Քոնելլի Կը Դրուատէ Սուրիացի Գաղթականները Ընդունելու Լիբանանի Պատրաստակամութիւնը

Քոնելլի եւ Ապու Ֆաուր

Ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որ հանդիպումէն ետք դրուատեց լիբանանցի ժողովուրդին առատաձեռնութիւնը եւ Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը` Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու առումով:

Քոնելլի վերահաստատեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է սուրիացի գաղթականներուն եւ զանոնք դիմաւորող լիբանանեան ընկերութեան օժանդակութիւն տրամադրելու:

Քոնելլի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է սուրիացի բոլոր գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր ու սուրիական վարչակազմէն անջատուած բոլոր սուրիացիներուն ապահովութեան հսկել:

Ամերիկացի դեսպանը նաեւ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

Share this Article
CATEGORIES