Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Նեպիլ Նիքոլան
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլան, որ յայտնեց, թէ այս հանգրուանին Ռայի պատրիարքին այցելութիւնը անհրաժեշտ է` ստանալու համար անոր օրհնութիւնը, որուն մէջ կը գտնուի նաեւ ուժ եւ քաջալերանք` շրջանցելու համար Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները:
Նիքոլա նշեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է Մեթնի բարգաւաճման վերաբերող հարցեր: Ան շեշտեց, որ ինք պատրիարքին ներկայացուցած է Մեթնի բնակչութեան բողոքը եւ անկէ խնդրած այդ բողոքը հասցնել անհրաժեշտ տեղը, որովհետեւ բարգաւաճման վերաբերող բոլոր հարցերը քաղաքականացած են:
Միւս կողմէ, Նիքոլա «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը մերժող քաղաքական կողմերը պատասխանատու են Լիբանանի մէջ արձանագրուելիք որեւէ հարցի:
Պատասխանելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ յարաբերութեան մասին պատասխանի մը` Նիքոլա յայտնեց, որ իրենց եւ Պըրրիի միջեւ հարցեր չկան` աւելցնելով, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն թղթածրարը պատճառ չէ, որ հսկայ դաշնակիցի մը հետ դաշինքը խզուի: Ան ըսաւ, որ այդ հարցը կը լուծուի վարչական եւ օրինական միջոցներով:

