Զօր. Իպրահիմ Եւ Զօր. Քահուաժի Ընդունեցին Բրիտանիոյ Դեսպանը

Զօր. Իպրահիմ եւ դեսպան Ֆլեչըր

Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներն ու դեսպանատան եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ յարաբերութիւնները:

Եարզէի Մէջ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Ֆլեչըրը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ Ճիլզ Թէյլըրի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ բրիտանական բանակներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:

Ֆլեչըր զօր. Քահուաժիին յանձնեց Բրիտանիա այցելութեան հրաւէր մը:

Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի այլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հետ: Քննարկուեցան սահմանային իրադարձութիւնները եւ բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES