Հայրենի Կեանք
«Փիւնիկ» Հիմնադրամը Օժանդակած Է Հայաստանի
Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան
«Փիւնիկ» հիմնադրամը Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան նուիրած է 50 համակարգիչ եւ «Ֆոլքսվակըն» մակնիշի շտապ օգնութեան հիւանդատար ինքնաշարժ մը:
18 յուլիսին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ նուէրներու յանձնման արարողութիւն, որուն ներկայ էին` Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան, «Փիւնիկ» հիմնադրամի պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Սարգսեան:
«Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամը որդեգրած է կրթութեան, մշակոյթի, ընկերային ապահովութեան եւ առողջապահութեան բնագաւառներուն մէջ հանրութեան օգտակար ըլլալու եւ կարելի եղած չափով աջակցելու ուղին: Գործունէութեան երեք տարիներու ընթացքին հիմնադրամը կազմակերպած է շարք մը մշակութային ձեռնարկներ, հովանաւորած է շնորհալի հեղինակներու գիրքերու հրատարակութիւնը, բացայայտած եւ խրախուսած է ընկերային անապահով, ծնողազուրկ, սակայն ուսման մէջ յառաջդիմող ուսանողները, իսկ առաւել փայլուն ուսանողներու օժանդակած է, որ անոնք արտերկրի առաջնակարգ համալսարաններու մէջ շարունակեն իրենց ուսումը: Հիմնադրամը ապահոված է նաեւ Հայաստանի մարզերու, Երեւանի եւ Արցախի շարք մը ուսումնական հաստատութիւններու տարրալուծարանային սարքաւորումներ եւ համակարգիչներ:
«Փիւնիկ» հիմնադրամը այսօր արդէն իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ եւ առաջին անգամ ըլլալով ձեռք կ՛երկարէ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան:
Նախարար Ա. Երիցեան բարձր գնահատած է «Փիւնիկ» հիմնադրամին աջակցութիւնը եւ ներկաներուն ներկայացուցած է նախարարութեան աշխատանքները եւ ապագայի ծրագիրները: Այնուհետեւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Սարգսեան նշած է, թէ շատ կարեւոր եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեանն աշխատանքները, եւ որպէսզի անոնք կարենան յաւելեալ արդիւնաւէտութիւն ձեռք ձգել, ուրեմն անհրաժեշտ են թեքնիք սարքաւորումները: Ան ըսած է. «Մենք նախապէս ծրագրած եւ ճշդած էինք նախարարութեան կարիքները եւ փորձեցինք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ աջակցիլ անոր»:
Այցելութեան ընթացքին հիւրերը շրջած են նախարարութեան շէնքին մէջ եւ ծանօթացած են ճգնաժամային կառավարման կեդրոնին յագեցուածութեան եւ այլ կարելիութիւններուն մասին:
«Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան նշած է. «Շատ տպաւորուած եւ հիացած եմ այս մեծ աշխատանքով: Ասոր նմանը չեմ տեսած նոյնիսկ Սուրիոյ կամ Լիբանանի մէջ. ուստի, պէտք է կատարենք մեր կարելին, որ այս կառոյցը հզօրանայ եւ բարգաւաճի աւելիով»:
Աշուղ Ջիւանի Յիշատակին
Նուիրուած Ձեռնարկ
Ջաւախքի Ախալքալաք շրջանի Կարծախ գիւղի բնակչութիւնը տասնամեակներ շարունակ արժանին մատուցելով հայ մեծ աշուղ Ջիւանիի յիշատակին` յուլիսեան օրերէն մէկը աւանդաբար նուիրած է իր զաւկին երգին եւ երաժշտութեան մեծարման:
Յուլիս 14-ին Մեծն Ջիւանիի աւանդական տօնին ներկայ գտնուած էին` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեան, նախարարութեան աշխատակազմի Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան հայ համայնքներու վարչութեան Կովկասի բաժինի նախագահ Տարօն Շագոյեան, Ջաւախքի նահանգապետ Վանօ Ծեկլատուրի, Վրաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան, պետական գործիչներ ինչպէս Վրաստանէն, այնպէս ալ Հայաստանէն մտաւորականութեան եւ արուեստի ներկայացուցիչներ եւ ուրիշներ:
Այս տարի Ջիւանի` Սերոբ Ստեփանի Լեւոնեանի աւանդական մեծարման օրը բնակչութեան համար կրկնակի տօն էր, որովհետեւ յիշատակի օրուան նախորդած էր Կարծախի Ս. Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը, որ սկսած էր դռնաբացէքի արարողութեամբ: Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի ձեռամբ վերաօծուեցան եկեղեցւոյ 16 սիւները, սուրբ խորանը, մկրտութեան աւազանը եւ սրապատկերները:
