«ԱԶԴԱԿ»Ի «ՓԻՒՆԻԿ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆԱՐ

Երէկ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահը հիւրընկալեց ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Զաւարեանական էջ» յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Երիտասարդ գրողներու սեմինարին անդրանիկ հանդիպումը:

Ինչպէս նախորդ երկու տարիներուն, այս տարի եւս աւանդութիւն դարձած այս եռամսեայ սեմինարը կը նպատակադրէ հայկական վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն մօտ արթնցնել սէրը լրագրութեան, յօդուածագրութեան ու հայ գրականութեան նկատմամբ եւ ինչու չէ հետեւողական աշխատանքով պատրաստել հայ երիտասարդ գրողներ:

Նշենք, որ սեմինարին ներկայ գտնուեցան 26 աշակերտներ` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS