«Թրքական Գերիշխանութեան Ոտնահարման Սուրիական Որեւէ Փորձի Պարագային, Թուրքիա Բիրտ Կերպով Վրէժ Պիտի Լուծէ» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սուրիական վարչակարգը զգուշացուց, որ Թուրքիա ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ, եթէ յարձակողական բնոյթի որեւէ վարմունք արձանագրուի` նախատեսելով, որ վարչակարգը սուրիացի ժողովուրդին ձեռքով պիտի տապալի:
Ան նշեց, որ «այն վարչակարգը, որ ամէնօրեայ դրութեամբ իր ժողովուրդը կը սպաննէ արիւնարբու վարչակարգ մըն է, որ պիտի չշարունակէ երկար ատեն գոյութիւն ունենալ եւ ուշ կամ կանուխ պիտի հեռանայ»` աւելցնելով, որ «մենք համոզուած ենք, որ սուրիացի ժողովուրդը, որ իր ազատութեան համար կը պայքարի, յաղթանակներ պիտի արձանագրէ եւ պիտի տապալէ վարչակարգը, որ կը մերժէ բռնարարքները դադրեցնելու ներքին ու արտաքին կոչերը եւ ժողովուրդին ազատութեան ու ժողովրդավարութեան պահանջներուն ընդառաջել»:
Էրտողան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ իրադարձութեանց առնչութեամբ իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու` աւելցնելով, որ Ապահովութեան խորհուրդը սուրիական վարչակարգին հետ խիստ պէտք է վարուի եւ ստիպէ, որ առօրեայ արիւնահեղութենէն դադրի:
Ան նշեց, որ իր երկիրը 2011-էն ի վեր սուրիական կառավարութեան յորդորած է ականջ տալ շրջանին մէջ փչող փոփոխութեան ալիքին` աւելցնելով, որ «եթէ Պաշշար Ասատի վարչակարգը թրքական խրատներուն ականջ տար, Սուրիա ներկայ կացութեան մէջ չէր գտնուեր»: Ան Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութեան ամբողջական պատասխանատուն Ասատը նկատեց:
Էրտողան սուրիական վարչակարգը զգուշացուց «Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամական վարմունքը շարունակելէ»` նշելով , որ իր երկիրը «բիրտ կերպով վրէժ պիտի լուծէ թրքական գերիշխանութեան ոտնահարման սուրիական որեւէ փորձի»:
Մինչ այդ, Իրաքի կառավարութեան բանբեր Ալի Տապպաղ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիան ամբաստանեց Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւն մը ծրագրելու համար:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ հակառակ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը փոխելու կարգ մը երկիրներու փորձերուն, «այդ ծրագիրը տակաւին չէ ձախողած»` նշելով, որ «Իրան այդ ծրագիրին պահպանման համար մեծ աշխատանք տարաւ եւ կարեւոր միջոցառումներ որդեգրեց»:
Մեհմանփարասթ նշեց, որ «Անանի ծրագիրը միակն է, որ կրնայ Սուրիոյ մէջ ապահովութիւն հաստատել, եւ որեւէ այլ ծրագիր, որ Անանի ծրագիրին վրայ կ՛ազդէ, Իրանի մօտ առաջնահերթութիւն չի վայելեր»` շեշտելով, որ «Սուրիոյ մէջ ապահովութիւնը քայքայել շարունակելը կը սպառնայ տագնապը շրջանի երկիրներ փոխանցել»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս «Ֆրանս2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «վերջ ի վերջոյ ո՛չ Ասատ, ո՛չ ալ այլ բռնատէրներ պատիժէն պիտի փրկուին»` նշելով, որ «Ասատի տապալումը անխուսափելի է, ատիկա պարզապէս ժամանակի հարց է եւ որքան շուտ տեղի ունենայ, այդքան լաւ»:
Ֆապիւս կոչ ուղղեց յետասատեան ժամանակաշրջանը նախապատրաստելու Սուրիոյ փոքրամասնութեանց ուղղելով պատգամ մը, թէ ապագայ Սուրիան կը խոստանայ անոնց իրաւունքները պաշտպանել: «Պաշշար Ասատի տապալումը պէտք չէ փոքրամասնութեանց հալածանքի առաջնորդէ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի քիւրտ ղեկավար Ապտել Պասեթ Սիտա երկուշաբթի օր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած էր, որ ինչ ալ պատահի, իրենք պիտի փորձեն միջկրօնական բախումներէ հեռու մնալ:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի «Հայաթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Տոհայի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու յանձնախումբի` իշխանութենէն Ասատի հեռացման վերաբերող որոշումը «շատ կարեւոր է»: Ան ըսաւ, որ «այժմ քաղաքական բարեփոխումներու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, այլ` իշխանութեան փոխանցման»: Ան սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց միանալու եւ փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելու:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ եթէ Ասատ ոչ սահմանադրական ճանապարհով հեռանայ, Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը անվերջանալի կը դառնայ:
Քիմիական Զէնքերու Հարց
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շրջանին մէջ աւանդական սպառազինութեան դիզումին մասին խօսելու ընթացքին նշեց, որ «իսրայէլացի պաշտօնատարներ վերջերս Սուրիոյ կողմէ զէնքերու, մասնաւորաբար քիմիական զէնքերու լիբանանեան Հըզպալլային փոխանցուելուն առնչութեամբ մտավախութիւն յայտնեցին»` աւելցնելով, որ «պէտք է նկատի ունենանք, որ կարգ մը երկիրներու ունեցած զէնքերը կրնայ անպատասխանատու ձեռքերու մէջ յայտնուիլ»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն անհանգստութիւն յայտնած էր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսիի այն յայտարարութեան գծով, ըստ որուն, արտաքին յարձակումի պարագային Դամասկոս կրնայ քիմիական զէնք օգտագործել: «Պարսաւանքի արժանի պիտի ըլլար, եթէ Սուրիոյ մէջ ոեւէ մէկը մտածէր զանգուածային կործանման զէնքի` քիմիական զէնքի գործածութիւնը, իբրեւ հաւանական տարբերակ»` աւելցնելով, որ «ես յոյս ունիմ, որ միջազգային ընտանիքը ատոր լուրջ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ, որ որեւէ նման բան տեղի չունենայ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր կարգին յայտարարեց, որ Սուրիա աղէտալի սխալ կը գործէ, եթէ քիմիական զէնք օգտագործէ: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճորճ Լիթըլ իր կարգին յայտնեց, որ «Սուրիոյ իշխանութիւնները ոչ մէկ պարագայի պէտք է մտածեն քիմիական զէնքի օգտագործման հաւանականութեան հարցին մասին»:
Միւս կողմէ, իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը իր ունեցած քիմիական զէնքերուն հետ պատասխանատու կերպով կը վարուի եւ միջոցառումներ որդեգրած է, որպէսզի անոնք սուրիական ընդդիմութեան կամ «Քայիտայի ծիրին մէջ պտտող կազմակերպութիւններու» ձեռքը չիյնան:
Ապահովական Կացութիւն
Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար Ռիատ Ասաատ ալճերիական «Խապար» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի որեւէ կարելիութիւն չմնաց»` շեշտելով, որ «ճակատամարտերը պիտի շարունակուին` մինչեւ Ասատի վարչակարգի տապալումը»: Ըստ անոր, ընդդիմադիր ուժերը Դամասկոսէն նահանջած են մարտավարական պատճառներով եւ ոչ թէ պարտութիւն կրած են:
Ան անդրադառնալով Սուրիական ազատ բանակի մարտիկներուն կողմէ Քայիտայի դրօշը բարձրացնելուն նշեց, որ «խմբաւորումներ կան, որոնք գումարներ ստացած են սուրիական դիմադրութեան դիմագիծը աղաւաղելու համար: Մենք հետաքննութիւն կը կատարենք իմանալու համար, թէ ո՛վ կատարած է այդ արարքը, եւ կը վստահեցնեմ, որ մեր շարքերուն մէջ Քայիտա չկայ»:
Միւս կողմէ, Հալէպի ծայրամասի Հանանօ, Սուխուր եւ Սալահէտտին շրջաններուն մէջ շարունակուեցան բախումները, որոնց ընթացքին սպաննուեցաւ ընդդիմադիր մարտական ղեկավար Համզա Պաքրի:
«Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սուրիացի երեսփոխան Զուհէյր Ղաննում յայտնած է, որ սուրիական իշխանութիւնները ձերբակալած են Դամասկոսի մէջ անցեալ շաբաթ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիի ականահարման մեղսակից մը: Ղաննում նշած է, որ ձերբակալեալը նշեալ շէնքին մէջ գործող Ազգային անվտանգութեան մարմինին անդամ էր:
«Մայատին» հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ բախումները վերջ գտած են սուրիական բանակին կողմէ Թատամոն, Քատամ, Նահր, Այիշա, Քապուն, Պարզա եւ Սայիտա Զէյնապ շրջանները վերահսկողութեան ենթարկելէ ետք: Այժմ աշխատանքները կեդրոնացած են բախումներու թատերաբեմ դարձած շրջաններուն օժանդակութեան վրայ:
Ապահովական Մարմիններու
Նոր Ղեկավարներու Նշանակումներ
Մինչ այդ, լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ զօր. Տիպ Զէյթուն Սուրիոյ ընդհանուր գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար նշանակուած է, զօր. Ռաֆիք Շահատէ` զինուորական ապահովութեան բաժանմունքի ղեկավար, զօր. Ռուսթոմ Ղազալէ` քաղաքական ապահովութեան բաժանմունքի ղեկավար, զօր. Ալի Մամլուք` Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան գրասենեակի ղեկավար, գնդ. Ապտել Ֆաթթահ Քուտսիա` Ազգային անվտանգութեան գրասենեակի ղեկավարի տեղակալ, իսկ գնդ. Ալի Եունես` զինուորական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար:
Նշենք, որ «Էրոֆլոթ» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ 6 օգոստոսէն սկսեալ կը դադրեցնէ դէպի Սուրիա իր թռիչքները: Մինչ այդ, «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Ռուսիոյ պալթեան նաւատորմիղէն մարտանաւեր ռազմափորձ կատարելու համար մուտք գործած են Միջերկրական ծով` աւելցնելով, որ անոնց պիտի միանան նաեւ երկրին սեւծովեան նաւատորմիղէն մարտանաւեր:


