Լոնտոն-2012. Կարճ Լուրեր` Ողիմպիական Խաղերուն Առօրեայէն

Ժաք Ռոկը

Ինչպէս ծանօթ է, 27 յուլիսէն 12 օգոստոս Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոն պիտի հիւրընկալէ 2012-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը:

Հայկական PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը, անդրադառնալով Լոնտոնի առօրեային, կը փոխանցէ կարգ մը հետաքրքրական լուրեր, որոնք առ ի գիտութիւն մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ստորեւ.

ԱՆԳԼԻՈՅ օդերեւութաբանները մտահոգ են, որ Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն բացման հանդիսութեան կրնայ անձրեւ տեղալ:

Ըստ գիտնականներու կանխատեսումին, 27 յուլիսին տեղի ունենալիք գեղարուեստական յայտագիրը կրնայ որոշ չափով խանգարուիլ անձրեւուն տեղումին պատճառով:

Այս յայտարարութիւնը կատարած է անգլիական օդերեւութաբանական գրասենեակի պատասխանատու Պերի Կրոմետ:

Յամենայն դէպս, ըստ անգլիական մամուլին, անձրեւը գործադրուելիք գեղարուեստական յայտագիրին վրայ կրնայ չազդել, որովհետեւ այդ յայտագիրը ձեւաւորող ընդհանուր պատասխանատու Տենի Պոյլ արդէն իսկ որոշած է արուեստական անձրեւ տեղացնել:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժաք Ռոկը իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Լոնտոնի փողոցներուն մէջ մեծաթիւ զինուորներու ներկայութիւնը բնական երեւոյթ մըն է:

«Այն, ինչ որ դուք կը տեսնէք, շատ սովորական պէտք է ըլլայ ձեզի համար, եւ այդքան մեծաթիւ զինուորներու ներկայութիւնը` Լոնտոնի փողոցներուն մէջ, պէտք չէ իր վատ անդրադարձը ունենայ ձեր վրայ: Անվտանգութիւնը ողիմպիական խաղերուն գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է: Ըստ ինծի, ատիկա մարզիկներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար ոչ մէկ ձեւով անբնական է», ըսաւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահը:

ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ողիմպիական կոմիտէն որոշում տուաւ, որ ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան ընթացքին երկրին հաւաքականին դրօշակը բարձրացնելու պատիւին արժանացնել թենիսմեն Սթանիսլաւ Վաւրինքան:

Աթէնք-2004 եւ Փեքին-2008 ողիմպիականներուն Զուիցերիոյ դրօշակը բարձրացուցած թենիսմեն Ռոժէ Ֆետերեր այս անգամ չուզեց այս մէկը կատարել:

«Դրօշակակիր ըլլալը մեծ պատիւ մըն է ինծի համար: Զուիցերիոյ խումբին կը մաղթեմ խմբային ոգի, որ մեզի թոյլատրեց Ռոժէ Ֆետերերի հետ միասին ոսկի մետալներու տիրանալ Փեքինի մէջ», ըսաւ Վաւրինքա:

ՀՌՈՄԻ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը յոյս յայտնեց, որ ուրբաթ, 27 յուլիսին, ողիմպիական խաղերու բացման օրուան առիթով, ամբողջ աշխարհի տարածքին վերջ գտնեն պատերազմական գործողութիւններն ու մարդասպանական արարքները եւ բոլորը ապրին խաղաղութեան մէջ:

Նշենք, որ այս լուրը հրապարակած է Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանը:

«ՀԻԹՐՈՒ» օդակայանի հսկողութեան գլխաւոր պատասխանատու Մարք Օուըն, «Պի. Պի. Սի.» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ողիմպիական խորհրդանիշներով աւելի քան տասը հազար յուշանուէրներու դրօշակներ գրաւուած են:

Այդ կեղծուած յուշանուէրները Անգլիա հասած են Չինաստանէն:

Անոնք կ՛արժեն շուրջ 100 հազար սթերլինկ:

 

Share this Article
CATEGORIES