ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» Պարախումբը Երեւան Մեկնեցաւ` Մասնակցելու «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնին
Երկուշաբթի, 23 յուլիս 2012-ին, Լիբանանի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը 50 պարողներէ եւ 7 պատասխանատուներէ կազմուած խումբով մը եօթնօրեայ մեկնեցաւ Երեւան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին:
Առաջին անգամ էր, որ պարախումբը այս տարողութեամբ կը մեկնի հայրենիք եւ կը մասնակցի Հայաստանի մէջ կայացող համահայկական փառատօնի մը: «Արին»-ի ելոյթը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 27 յուլիսին` ժամը 19:00-ին, Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան»-ի անուան եւ երաժշտական թատրոնին մէջ: Գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի գլխաւորութեամբ, խումբը հայրենի հանրութեան եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներէն ժամանած արուեստասէրներուն պիտի ներկայանայ մէկուկէս ժամնոց ամբողջական յայտագիրով մը, որ ամփոփումը պիտի ըլլայ նախորդ երկու տարիներուն Լիբանանի մէջ ներկայացուած «Յաւերժի ճամբորդը» եւ «Ոսկէ ձայնապնակը» ներկայացումներուն: Փառատօնին ծիրին մէջ, 29 յուլիսին ժամը 19:00-ին, «Արին» պարախումբը ելոյթ պիտի ունենայ Վեդի քաղաքի կեդրոնական թատրոնի 1200 հոգինոց դահլիճին մէջ:
Այս առիթով, «Արին» պարախումբը պիտի մասնակցի նաեւ Նորքի Հայորդաց տան երգի եւ պարի համոյթի ելոյթին` հինգշաբթի, 26 յուլիս 2012, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ հայրենի պարախումբերու, արուեստագէտներու եւ անհատ կատարողներու հետ` աւելի մօտէն ծանօթանալու համար հայկական մշակոյթին: Խումբի անդամներուն համար նախատեսուած են պտոյտներ եւ ճանաչողական այցելութիւններ` Հայաստանի պատմական վայրեր եւ մշակութային հաստատութիւններ:
Նշենք, որ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին կը մասնակցին 34 պարախումբեր աշխարհի տարբեր երկիրներէն, 11 երգչախումբեր, ինչպէս նաեւ` պարի եւ երաժշտութեան 42 անհատ կատարողներ:

