Երիտասարդական Պրիսմակ. Բաց Նամակ Դաշնակցական Պատանիին` Խանասորի Արշաւանքին 115-Ամեակին Առիթով (25 Յուլիս, 1897)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Եթէ հաւատացողն ենք դաշնակցական առհաւական արժէքներու անժամանցելիութեան:
Եթէ յանձնառու ենք պահպանումին` փառապանծ անցեալի մէն մի պատմակերտ ու քաջազուն դրուագի խորիմաստ նշանակութեան:
Եթէ կոչուած ենք ապրելու եւ ստեղծագործելու նախնեաց սրբազան կտակին ականջալուր:
Եթէ նախանձախնդիր ենք ջանասիրութեամբ եւ հպարտօրէն տէր կանգնելու ազգային պատկանելիութեան:
Եթէ ուխտած ենք Արարատին, բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումին ու նորանկախ հայրենիքի հզօրացումին:
Ապա նաեւ` տէրն ենք այն համոզումին, որ, աւելի քան 120-ամեայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կենսալից պատմութիւնը հարկ է, որ դառնայ իրերայաջորդ սերունդներու ներշնչման աղբիւր, ինքնակերտումի եւ ճանաչումի փարոս, ինքնավստահութեան ջահ եւ անխառն ապրումներու հնոց:
Ուստի, պարտաւոր ենք ամէն քայլափոխի լոյսին բերել, բոցավառել, մատղաշ սերունդի հոգիները հրդեհել, գիտակցութեամբ ու գիտականութեամբ առաջնորդուելու տրամադրութիւն ցուցաբերել, վերանորոգուելու կամք դրսեւորել, դէպի ապագան հայելու ջիղեր պրկել, յանուն դաշնակցական գաղափարական աշխարհահայեացքի ջրդեղման` նորովի ընկալումին եւ կենսունակութեան պահպանման:
Անցնինք:
Հետագայ տողերը լաւապէս պիտի բացատրեն, թէ ինչո՛ւ պէտք է առհասարակ, ազգային պատմագրութեան ու մա՛նաւանդ դաշնակցական գրականութեան մաս կազմող նուիրական այս արշաւանքին խորհուրդը առնչել պատանեկանի ու երիտասարդականի մեր շարքերուն:
Միթէ պատահականութեա՞ն վերագրել քաջարի այս արշաւանքին հոգեգրաւ ազդեցութիւնը, առինքնելու կարողականութիւնն ու սրտերը թնդացնելու անոր հմայքը:
Յայտնապէս, ինչպէ՛ս հասկնալ նման սխրանքի մը սաւառնումը իրերայաջորդ սերունդներու մտքի պաստառին ու հոգիի շտեմարանին վրայ, նաեւ 115 տարիներու ծանրութեամբ յագեցած անոր հնչեղութիւնը` թարմութեամբ վկայակոչել, ապրիլ ու ապրեցնել, շնչաւորել ու ներշնչել, զայն տեղադրելով ազգային ազատագրական պայքարին վսեմագոյն էջերու գագաթին:
Փաստօրէն, պատմական այս դրուագին համառօտ ակնարկ մը խորքին մէջ անոր վեհափառ արժանիքներուն վերահաստատումն է, պատկանելիութեան ընդգծումն ու համազգային տարողութիւնը` իբրեւ պայքարի անժամանցելի արժեչափ ու ազատօրէն ապրելու անկրկնելի արարք:
115 տարիներ առաջ, Վանայ ծովուն հարաւ-արեւելեան շրջանի Խանասորայ դաշտին վրայ դաշնակցական ֆետայիներու վրիժառական յաջողութիւնն ու երկնած յաղթանակը պսակադրումն իսկ էր հետագայ բոլոր ռազմական գործողութիւններուն, որոնք պիտի թափ ստանային եւ առհասարակ բարոյահոգեբանական ամուր կռուան հանդիսանային` բարբարոս թուրքին դէմ աննահանջ կռուելու եւ շղթայազերծուած պայքարին յարատեւութիւնը ամրապնդելու:
Իրօք, ատենին անկիւնադարձային համարուեցաւ այս արշաւանքը, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ տակաւին իր ծնունդի հնգամեակը հազիւ բոլորած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր կարգին ծնունդ կու տար այլ հերոսական նուաճումի մը, որով կը պարծենանք առանձնաբար ու պէտք է, որ պարծենայ ազգը համակ, իբրեւ հպարտութեան ու ներշնչումի զուլալ աղբիւր:
Ընդգծում մը:
Խանասորայ արշաւանքի պատմական սխրանքին առընթեր, անվարան հարկ է շեշտել անոր համազգային պահուածքն ու խոր նշանակութիւնը, որովհետեւ անոր կայացումը էապէս կ՛առնչուի եզակի յեղափոխականներու այն խումբին, որ երբ թուրքի ճնշումին տակ փորձ կը կատարէր հեռանալ Վանէն դէպի պարսկական սահման, կը թակարդուէր քիւրտ մազրիկ ցեղախումբին կողմէ եւ գրեթէ կը բնաջնջուէր` ուժգին հարուած մը տալով հայ յեղափոխութեան:
Արդ, իրարու ետեւէ կը նահատակուէին դաշնակցական Պետոն, արմենական Աւետիսեանը եւ հնչակեան Մարտիկը, եւ հոյլ մը նուիրեալ ֆետայիներ, որոնց վիճակուած էր քիւրտ դաւադիր ու նենգ արարքին զոհը դառնալ:
Օրին, սրբազան տղոց նահատակութիւնը ցնցիչ ու խոր հիասթափութեան պատճառ էր դարձած: Հարուածը ծանր էր, նահատակ ֆետայիներու թուային պատկերը` ուղղակի սահմռկեցուցիչ:
Նման արտասովոր մթնոլորտի ու ստեղծուած կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուէր այս անգամ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, պատժական արշաւանքի մը նախաձեռնութեամբ հոգեզինուելու եւ հայութեան կորովի ու ինքնավստահութեան վերականգնումին լծուելու:
Իրաւամբ, ատենի քաղաքական, ֆետայական եւ ժողովրդական մակարդակի կացութիւններու առկայութեան, հաւանաբար, դժուար իրագործելի առաջադրանք մը պիտի ըլլար այդ մէկը` նկատի առած հակոտնեայ իրադրութիւններն ու ընձեռնուած ժլատ կարելիութիւնները:
Այսուամենայնիւ, գերազանցապէս մարտական այս արշաւանքէն ուսանելին կը մնայ այն, որ դեռ կանուխ ժամանակէն, ազգային ազատագրական պայքարի իսկ սկզբնաւորութեան, դաշնակցական իրականութեան եւ ֆետայական շարքերուն մէջ կը գտնուէին նոյնպէս գերազանց անհատականութիւններ, որոնց ապագայատես ռազմագէտի, յանդուգն, քաջասիրտ, ազգանուէր եւ հայրենասէրի կազմաւորումը պիտի նպաստէր, որ անոնք յաջողէին հայոց պատմութեան վճռորոշ մէկ հանգրուանին` ցուցաբերել այնպիսի վճռակամութիւն եւ անյողդողդ կամքի հասունութիւն, այլապէս կարենալ շրջանցելու անշրջանցելի խոչընդոտներն անգամ` յանուն ազգային արժանապատուութեան պահպանումին եւ ֆետայիի կերպարին առաւել պայծառացումին:
Փաստօրէն, դաշնակցականի իւրայատուկ ղեկավարի ու հայդուկապետի իր տիպով յատկանշուող Նիկոլ Դումանի խանասորեան արշաւանքի մտայղացումը արդէն իսկ նուաճումն մըն էր ինքնին, իսկ անոր յաջողութեան եւ կենսագործումին համար տարուած աշխատանքը, անասելի դժուարութիւններու (ներքին տարակարծութիւններու եւ արտաքին ճակատի վրայ մարդուժի եւ զինամթերքի յանձանձում) յաղթահարումը, կազմակերպչական երկարատեւ աշխատանքի հունաւորումը, եղած էին դաշնակցական գործիչներու ամբողջ մտասեւեռումը` յանուն արշաւանքի յաջողութեան:
Յիրաւի, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ռայոնական ժողովի (1896-97) բովէն անցած ու վկայակոչուած այս արշաւանքին խորհուրդը կը պարփակէ այնպիսի նախադրեալներ, որոնք յաւերժահունչ են ու կը մնան իբրեւ գօտեպնդիչ տարրեր` ազգային մեր կեանքի հունաւորումին համար:
Իրօք, պատեհ է արձանագրել, որ, եթէ երբեք գոյութիւն չունենային Նիկոլ դումանեան երկաթեայ ու կարգապահ կամքի հզօրութիւնը, ռազմավարի բացառիկ ունակութիւնն ու ստանձնուած գործի հանդէպ լրջութիւնը, մարդկայնական ըմբռնումներու անոր վեհափառ սկզբունքը` «երբեք չդպչիլ մանուկին, կնոջ ու ծերունիին», ապա նաեւ` ընկերական ոգիի ամէնէն փայլուն արտայայտութիւնը, ի հարկին ընդունելով յիսնապետի մը պաշտօնը, եւ այս բոլորի վեր ու առանձնաբար , ազգային արժանապատուութեան տէր կանգնելու ամենավսեմ գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` զազիր թշնամիին հանդէպ բիրտ ըլլալու աներեր կեցուածքը, ապա որոշակիօրէն նման արշաւանքի մը իրագործումը դժուար թէ իրականութիւն դառնար:
Սալմաստէն ընթացք առած, Արաուլ լերան լանջէն անցնելով ու տարբեր դիրքերէ ռազմադաշտի լաւապէս ուսումնասիրութեամբ, արդէն ահազանգը կը տրուէր հայոց պատմութեան ամէնէն փառահեղ ճակատումներէն մէկուն, ուր պիտի անմահանար հայ մարտունակ դիմագիծի ուժական արտայայտութիւնը:
26-27 յուլիս, 1897:
Խանասորայ դաշտին ամբողջական համայնապատկերը, ուր կայք էին հաստատած քիւրտ մազրիկ ցեղի հրոսակները իրենց Շարաֆ բեկով, արդէն յստակ էր արշաւախումբին մաս կազմող աւելի քան 250 ֆետայիներուն համար, որոնք յանկարծակի բերելով դաւադիրները, յարձակումով մը պիտի կարենային ահ ու սարսափի մատնել թշնամին, կոտրել անոր դիմադրելու կարողութիւնն ու կորովը եւ նուազագոյն վնասով իսկ ապահովել դաշնակցական ֆետայիի փայլուն յաղթանակը:
Խանասորայ դաշտին վրայ նահատակուած հայդուկներու արիւնը եթէ մէկ կողմէ նուիրագործեց պատուով մեռնելու ֆետայիի կերպարը, ապա միւս կողմէ` շաղախը հանդիսացաւ հայոց յեղափոխական շարժման ամրագրումին եւ հզօրացման:
Յստակացնենք:
Յաճախ կը հանդիպինք ակնարկութիւններու, հաւանաբար իրաւացիօրէն, թէ անցեալի պատմութեան լուսաւոր էջերու առընթեր այսօրուան կեանքի հետ անոնց առնչութիւնը, որքանո՞վ իրենց հնչեղութիւնը կը պահեն, կամ` նորահաս սերունդը ինչպիսի՞ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ, երբ անոնց առօրեան կլանած են արհեստագիտական բազմապիսի երեւոյթներ, կեանքի նորարար մօտեցումներ եւ ապրելակերպի խաժամուժ սովորութիւններ:
Խորքին մէջ, վերեւ նշուած ու նմանօրինակ բազում հարցադրումներուն միանշանակ պատասխան է տուած նոյնինքն հերոսական այս դրուագը, որ աւելի քան հարիւր տարիէ կը շարունակէ փարոս հանդիսանալ իրերայաջորդ սերունդներու իբրեւ ցուցանիշ ինքնաճանաչման, մարդակերտումի եւ ազատասիրութեան:
Այս առումով, դաշնակցական պատանին ու երիտասարդը, որ ծնունդն իսկ է ճակատագրուած սփիւռքին, եթէ երբեք ժառանգորդն է իր նախնեաց փառքին ու ազգային ըմբռնումներուն, ապա բոլորէն աւելի պարտաւորուած է ինքնաճանաչումի ուղին ջրդեղել եւ վերապրիլ անզուգական հերոսներու կեանքն ու գործունէութիւնը, ոչ թէ սոսկ առիթներով յիշելով զանոնք, այլեւ` առաւել ինքնավստահութեամբ, պայծառ մտածողութեամբ եւ ստեղծագործ ունակութեամբ լծուելու դաշնակցական ամէն արժէքի վերարժեւորման եւ վերանորոգման:
Փաստօրէն, կա՞յ աւելի դաստիարակիչ եւ ներշնչող օրինակ քան անցեալի հերոսագրութիւններու նորովի ընկալումն ու մատուցումը` օգտագործելով արդի ժամանակներու արհեստագիտական նուաճումներն ու անհատական շնորհալի կարողականութիւնները:
Ինչպէ՛ս կարելի է դաշնակցական աւանդներու ամէնէն վսեմ օրինակները կեանքի կոչել, առանց թափանցելու անոնց էութեան խորքը, ապրելու ու վկայակոչելու անոնց իրաւութիւնն ու անժամանցելիութիւնը:
Այսօր, «Դիմատետր»-ի սերունդէն մեծ բան է ակնկալել, որ իր ժամանակակից կեանքին ագուցէ նաեւ անցեալի սրբազան արժանիքները, որոնք պիտի ներշնչեն զինք, զօրացնեն առաւել եւս, աւելի ընդունակ եւ համարձակ պիտի դարձնեն` դիմագրաւելու համար կեանքի նոր պայմաններն ու դժուարութիւնները:
Ինչով է սխալած աւանդապաշտ այն դաստիարակը, որ լծուած է սերունդներու կողմնորոշման, անոնց մօտ հպարտութեան ամրացման, անձնդիր կեանքի մը առաւել ցայտումին, զանոնք մղելու գիտութեամբ զրահաւորուելու հրամայական պահանջին, որպէս արժանի ժառանգորդները վեհափառ անհատականութիւններու:
Միւս կողմէ, փոխան կարգախօսերու եւ մեղադրանքներու, թէ նորահաս սերունդին մօտ տակաւ կը կորսուին ազգային ու մարդկային արժանիքներ, կը մտածե՞նք հաւաքաբար ձերբազատիլ կարծրատիպ ու եսակեդրոն մօտեցումներէ, պարզապէս պատեհութիւն ստեղծելու ինքնադրսեւորման` պատանեկանի եւ երիտասարդականի տարիքին, նորարար մտածումներու եւ աշխատանքներու թափ տալու համոզումէն թելադրուած:
Իրենց կարգին, պատանեկանի եւ երիտասարդականի մեր շարքերը առհասարակ միութենական իրենց կեանքին մէջ ցոյց կու տա՞ն ինքնաորակաւորման աստիճանաչափ, համոզուած աշխատանքի տիպար օրինակ, ստեղծագործական կիրք, անցեալի փառահեղ պատմութեան ու սրբազան հերոսներու կեանքին ու գործունէութեան արժանահաւատ մատուցում:
Այո՛, դասականացած ներկայացումներ` ձեռնարկ, թատրոն թէ պատշաճ հանդիսութիւններ, թէեւ պիտի շարունակեն մաս կազմել մեր կեանքին, այդուհանդերձ, տակաւին կը սպասենք նոր մտայղացումներու շքերթը ապրիլ` ի տես ապշեցնող մերօրեայ կարելիութիւներու:
Այն հարցադրումին, թէ ինչո՞ւ կը բացակային նորարար մտքեր եւ իրագործումներ, կարելի է պատասխանել, թէ` որովհետեւ մեր առօրեայէն վանած ենք անցեալի սխրանքներուն իրաւութիւնը, անզուգական հերոսներու բացառիկ արժանիքները ու մանաւանդ` կորսնցուցած մեր նախնեաց վաստկած յաջողութիւններուն առանցքը հանդիսացող կամքի, անվեհերութեան, դիմակայութեան ու թշնամիին յաղթելու վճռակամութեան:
Խանասորայ դաշտին վրայ դաշնակցական ֆետայիներու թշնամիին գլխուն տեղացուցած կարկուտները ուղեցոյց են գալիք սերունդներուն, գօտեպնդող եւ վերասլաց իրենց խորհուրդով:

