Մանսուր Ընդունեց Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Մէկ Պատուիրակութիւնը
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ ընդունեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Թոնի Ապու Խաթեր:
Հանդիպումէն ետք Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մանսուրի հետ քննարկած են արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ արտերկրի լիբանանցիները Լիբանանի մէջ նաեւ գրանցելու քայլը հիմնական է եւ պէտք է կատարուի:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին ներկայացուելիք Լիբանանի բողոքին` Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մանսուր խոստացած է բողոքի այդ նամակը ներկայացնել:
Ֆաթֆաթ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահը նախանձախնդիր է Լիբանանի գերիշխանութեան նկատմամբ այդ իմաստով ամէն ջանք ի գործ կը դնէ:
«Մենք կը կարծենք, որ սուրիացի դեսպանը դիւանագիտական բոլոր սահմանները անցած է արդէն եւ ինքն իրեն արտօնած է այս ամպիոնէն հանրապետութեան նախագահին դէմ ամբաստանութիւններ կատարել:
«Համոզուած եմ, որ լաւագոյն ձեւը Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը տուն ղրկելն է, եւ այդ պահանջը շատ մը լիբանանցիներուն պահանջն է», ըսաւ Ֆաթֆաթ:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ ինք տակաւին ոչ մէկ բողոք ստացած է լիբանանեան պետութեան, յատկապէս հանրապետութեան նախագահին կողմէ` սուրիացի զինուորներուն կողմէ գործուած սահմանային խախտումներուն առնչութեամբ:
Ալի շեշտեց, որ բողոքելու առումով նախապատուութիւնը պէտք է Սուրիոյ տրուի, որովհետեւ սուրիական զինուորական դիրքերն են, որոնք մնայուն կերպով կրակոցի կ՛ենթարկուին եւ կը ռմբակոծուին լիբանանեան կողմէն, ինչ որ լիբանանեան ապահովական ուժերուն պատասխանատուութեան ծիրին մէջ կ՛իյնայ:
Ալի յայտնեց, որ լիբանանեան սահմաններէն արձանագրուած սահմանային խախտումները իրենց կարգին կը վնասեն լիբանանեան-սուրիական եղբայրական յարաբերութիւններուն:
ՆՇԵՆՔ, որ երեկոյեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Մանսուր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է համբերել` նախքան բողոքի նամակի յղումը եւ ստուգել Լիբանան-Սուրիա սահմանային խախտումներուն մասին հետաքննութիւնը:
Մանսուր նկատել տուաւ նաեւ, որ Սուրիոյ դեսպանը հանրապետութեան նախագահին դէմ ցեխարձակում չէ կատարած` նկատել տալով, որ իրենք կատարուած բոլոր յայտարարութիւններուն կը հետեւին:


