ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ, ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Վարդանանց դիւցազնամարտը դարեր շարունակ հոգեկան սնունդ ներարկեց հայ մարդուն արեան մէջ: Քաջարի այդ սերունդին ապրած օրերէն մինչեւ այսօր մենք ապրեցանք Վարդաններու տեսիլքով, ու մեր ամէնէն յուսահատական, ամէնէն հոգելլկիչ օրերուն այդ հերոսամարտը ուժ ներշնչեց, կամք տուաւ, եռանդ փոխանցեց մեզի` միշտ ի մտի ունենալով այն հզօր մարտահրաւէրը, զոր մեր պապերը ուղղեցին Պարսից հզօր արքային, թէ` «այս հաւատքէն ո՛չ ոք կրնայ խախտել մեզ, ոչ հրեշտակները, ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուր, ո՛չ հուր»:
Հաւատքն ու հայրենիքը իրենց կեանքէն վեր դասող մեր պապերուն վճռակամութիւնը անխափան կը շարունակուի: Վարդանանց սխրագործութիւնը իրագործող ժողովուրդը չէր կրնար լռել պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դիմաց, եւ ի վերջոյ չլռեց համայնավարութեան անարդարութեան իբրեւ հետեւանք ստեղծուած Ղարաբաղի տխուր իրավիճակին առջեւ: Հոս եւս յաղթանակեց Վարդանանց ոգին, եւ որպէսզի միշտ վառ մնայ յաղթական այս ոգին, միշտ կենդանի ու վարակիչ ըլլայ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Այնճարի «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տօնուեցաւ այս յաղթանակներու յիշատակը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 3 մարտ, 2011-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի Հայ կաթողիկէ սրահին մէջ, ներկայութեամբ գիւղի հոգեւոր հայրերուն, քաղաքապետին, պատկան մարմիններուն ներկայացուցիչներուն, միութեանց ներկայացուցիչներուն եւ այս յաղթանակներուն հաւատացողներու բազմութեան մը:
Հայաստանի եւ Լիբանանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Լաքիսեան: Իր խօսքին մէջ Լաքիսեան շեշտեց Վարդանանց յիշատակը ոգեկոչելու կարեւորութիւնը եւ անդրադարձաւ Փետրուարեան ապստամբութեան ու Արցախեան ազատագրական պայքարի սխրագործութիւններուն, ապա ան հրաւիրեց օրուան առաջին դասախօս Հրայր Ճէպէճեանը:
Ճէպէճեան իր խօսքը սկսաւ Այնճարի մէջ ունեցած եկեղեցական իր գործունէութեանց մասին դրուագով մը, ապա խօսեցաւ արաբական աշխարհին մէջ ժողովրդավարութիւն ստեղծելու շարժման մասին, ուր մարդիկ կ՛ուզեն հաստատել օրինականութիւն եւ ազատութիւն: Ան հաճելի զուգորդումով մը արաբական աշխարհի ներկայ իրադարձութիւնները կապեց Վարդանանց օրերու պահանջներուն եւ պատահարներուն, որոնք դրսեւորուեցան ազատութեան փնտռտուքներով: Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ Արցախեան պահանջատիրութեան, Ջաւախքի եւ իսլամացած ու քրտացած հայերու հարցերուն:
Օրուան երկրորդ դասախօսն էր Ազգային «Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ ազգովին ապրելու, ազգովին գոյատեւելու պատգամով մը ներկայացաւ ժողովուրդին: Ան իր ելոյթը երեք հատուածներու բաժնեց.
Նախ սկսաւ Վարդանանց ժամանակաշրջանի ոգիով` նշելով, որ Աւարայրի ճակատամարտով չի սահմանափակուիր Վարդանանց սխրանքը, այլ ան իր արդար արձագանգը գտաւ Նուարսակի դաշնագիրի ստորագրութեամբ, ուր յաղթանակեց հայու ոգին, նոյն այս ոգին յաղթանակեց նաեւ Փետրուարեան ապստամբութեան ընթացքին:
Թաշճեան խօսեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի ռազմատենչ հռետորութեան մասին եւ մատնանշեց Հայաստանի պետութեան ֆութպոլային քաղաքականութիւնը: Թաշճեան կոչ ուղղեց փրկելու քաղաքական կացութիւնը: Անմիջապէս պէտք է հրաժարիլ Հայաստան – Թուրքիա տխրահռչակ արձանագրութեանց ստորագրութենէն: Բանախօսը մտահոգութիւն յայտնեց ներկայ իրավիճակին գծով, այնպիսի պահու մը, երբ ազրպէյճանցիք իրենց բոլոր միջոցներով յարձակումի անցած են, մինչ մենք նոյն եռանդով գործի չենք լծուած: Թաշճեան իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ տողերով. «Չաւարտած ազատամարտը ունի չպայթած ականներ, փշալարեր օձապտոյտ, աչքեր անթարթ, սպասումներ ահարկու…
Ունինք չվերադարձած Կարօտ, դաշնակցական կարօտ, փշալարերէն անդին` Շահումեանի, Գետաշէնի, Բուզլուխի եւ Արծուաշէնի փէշերուն սաւառնող հայրենի կարօտ, վերջապէս հողի կարօտ…
Այս չաւարտած ազատամարտը տակաւին ունի չմրճահարուած արդարութիւն… Նոր Աւարայր…»:
Աւարայրի ճակատամարտէն ետք Փափկասուն տիկնայք վիրժառութեամբ դաստիարակեցին իրենց զաւակները եւ զանոնք մեծցուցին Վարդաններու ոգիով, իսկ Արցախի մէջ դարձեալ հայ կինը իր արդար մասնակցութիւնը բերաւ` այս անգամ զէն ի ձեռին մասնակցելով ազատագրական պայքարին:
Այս առիթով հայ կնոջ դերը ներկայացնող տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ` պատրաստուած Սիւզան Խարտալեանի կողմէ «Ուեր լայզ մայ վիքթըրի» խորագիրով, որուն մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ ժողովուրդը:
Տէր հօր պահպանիչով եւ Վարդանանց ոգիով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:
ԹՂԹԱԿԻՑ