Յուլիս 14-ի առաւօտեան, Ս. պատարագէն առաջ, հիւրերը Վիրահայոց թեմի առաջնորդի փոխանորդէն` Բաբկէն աբղ. Սալբիեանի հովանաւորութեամբ եւ ժողովուրդին ուղեկցութեամբ ծաղիկներ զետեղեցին Ջիւանի յուշարձանին:
Նորաօծ եկեղեցւոյ բակին մէջ հաւաքուած բազմութիւնը ողջունեցին` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեան, Ախալքալաքի շրջանային ժողովի նախագահ Հ. Մովսիսեան եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդի փոխանորդ Բաբկէն աբղ. Սալբիեան: Նորաօծ եկեղեցւոյ Ս. սեղանի օծման եւ անդրանիկ պատարագին մատուցման յաջորդեց հրապարակախօս եւ փիլիսոփայ, բարոյագէտ եւ երգաստեղծ աշուղ Ջիւանիի մեծարման նուիրուած տօնահանդէսը եւ վերստին տարածուեցան անոր երգը եւ երաժշտութիւնը` վարպետ եւ ինքնագործ երգիչներու եւ համոյթներու կատարումով:
Դասախօսութիւն` Նուիրուած
Հայկական Սփիւռքի Ձեւաւորման
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան վերջերս հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ, որ նուիրուած էր հայկական սփիւռքի եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ձեւաւորման: Ան անդրադարձաւ սփիւռքահայերու ձեռքբերումներուն եւ թելադրեց անոնց` դառնալ իրենց բնակութեան երկրին «լաւագոյն» քաղաքացին, շարունակելով հայ մնալ:
Նախարարը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս շեշտեց, թէ հայրենիքի առջեւ ծառացած են շարք մը հարցեր, որոնք պետութեան կողմէ ստացած են իրենց աստիճանական լուծումները, բայց առաւել մեծ արդիւնաւէտութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է համախմբել Հայաստանի եւ սփիւռքի ջանքերը եւ կարողութիւնները:
Դասախօսութեան աւարտին «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի «Հայոց լեզուի արագ ուսուցում», «Ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ» եւ «Պարի դասընթացքներ»բաժիններու մասնակիցներուն նախարար Հ. Յակոբեան յանձնեց դպրոցի մասնակցութեան հաստատագրեր եւ նշեց, որ այս նախագիծը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ: Նախարարը «Հայոց լեզուի արագ ուսուցման» բաժինի ուսուցիչներուն` Հիլտա Գալֆայեանին եւ Անուշ Նագգաշեանին յանձնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագրեր` «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի իրականացման աջակցելու համար:
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը Պսակաւոր
Արուեստից Եւ Գիտութեան Բաժանմունք Հաստատած Է
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը յաջորդ ուսումնական տարեշրջանին` 2013-ին, պիտի սկսի ընդունիլ պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեան կրթութիւն ստանալ փափաքող ուսանողներ: Առաջին անգամ ըլլալով նման աստիճանի կրթական ծրագիր կը հաստատուի համալսարանին մէջ: Քսանամեայ իր պատմութեան ընթացքին համալսարանը շնորհած է միայն մագիստրոսի կոչում: Յուլիսին 18-ին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին համալսարանի նախագահ Պրիւս Պօղոսեան նշեց, որ ՀԱՀ-ն պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ ամերիկեան կրթութեան եւ առաջարկել ակադեմական կրթութիւն` ակնարկելով կենսունակ աշխատանք, միջազգային մասնագիտական դասախօսական կազմին, ինչպէս նաեւ ուսանողներ` Հայաստանէն եւ արտերկրէն: «Համալսարանը որդեգրած է նիւթական ամբողջական աջակցութեան քաղաքականութիւն, որուն շնորհիւ` ոեւէ հայ ուսանող չի զրկուիր ուսումէ` անվճարունակութեան պատճառով: Ուսանողները կ՛ընդունին բացառաբար իրենց ակադեմական գիտելիքներուն հիման վրայ` անկախ վճարունակութենէն», նշեց ան: Անվճար կրթութիւն ստացող ուսանողներուն ուսման թոշակի փոփհատուցման համար հետագային նոր տարբերակներ պիտի մշակուին:
Իւրաքանչիւր տարի ներգրաւելով 300 ուսանող` համալսարանի պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեան աստիճան տուող ծրագիրը կը նպատակադրէ մինչեւ 2017 թուական ուսանողներուն թիւը բարձրացնել 1200-ի: Պիտի գործադրուի այս աստիճանին յատուկ երեք ծրագիր` գործարար կառավարում (թոշակ` 1 միլիոն 200 հազար դրամ), հաշուապահական գիտութիւններ (թոշակ` 1 միլիոն դրամ), անգլերէն լեզու եւ հաղորդակցութիւն (թոշակ` 1 միլիոն դրամ): Ուսուցման լեզուն պիտի ըլլայ անգլերէնը, որոշ դասընթացքներ, ինչպէս հայոց լեզուն, գրականութիւնը եւ հայոց պատմութիւնը պիտի դասաւանդուին հայերէնով:
Համալսարանին կողմէ պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեան կոչում շնորհող ծրագիրը վաւերացուած է Արեւմտեան դպրոցներու եւ քոլեճներու միութեան աւագ դպրոցներու եւ համալսարաններու հաւատարմագրման յանձնաժողովին կողմէ:
Այս հանգամանքը կը հաստատէ, որ այս աստիճանը շնորհող ծրագիրը ունի որակական բարձրագոյն կրթական չափանիշներ եւ արդիւնաւէտութիւն: Այս ծրագիրը ընդունուած է նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ: Դիմումները կ՛ընդունուին 15 յունուար 2013-էն մինչեւ 15 մարտ:
Վարդավառի Տօնը «Լաթար» Համալիրին Մէջ
Յուլիս 15-ին «Լաթար» համալիրին մէջ Վարդավառը` իրարու ջրելով, ժպիտով, պարերով եւ խաղերով նշեցին սփիւռքի զանազան երկիրներէ մասնակցած` «Արի տուն», «Սփիւռք-ամառնային դպրոց» ծրագիրներուն եւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակիցները:
Ձեռնարկը ընթացաւ աւանդութիւն դարձած ազգային-հայրենասիրական երգերով, ազգագրական պարերով եւ Վարդավառի տօնին յատուկ սիրուած խաղերով:
Տօնին խորհուրդը եւ աւանդական շունչը հաղորդեց «Կարին» ազգագրական երգի-պարի համոյթը, որուն վարակիչ պարը շուրջպարի կը հրաւիրէր ներկաները:
Տօնակատարութեան անմիջական մասնակիցը դարձաւ նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան ներկաները ողջունելէ եւ մաղթանքներ կատարելէ ետք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Լաթար» համալիրի տնօրէնին` Ռադիկ Վանունցին, ապա շնորհակալագիր եւ յուշանուէր յանձնեց անոր:
Սփիւռքի Նախարարը «Կոմիտաս» Մետալով
Պարգեւատրած Է Արման Վարդանեանը
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 18 յուլիսին ընդունած է Լոս Անճելըսի «Հայաստան» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Արման Վարդանեանը եւ անոր կինը` պարախումբի գլխաւոր պարուսոյց Նայիրա Վարդանեանը:
«Հայաստան» պարախումբը մասնակցած էր «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի «Պարարուեստի օրեր»-ուն: Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ողջունելով հիւրերը` կարեւոր նկատած է անոնց դերակատարութիւնը սփիւռքի հայապահպանման եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն մասնակցելու իմաստով:
Ա. Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենիքի մէջ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար` նշելով, որ իրենք իրենց փոքրիկներուն պարէն զատ կը սորվեցնեն նաեւ հայոց լեզու եւ պարախումբի բոլոր մասնակիցները հայերէն կը խօսին: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ այս տարուան դեկտեմբերին պարախումբը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 15-ամեակը, իսկ յաջորդ տարի Լոս Անճելըսի մէջ պիտի կայանայ տեղւոյն հայկական պարախումբերու միացեալ բեմադրութիւն` Երեւանի մասին:
15 յուլիսին Արամ Խաչատուրեանի անուան համերգասրահին մէջ կայացած «Հայաստան» պարախումբի երեւոյթին ընթացքին նախարար Հ. Յակոբեան Արման Վարդանեանը պարգեւատրած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով` անոր ազգանուէր գործունէութեան, հայ պարարուեստին անմնացորդ նուիրումին հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման եւ տարածման իմաստով ունեցած ներդրումին համար:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

