Եուրա Մովսիսեանի Տուպլէն Յաղթանակ Ապահովեց Քրասնոտարի

Եուրա Մովսիսեան

Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր-լիկ»-ի նոր տարեշրջանին ծիրին մէջ, Քրասնոտար իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռուսիոյ բաժակակիր Ռուպին Քազանը:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ դաշտ ներկայացաւ հիմնական կազմին հետ, կերտեց Քրասնոտարի յաղթանակը` շնորհիւ իր իրագործած տուպլէին (41-րդ եւ 61-րդ` փենալթիով):

Ռուպին իր միակ կոլը նշանակեց Մովսիսեանի նշանակած երկրորդ կոլէն չորս վայրկեան ետք` փենալթիով:

Share this Article
CATEGORIES