Հըզպալլա Կտրականապէս Կը Հերքէ Երեսփոխան Հարպի Դէմ Մահափորձին Հետ Իր Կապը
Հըզպալլա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հակառակ իր եւ իր ղեկավարներուն դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն ու զրպարտութիւններուն առնչութեամբ լուռ մնալու Հըզպալլայի քաղաքականութեան, սակայն ի տես երեսփոխան Պութրոս Հարպի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ մնայուն կերպով կրկնուող ցեխարձակումներուն, թէ Հըզպալլա ուղղակի կապ ունի Հարպի դէմ գործուած մահափորձին հետ, կուսակցութիւնը կը հաստատէ, որ ինք ոչ մէկ կապ ունի այդ մահափորձին հետ:
Հըզպալլա իր հաղորդագրութեամբ կոչ ուղղեց վերջ տալու նման զրպարտութիւններուն եւ միջադէպերու քաղաքականացումին, որոնց ընտելացած են վերջին տարիներուն ընթացքին:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Պութրոս Հարպ զարմանք յայտնեց, որ Հըզպալլա կը հերքէ իր դէմ գործուած մահափորձին մեղսակցութիւնը` աւելցնելով, որ ինք Հըզպալլան չէ ամբաստանած իր դէմ գործուած մահափորձին յանցանքով:
«Հըզպալլայէն կը պահանջուի ապահովական կառոյցներուն յանձնել իր անդամներէն ան, որ պէտք է հարցաքննութեան ենթարկուի», ըսաւ Հարպ` մաղթելով, որ հետաքննութիւնը իր բնական ընթացքով շարունակուի:

