ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ` ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 3 մարտ 2011-ին, մինչ համան հայութիւնը կը յիշատակէր Վարդանանց հերոսամարտի 1560-ամեակը, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ եւս հանդիսաւոր տօնախմբութիւն կատարուեցաւ: Արդարեւ, չորեքշաբթի, 2 մարտին ոչխարներու զենումէն եւ մատաղի պատրաստութենէն ետք հինգշաբթի օր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Վարդանանց պատերազմի օրերուն պատահած դէպքերուն:

«Վարդանանց հերոսամարտը ոգիի, քաջագործութեան, հերոսութեան, նահատակութեան եւ զոհողութեան առիթ է», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան` աւելցնելով, որ այս բոլորին արմատը հաւատքն է, եւ մեր նախահայրերուն քրիստոնէական ամուր հաւատքն էր, որ զիրենք անշարժ պահեց:

Սրբազանը հաստատեց, որ մեր նախահայրերը սուրբ հռչակած են Վարդանանց հերոսները, այս առիթը հանդիսաւորապէս նշած են եւ այս հերոսամարտին մէջ պատմական, յաւերժական պատգամ տեսած են, որովհետեւ անիկա հայ ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքի գեղեցիկ արտայայտութիւնն է: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ այն մահը, որ նպատակ եւ իմաստ ունի, անմահութիւն է` աւելցնելով, որ հաւատքը կառչած կը պահէ մեզ մեր արժէքին վրայ:

Եզրափակելով իր խօսքը` Գեղամ արք. Խաչերեան հարց տուաւ, թէ Վարդանանք ինչո՞ւ այդ բոլոր զոհողութիւնները յանձն առին` նշելով, որ անոնք այդպէս ըրին հայ ժողովուրդի ազատ ու անկախ հաւատքին եւ հայրենիքին սիրոյն` աւելցնելով, որ եթէ մենք ասիկա իբրեւ մեր ժողովուրդի յաւերժութեան պայման ընդունինք, նոյն հաւատքը պիտի ունենանք, ապրինք եւ գործենք:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յովիկ Պիլեմճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց ներկայութեան համար, եւ հրաւիրեց Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեանները` ճոխացնելու մթնոլորտը:

Սիրոյ սեղանի աւարտին խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս տարի նորակառոյց սրահին մէջ կը նշուի Վարդանանց տօնը եւ սրահին շինութեամբ իրականացած է բոլորին երազը: Ան գնահատական խօսք ուղղեց թաղականութեան, որ անկեղծ աշխատանք տարաւ եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ սրահի շինութեան ժամանակ: Ան շնորհաւորեց թաղականութիւնն ու տիկնանց յանձնախումբը նորակառոյց սրահին համար: Ան մաղթեց, որ յառաջիկային նորանոր ծրագիրներ իրագործուին եւ յաջող հանդիսութիւններ տեղի ունենան:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS