Փոխվարչապետը Այցելեց Աուտէ Եպիսկոպոսին
Փոխվարչապետ Սեմիր Մուքպել երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ ինք այցելած է Աուտէ եպիսկոպոսին շնորհաւորելու համար անոր անուանակոչութեան տօնը:
Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահին կողմէ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին բողոքի նամակ մը ներկայացնելու որոշումին` Մուքպել յայտնեց, որ այդ մէկը բնական է, եւ նախագահ Սլէյման երդուած է պաշտպանել երկրին սահմանադրութիւնն ու անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հողերուն եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:
Մուքպել մաղթեց, որ բոլոր լիբանանցիները յարգեն նախագահ Սլէյմանի կեցուածքը եւ անոր զօրակցին:
Միւս կողմէ, Մուքպել յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին յետաձգումը ժխտական նշան մը չէ, ընդհակառակն` այդ նիստին յետաձգումը առիթ կու տայ նախագահին յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարելու եւ երկխօսութեան յաջորդ նիստը ճշդելու: Մուքպել հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ միայն երկխօսութիւնն է, որ կրնայ յանգիլ լուծման, համաձայնութեան ու համախոհութեան:


