Խանասորի 115-Ամեակին Եւ Հայ Պատանիի Օրուան Առիթով Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Մեր շուրջը հետզհետէ տարածուող անտարբերութեան, օտարացումի, հայկական արժէքներու ուրացումի, աւանդութեանց եւ ժողովրդային բարքերու աստիճանական մոռացումի, հայ մարդու հայկական դիմագծի աղաւաղումի, արդիականութեան սիրոյն ազգայինն ու մերը մերժելու համատարած հիւանդութեան այս վտանգաւոր ժամանակահատուածին, երբ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի պատանեկան միութիւնը Խանասորի արշաւանքի 115-ամեակը կը տօնակատարէ Պատանիի օրուան առիթով, անտարակոյս մեր սրտերը կը հրճուին, մեր հոգիները հպարտութեամբ կը խայտան ու մեր մտքերը ամբողջական գիտակցութեամբ կը բռնցքուին` բարձրաձայն գոչելու, որ ո՛չ, մենք տակաւին կա՛նք ու ամուր ենք, կա՛նք ու աւելի պիտի ամրանանք, կանք ու մեր նպատակներուն անպայման պիտի հասնինք:

Ա՛յս կը տեսնեմ ես ձեր աչքերուն մէջ, սիրելի՛ պատանիներ, ու ձեզի կը հաւատանք մենք`  դաշնակցական երէց ընկերներու մեծ փաղանգը` Լիբանանէն Հայաստան ու Արցախ, Ջաւախքէն հեռաւոր Ամերիկա եւ Աւստրալիա, Եւրոպա թէ Իրան ու արաբական աշխարհ: Ու այդպէս կը հաւատան հայկական գրաւեալ հողերու` Արեւմտեան Հայաստանի թէ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը կամ հայութեան վերադարձող բեկորները:

Պատանիի օրուան զուգորդումը Խանասորի արշաւանքի 115-ամեակին, բնականաբար պատահականութեան արդիւնք չէ, այլ` տասնամեակներէ ի վեր դաշնակցական աւանդութեան մը վերակենդանացումը, որ կը միտի Խանասորի արշաւանքէն քաղուած դասերով վերարծարծել դաշնակցական մարդու սկզբունքները ու անոնց թելադրականութեամբ դաստիարակել, պատրաստել, գօտեպնդել Դաշնակցութեան եկող նոր սերունդները, մեր աննման տղաքն ու աղջիկները, վաղուան զոհաբերող հայորդիները ու հայ եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ նորածիններ մկրտուելէ ետք, ստանալ պատանիի մկրտութիւնը, դաշնակցական պատանիի մկրտութիւնը:

451 թուականի միօրեայ Վարդանանց պատերազմի մէկ տարբերակն է 1897 թուականի յուլիս 24 – 25-ի միօրեայ Խանասորի արշաւանքը:

1896-ի գարնան թրքական  բանակը, քիւրտ աշիրէթներու եւ հրոսակային խումբերու օժանդակութեամբ, տասնամեակներու վրայ երկարող ճնշումի, բռնութեան, խժդժութեանց, կեղեքումի, հարստահարութեան, բռնաբարումի, հաւաքական թէ անհատական արժանապատուութեան ոտնակոխումի, ազգային թէ կրօնական իրաւունքներու ոտնահարման իր քաղաքականութիւնը գագաթնակէտին հասցնելով` պաշարումի տակ կ՛առնէ Վանը ու անխնայ կը հարուածէ շրջանի հայկական բնակավայրերը: Հայութիւնը իր բոլոր հատուածներով` դաշնակցական, հնչակեան ու արմենական, ամբողջ շաբաթ մը հերոսական դիմադրութիւն կը ցուցաբերէ, սակայն ուժերու անհաւասարութեան պատճառով եւ եւրոպական հիւպատոսներու միջամտութեամբ, համաձայնութիւն կը գոյացուի, որ յեղափոխական ուժերը դուրս ելլեն Վանէն եւ փոխարէնը` թրքական ուժերը դադրին ազգաբնակչութիւնը հարուածելէ: Դէպի  պարսկական սահման իրենց  նահանջին ընթացքին կռուող մարտիկները, թիւով աւելի քան հազար, կը ջարդուին:

1897-ին գումարուած Դաշնակցութեան Ռայոնական ժողովը կ՛որոշէ այս ջարդերու մասնակից ու Աղբակի հայութեան  պատուհաս Շարաֆ պէկն ու անոր մազրիկ ցեղը պատժել:

Յուլիս 24-25 լուսցող առաւօտ արդէն դաշնակցական 250 հայդուկներ յարձակում կը գործեն մազրիկ ցեղին վրայ` ոչնչացնելով տղամարդիկն ամբողջ, խնայելով կիներն ու երեխաները: Դաշնակցութիւնը կու տայ թիւով 20 նահատակներ: Շարաֆ պէկ կնոջական հագուստով փախուստ կու տայ, իսկ շրջակայ քիւրտ աշիրէթները կը խուսափին ճակատումէ: Դաշնակցական նահատակներուն մարմինները կը թաղուին քիւրտերու հետ հաւաքական գերեզմանի մը մէջ, որուն տապանաքարին վրայ կը գրուի` «Հոս կը հանգչին երկու ցեղերու կտրիճներ»:

Խանասորի արշաւանքը առաջին հերթին պատժական արարք էր: Դաշնակցական Ա. ընդհանուր ժողովով իսկ որոշուած հայութեան թշնամիները պատժելու ամենախօսուն ու պանծալի արարքներէն մէկը, որ ոչ միայն լայն արձագանգ գտաւ քիւրտ եւ թուրք շրջանակներու մէջ, այլ օրուան միջազգային մամուլն անգամ արձագանգեց անոր:

Պատմական այս արարքը ուղղուած էր առաջին հերթին թշնամիին դէմ: Այլ խօսքով, յիշեցում էր բոլոր անոնց, որոնք համարձակած են հարուածել հայութիւնը: Յիշեցում, որ կ՛ըսէր, թէ հայութեան դէմ սուր բարձրացնողը կը պատժուի Դաշնակցութեան կողմէ: Այդպէս գործեց Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն եւ այդպէս շարունակեց գործել ու կը գործէ տակաւին:Պատմական այս արարքը իր թելադրականութիւնը ունէր ներհայկական իմաստով: Վանի ջարդը թէ Արեւմտահայաստանի մէջ շարունակուող թրքական ոճիրները յուսահատութեան որոմներ սկսած էին սերմանել հայութեան մէջ: Վախը, սարսափը բոյն դրած էին հայկական նահանգներուն մէջ: Տկար հոգիներ, դիւանագէտ գիտոսիկներ, բարի դրացնութիւն խաղացողներ, մեր ուժը մեր տկարութեան մէջ է քարոզողներ, թուլամորթ շրջանակներ հայկական յեղափոխութեան լուծարքը կ՛երազէին: Խանասորը ուղղուած էր այդ հայերուն եւս: Եւ Խանասորով Դաշնակցութիւնը կը վերյիշեցնէր իր հիմնադրութեան օրէն իսկ բազում անգամ կենսակոչած իր հաւատամքը, թէ հոն, ուր Դաշնակցութիւն կայ, տկարութիւնը տեղ չունի, հոն, ուր Դաշնակցութիւն կայ, հայութիւնը անպաշտպան չի կրնար մնալ, հո՛ն, ուր Դաշնակցութիւն կայ, հայութիւնը կը տոկայ ու կը գոյատեւէ: Այդպէս գործեց Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն ու այդպէս կը շարունակէ գործել:

Խանասորի արշաւանքի մասնակից 250 եւ աւելի հայդուկները եկած էին մեծ թիւով հայկական գիւղերէ ու կը ներկայացնէին ժողովրդային բոլոր դասակարգերը, հոն էին անուս ֆետային ու մտաւորական հայը, հոն էին աշխարհական գիւղացին ու կրօնական քահանան, հոն էին արհեստաւոր հայդուկն ու բժիշկ կտրիճը, հոն էին հարուստին զաւակը եւ օրապահիկը շահող երկրագործ մշակը: Ու այս բոլորը միասնաբար «կանանց երբեք ձեռք չտալու» հրահանգով, «մի ժամուան մէջ մազրիկ ցեղը ջնջեցին»:Ժողովրդային յեղափոխութեան լաւագոյն օրինակը հանդիսացող, բազմատարր մասնակցութեամբ ընդգրկուն այս արշաւանքը, Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան, համահայկականութեան եւ անխտրականութեան գերագոյն մէկ արտայայտութիւնն է եւ` բնական ճառագայթմամբ: Այդպէս գործեց Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն ու այդպէս կը շարունակէ գործել:

1897 յուլիս 21-ի գիշերը, Խանասորի դաշտէն քիչ հեռու, դաշնակցական Մարոյի ձեռակերտ Դաշնակցութեան դրօշին տակ 250 մարտիկներ ֆետայի Տէր Գրիգոր քահանայի հովանաւորութեամբ կը կատարեն իրենց երդումը:

Սիրելի՛ պատանիներ, լաւ ունկնդրեցէք երդումին իւրաքանչիւր բառը: Երդումը 115 տարի առաջ կատարուած է ու աւելի քան կենդանի է մինչեւ այսօր:

Երդում կատարողները բարձրաձայն կ՛ըսեն. «Ես` ՀՅ Դաշնակցութեան ֆետայիս, ազատ կամքով Դաշնակցութեան յաղթական դրօշակի տակ մտնելով` կու տամ այս երդումը կուսակցութեանս «Վրէժ» Կեդրոնական կոմիտէին:

«Երդւում եմ Քրիստոսի ազատարար խաչով,
«Երդւում եմ տառապեալներու պաշտպան քաջազնական սրով,
«Երդւում եմ բռնութիւնը կործանող հրացաններու որոտմամբ,
«Որ չեմ դաւաճաներ հայրենիքին,
«Որ չեմ դաւաճաներ Դաշնակցութեան
սրբազան դրօշակին,
«Որ չեմ դաւաճաներ հայդուկի վեհ կոչման,
«Որ չեմ դաւաճաներ մեր քաջազնական  զէնքերուն,
«Որ չեմ դաւաճաներ մեր ղեկավարներուն:
«Մենք պարտաւորուած ենք մինչեւ մեր արեան վերջին կաթիլը, մինչեւ վերջին շունչը մեր ամբողջ զօրութեամբ պաշտպանել մեր դրօշակը, մեր ընկերները եւ մեր ղեկավարները:
«Ա՛յդ կը պահանջէ հայրենիքի ազատութեան սրբազան գաղափարը, ա՛յդ կը պահանջէ իսկական հայդուկի բարձր կոչումը, այդ կը պահանջէ ընկերական, մարդկային պարտքը»:

Սիրելի՛ պատանիներ,

Խանասորի դաշտին վրայ այս երդումը կատարող 250 դաշնակցական հայդուկները արդեօք գիտէի՞ն, թէ 115 տարի ետք, Խանասորէն շատ հեռու, սփիւռքի հայութիւնը պիտի ունենար Լիբանան անուն բաբախող սիրտ մը, ինքնապաշտպանութեան եւ յեղափոխական գործով հարուստ ամրոց մը, ուր պատանիներ պիտի գան եւ խոստում կատարեն դառնալու դաշնակցական պատանի:

Խանասորի քսան նահատակները եւ հայութեան դատին համար ինկած հազարաւոր նահատակները գիտէի՞ն արդեօք, որ իրենց վառած ջահը բարձր պիտի պահուի պատանիներու կողմէ, հո՛ս, որոնք պիտի խոստանան քալել անոնց փշոտ ուղիով:

Սիրելի՛ պատանիներ,

89 տարի առաջ, 25 մարտ 1923-ին Ժիպէյլի որբանոցէն 7 որբեր հիմը դրին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան: 7 որբերու կողմէ հիմնուած պատանեկան միութիւնը ամբողջ 89 տարիներ վերածուեցաւ Լիբանանի հայութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ջրատար գետը, որ հարստացուց հսկայ կարիքներով լեցուն ծովը: Պէյրութէն Այնճար, Թրիփոլիէն Պուրճ Համուտ, Ժիպէյլ, Զահլէ, Ժունիէ, Անթիլիաս, Ֆանար, Տըքուանէ` պատանեկան մեր միութիւններու անդամ պատանիները եղան այն սերմերը, որոնք ծլարձակելով` վերածուեցան մեծ ծառերու, աւելի ու աւելի ամրացնելով Դաշնակցութեան հսկայ կաղնին:

Սիրելինե՛ր,

Կեանքի ներկայ պայմանները հարուստ են զուարճութեան, հաճոյքի պահերով: Դուք այն տարիքին էք, որ կրնաք եւ իրաւունքը ունիք ըլլալու հոն: Սակայն դուք նախընտրած էք այդ  հաճոյքը վերածել միաժամանակ հոգեկան վայելքի` միանալով դաշնակցական պատանեկան միութեանց:

Եւ երբ խոստումը տաք քիչ ետք, դուք պիտի զգաք, որ տարբեր էք այլեւս ձեզի  տարեկից միւս պատանիներէն: Դուք Խանասորի դաշտի երդումը կատարող հայդուկներուն ժառանգորդներն էք այսուհետեւ:

Ու պիտի պահէք այդ երդումը:

Ձեր պատանիի խոստումը պարզ խօսքեր չեն, այլ` պարտականութեան ստանձնում:

Բարձր պահեցէք եւ գործադրեցէք պատանիի տասնաբանեան: Ձեզի միացուցէք ձեզի տարեկից ընկերները: Ձեզի հետ բերէք հայութենէն աստիճանաբար հեռացող տղաքն ու աղջիկները: Ձեր խիտ շարքերով զօրացուցէք հայութիւնն ու Դաշնակցութիւնը: Ձեր խիտ շարքերով միշտ բարձր ու ծածանող պահեցէք հայութեան ու Հայաստանի դրօշ եռագոյնը:

Եղէք մոլեռանդ հայեր, յարգանք պարտադրեցէք ձեր շրջապատին ու յարգեցէք ուրիշները:
Քաջօրէն սուտին սո՛ւտ ըսէք, ճշմարիտին ճշմարի՛տ:
Եղէք աշխատասէր ձեր ապագային ու հայութեան ապագային համար:
Պաշտեցէք խաչը եւ ժողովուրդին բոլոր սրբութիւնները:
Յարգեցէք ձեր ծնողները եւ եղէք կարգապահ, ծառայասէր ու ընկերասէր:
Դուք այլեւս դաշնակցական պատանի էք:
Հպարտ ենք ձեզմով:
Դուք էք Դաշնակցութեան ապագան,
Դուք էք հայութեան ապագան,
Հայրենիքը ձեզ կը սպասէ,
Տուէք ձեր դաշնակցական պատանիի խոստումը եւ արժանի մնացէք այդ խոստումին:

Share this Article
CATEGORIES