Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԻՊՐՈՍԻ արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քոզաքու Մարքոլի յայտնեց, թէ Կիպրոս, որ ներկայիս կը նախագահէ Եւրոպական Միութեան նստաշրջանը, կը հաստատէ, որ Եւրոպայի մէջ համախոհութիւն չկայ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ դասելու: Նշենք, որ Մարքոլի հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց իսրայէլացի իր պաշտօնակիցին` Աւիկտոր Լիպըրմանի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Ամիր Քապալան յայտնեց, որ լիբանանցիները դատապարտուած են երկխօսութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ լիբանանեան ներքին տարակարծութիւններուն լուծման լաւագոյն միջոցը ազգային երկխօսութիւնն է:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ ընդվզում յայտնեց ուսուցիչներուն յայտարարած կեցուածքներուն նկատմամբ` աւելցնելով, որ իրենք ընդառաջած են անոնց պահանջներուն, սակայն դժբախտաբար անոնք կը շարունակեն իրենց բողոքը: Ան հաստատեց, որ եթէ պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը չշարունակուի, ապա աշակերտներուն վերաքննութեան առիթ պիտի չտրուի:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ պրէօվէի եւ պաքալորէայի աշակերտներուն քննութիւնները չսրբագրել կը նշանակէ զանոնք գերեվարել: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը ընդառաջած է ուսուցիչներուն ներկայացուցած պահանջներուն 80 առ հարիւրին:

ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ աշխատանքը համակարգող խորհուրդի անդամ եւ Լիբանանեան վարժարաններու

երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու

լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է աշակերտներուն իրաւունքին եւ կոչ ուղղեց անոնց մասնակցելու այսօրուան ցոյցին ու պահանջելու իրենց վկայականները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իր դէմ գործուած մահափորձին յանցանքով ձերբակալուողը Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մաս չի կազմեր` աւելցնելով, որ ան լիբանանցի չէ: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ այդ յանցագործը քաղաքական որոշ կողմէ մը (ոչ Մուսթաքպալէն) հսկայ գումարներ ստացած է:

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակները Պիքֆայայի մայր ճամբուն վրայ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին եւ կարճ ժամանակի համար փակեցին ճամբաները:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն միջեւ նախանցեալ գիշեր արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնք պատճառեցին վիրաւոր մը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումով  Հըզպալլա պիտի չտապալի, «սակայն ես լուրջ մտավախութիւններ ունիմ, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները կրնան իրենց ազդեցութիւնը ունենալ Լիբանանի վրայ», շեշտեց ան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը անշեղ սկզբունք է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ ցաւ յայտնեց, որ երէկուան Ազգային երկխօսութեան նիստը յետաձգուած է` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ երկխօսութեան նիստին կայացման նպատակով նոր թուական մը ճշդելու քայլը դրական կը նկատուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES