տարուան ընթացքին այնքան հոյակապ եւ մեծածախս եկեղեցի մը, թաղի մը մէջ եւ գլխաւորաբար թաղեցիներու նիւթական լայն զոհաբերութեան շնորհիւ, որոնցմէ շատերը նոյն իսկ կարօտ են օրուան պատառ մը հացին:
Եթէ Նոր Մարաշի նորակառոյց եկեղեցին եւ կիրակի օրուան ժողովրդական այդ արտակարգ խանդավառութիւնն ու հաւատքը ցոյց կու տան մեր մարաշցի հայրենակիցներու ազգային տոկունութիւնն ու նկարագրային մաքրութիւնը, աւելի շուտ կը փաստէ, որ դեռ առողջ է մեր ժողովուրդին մէջ հանրային կեանքի բնազդական ապրումները. այլեւ հայ հանրութիւնը գիտակից է իր կոչումին: Կը յայտնուի, որ սխալ են այն բոլոր չարագուշակ ենթադրութիւններն ու յոռետես արտայայտութիւնները, ըստ որոնց անյոյս պառակտուած է մեր ժողովուրդը եւ միացման ոչ մէկ ուժ եւ միջոց չէ մնացած: Կիրակի օրուան երեւոյթը կը փաստէ, որ մեր ժողովուրդը վեհ ու նուիրական ներշնչարաններու եւ ազգային սրբութիւններու առջեւ միաձոյլ եւ անյաղթելի միութիւն կը կազմէ:
Զարմանալ միայն կարելի է մեր սքանչելի ժողովուրդին, որ խաբուած քաղաքականապէս, հարուածուած տնտեսապէս, նորէն կը համախմբուի մեր ազգային կրօնական հաստատութեանց շուրջ` յայտնելու, որ այս աշխարհին արհաւիրքները չեն խաթարած իր հոգին, բնաւ չեն այլասերած հայութեան պատմականօրէն գնահատուած յատկութիւնները: Իսկ միայն հիանալ պէտք է մեր մարաշցի պատուկան ժողովուրդին, որ պահած է այնքան շատ եւ խոր կրօնական եւ ազգային մոլեռանդութիւն, որ իբրեւ զրահ կարելի է գործածել ամէն տեսակ յարձակումներու եւ վտանգներու դէմ: Այս տարեց ու զառամած պապիկներու եւ նախապաշարեալ մայրերու հաւատքին մէջ իսկ իմաստ մը, նուիրականութիւն մը կայ, երբ անոնք խռնուած կ՛ուզէին համբուրել վեհափառի աջն ու վերարկուն:
Եկեղեցիի այդ փառաւոր կառոյցը փաստ մըն է նաեւ մեր ժողովուրդի ստեղծագործութեան, լուսաւորութեան ու բարձր կրթութեան: Դեռ չենք ուզեր յիշել նաեւ արուեստը, որ մարաշցի հայրենակիցները դրած են իրենց եկեղեցիին մէջ, որ իր պարզութեամբն այնքան ներշնչող է եւ ազդեցիկ:
Նոր Մարաշ թաղը կարեւոր կեդրոնն է ստուարաթիւ հայութեան, որ տեղաւորուած է Անդր Նահրի շրջանին մէջ եւ օրէ օր աւելի կը ստուարանայ: Կ՛արժէ որ աւելի մօտէն հետաքրքրուինք անոր կրթական եւ կրօնական գործերով, համոզուած ըլլալով որ ազգային պահպանման կարեւորագոյն ազդակներն են այդ երկու հաստատութիւնները: Եւ համոզուած ենք, այդ պատուական ժողովուրդը, որ իր վտիտ միջոցներով կրցած է մօտ 1300 օսմ. ոսկիի պատկառելի գումար մը յառաջ բերել` գլուխ հանելու համար իր եկեղեցիին շինութիւնը, կը շինէ նաեւ իր առանձին կրթարանը, ապաւինելով իր միջոցներուն եւ իր օրինակելի զոհաբերող ոգիին:
Ապրի՛ այս սքանչելի ժողովուրդը, որ հակառակ դարերու արհաւիրքին կրցած է պահել իր ստեղծագործող ու կենսունակ ոգին եւ յարատեւ պայքար կը մղէ իր գոյութեան դէմ սպառնացող բոլոր վտանգներուն դէմ: Փաստ` իւրաքանչիւր թաղի մէջ կառուցուած եկեղեցին ու վարժարանն են, երեւոյթ մը` որ ամէն հաւատք կը ներշնչէ` Արմէններու ցեղին տեւականութեան:
Օրինակելի թաղ մըն է Նոր Մարաշը, պէտք չէ վրիպեցնենք զայն մեր ուշադրութենէն»:
***
Պէյրութի եւ շրջակայքին մէջ գործող հայկական տասնչորս վարժարանները կը գոյատեւէին նիւթական ծանր պայմաններու տակ եւ յաճախ կը պատահէր, որ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ ամիսներ շարունակ ամսական չգանձէին: Արդէն ծնողներն ալ մեծ մասամբ չքաւոր էին եւ շատեր անկարող էին նոյնիսկ զեղչեալ կրթաթոշակ վճարելու: Տարին քանի մը անգամ աշակերտներ տուն կը ճամբուէին` կրթաթոշակ վճարած չըլլալնուն համար: Հանգանակութիւններ, հանդէսներ եւ ներկայացումներ կազմակերպելով դպրոցներ կը ջանային հաւասարակշռել իրենց պիւտճէն, սակայն հոգաբարձութիւններ անկարող էին հիմնական դարման մը գտնելու: Դպրոցներու վիճակին անդրադառնալով «Ազդակ» 6 յունիս 1934-ին, «Հիմնական դարմանը» խորագիրով խնբագրականով կը գրէր.
«Ամիս մը վերջ կրթական տարին կը փակէ իր այս տարուան շրջանը:
Դժբախտաբար, կրթական տեսակէտով բերրի եւ արդիւնաւոր տարի մը չեղաւ ներկայ շրջանը, մասնաւորաբար այն պատճառով որ, գրեթէ բոլոր վարժարաններն ալ մատնուած են նիւթական ծանր տագնապներու: Տարեշրջանի փակման այս օրերուն թաղային ու հոգաբարձական բոլոր մարմինները տենդագին աշխատանքի լծուած են, իրար ետեւէ հանդէսներ ու ներկայացումներ կը սարքեն, հանգանակութեանց կը ձեռնարկեն` հաւասարակշռելու նպատակաւ իրենց խանգարուած պիւտճէները: Ցաւալի է ըսել, կարգ մը վարժարաններու ուսուցչական կազմերը Նոր տարիէն ասդին ամսական չեն ստացած եւ կը գտնուին ողբալի վիճակի մը մէջ:
Եթէ հիմնական կարգադրութիւններ չըլլան, յառաջիկայ տարին եւս տարբեր պիտի չըլլայ դրութիւնը: Ազգային հասութաբեր կալուածներ չկան: Կառավարութեան կողմէ տրուած կրթական նպաստը այնքան աննշան գումար մըն է, որ Պէյրութի 14 վարժարաններէն մէկուն անգամ պիւտճէն չի կրնար գոցել: Իսկ նպաստի ուրիշ աղբիւրներ գոյութիւն չունին: Բարեգործականի յատկացուցած նպաստէն չեն օգտուիր բոլոր վարժարանները: Իբրեւ միակ եւ հաստատուն աղբիւր հասոյթի, աշակերտութեան վրայ դրուած տարեթոշակն է: Իսկ մեր ներկայ աշակերտութեան կարեւոր մէկ տոկոսը զուրկ է այդ գումարը վճարելու կարողութենէն:
… Ներկայ տարեշրջանի մայրամուտի այս օրերուն, մեր ազգային իշխանութիւններն ու թաղային ու հոգաբարձական մարմինները պէտք է լրջօրէն մտահոգուին եւ մտածեն դարմանի մասին, յառաջիկայ տարիներ եւս չկրկնելու համար միեւնոյն դժբախտութիւնը: Բոլոր վարժարաններու պիւտճէներն ալ պէտք է հիմնուած ըլլան դպրոցական տարեթոշակներու հասոյթին վրայ: Անկէ դուրս պատահական նպաստներ եւ հանգանակութիւններ պէտք է մնան աննկատ:
Եւ այս կարելի է:
Պէյրութի մէջ 14 հատ ազգային վարժարաններ կան 2650 աշակերտով եւ 16,740 ոսկի պիւտճէով: Ասոնցմէ վեց հատը Անդր Նահրի շրջանին մէջ կը գտնուի: Այսպէս Սինիլֆիլ, Նոր Մարաշ, Նոր Սիս, Նոր Ատանա, Թրատ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ թաղերը, որոնք գրեթէ իրարու միացած են եւ հազիւ քանի մը վայրկեան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին, ունին իրենց առանձին եկեղեցիներն ու վարժարանները: Այս վեց վարժարաններու մէջ, որոնք առանձին ուսուցչական կազմեր եւ հոգաբարձութիւններ ունին, կը գտնուի մօտ 1100 երկսեռ աշակերտութիւն, 5500 ոսկի պիւտճէով:
Քիչ ասդին, գետի այս կողմը միեւնոյնն է դարձեալ դրութիւնը: Իրարմէ երկու վայրկեան հեռաւորութիւն չունեցող երեք թաղերու մէջ բացուած են չորս վարժարաններ` Ամանոս, Նոր Հաճըն, Սահակեան եւ Ռըմէյլ` 800 աշակերտութիւնով եւ 6500 ոսկի պիւտճէով: Իսկ անոնցմէ քիչ մը հեռու բլուրին վրայ, Էշրեֆիէ թաղին մէջ դարձեալ երկու վարժարաններ:
Եթէ այս վարժարաններու միացման մասին կարգադրութիւններ չըլլան, անդարմանելի պիտի ըլլայ ցաւը: Ի՞նչ կարիք կայ, օրինակի համար, Անդր Նահրի շրջանին մէջ 6 հատ առանձին վարժարաններ ունենալու, երբ բոլոր թաղերը միացած են իրարու եւ հազիւ փոքրիկ գիւղի մը տարածութիւնը ունի: Ամբողջ Անդր Նահրի շրջանին համար մէկ նախակրթարան եւ երկու մանկապարտէզ բաւական են: Ամանոս, Նոր Հաճըն, Ռըմէյլ եւ Էշրեֆիէ թաղերուն համար նոյնպէս երկու նախակրթարան եւ մէկ մանկապարտէզ առանց դժուարութեան կրնան գոհացուցիչ արդիւնք տալ:
Եւ այս կերպով պէյրութահայութիւնը պէտք է ունենայ առաւելագոյնը չորս նախակրթարան` 500-ական երկսեռ աշակերտութիւնով եւ չորս մանկապարտէզ: Այս ծրագրի գործադրութեամբ եւ շատ դիւրութեամբ խնայուած կ՛ըլլայ տարեկան առնուազն 4000 ոսկի:
Միակ դժուարութիւնը այս ծրագրի գործադրութեան, պիտի առարկուի, դպրոցական շէնքերու անբաւարարութիւնն է: Եւ այդ դժուարութիւնը պէտք է հարթէ Բարեգործականը, իր կրթական նպաստը յատկացնելով երկու վարժարաններու շինութեան` յիշուած կեդրոններու մէջ: Անկէ վերջ Բարեգործականն ալ կարեւոր խնայողութիւն ըրած կ՛ըլլայ` դադրեցնելով իր կրթական նպաստը:
Այս է միակ ու հիմնական դարմանը»:




